Խմբագրական
Վասն Հայրենեաց
(Վարդանանց Տօնին Առիթով)
Դժուար է պատկերացնել հայոց պատմութիւնը` առանց Վարդանանց դիւցազնամարտին: Դժուար է պատկերացնել մինչեւ իսկ Հայ Հոգին:
Վարդանանցը խտացեալ հայոց պատմութիւնն է: Հայկի ծառացումն է առասպելական բռնապետին` Բելի դէմ: Հայ ժողովուրդի` անմահութեամբ ծանրաբեռն այս «փոքրիկ կարաւանին» ընդվզո՛ւմն է իր դաժան ճակատագրին դէմ:
Մեծն Մեսրոպի լեռնացումն է հայ մտքի ու հայ հոգիի այլասերման ջանադիր օտար ազդեցութեանց աշխարհասասան յորձանուտին դէմ:
Վարդանանցո՛վ է, որ հայ ժողովուրդը ինքզինք կ՛ըլլայ, ապրելու եւ պայքարելու սեփական ոճ կը ստեղծէ եւ իր անջնջելի դրոշմը կը դնէ ժամանակին ու տարածութեան վրայ. ոտքի՛ կը կանգնի հոգեպէս եւ իր ոգեկան ու իմացական ինքնուրոյն դիմագիծը կը յօրինէ, կ՛արիանայ, կ՛աւարայրանայ:
Վարդանանց ազատամարտը Աւարայրի մէջ չսկսաւ եւ, բնականաբար, նաեւ Աւարայրի մէջ իր աւարտին չհասաւ:
Ճակատագիրը ուզեց եւ պատմութիւնը այնպէս տնօրինեց, որ բովանդա՛կ հայոց պատմութիւնը իւրատիպ Վարդանանք մը ըլլայ: Եւ Վարդանա՛նք եղաւ: Եւ եղաւ լոյս, եղաւ պայծառութի՛ւն հայկական:
Եղաւ հայկական հերոսապատում, անմեկնելի ու անվախճան ոգեղինացում, մեծացում, խորախորհուրդ մարդկայնացում, հայացում:
«Վասն հայրենեաց» նշանախօսքով մարտի իջան Վարդանանք եւ այդ նշանաբանին տակ ստանձնեցին պաշտպանութիւնը.
1.- Հայ խղճի ազատութեան,
2.- Հայ մտքի անկախութեան,
3.- Հայ հոգիի միութեան:
Որովհետեւ անհրաժեշտ էր նախ ազատագրել ներքին մարդը: Անհրաժեշտ էր ամէնէն առաջ թօթափել Հայ Խղճին, Մտքին ու Հոգիին վրայ ծանրացող օտար բռնապետական շղթաները:
Որովհետեւ նախ եւ առաջ հոգեպէս կանգուն, իր խղճով, մտքով ու հոգիով ազատագրուած ժողովո՛ւրդը միայն կրնար տէր կանգնիլ իր պատմական առաքելութեան, տնօրինել իր սեփական ճակատագիրը:
Հայ մարդուն ամբողջական ազատագրութիւնը միայն կրնար ճամբայ հարթել հայոց հայրենիքի ազատութեան, հայ մշակոյթի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի միութեան ու յաւերժացման:
Ազգային խոր գիտակցութեան, հաւաքական կամքի, պատասխանատուութեան ու ցեղային արժանապատուութեան խոր զգացո՛ւմն է, որ անպարտելի կը դարձնէ ժողովուրդները:
Վարդանանց դիւցազնամարտը այդ գիտակցութեան գերազանցօրէն հզօր արտայայտութիւնն է` բարոյական ու զինուորական մարզի մէջ:
Մնայո՛ւն արտայայտութիւնը սակայն, որ իր կնիքը պիտի դնէր նաեւ հայոց պատմութեան հետագայ դարերուն վրայ, պիտի դառնար անկրկնելի երեւոյթ, ոգեկան անհատնում ուժ ու ներշնչումի անսպառ աղբիւր:
Ահա թէ ինչո՛ւ Վարդանը դադրած է սոսկական անհատ կամ հերոս մը ըլլալէ եւ դարձած է խորհրդանիշ: Խորհրդանի՛շը հայութեան մարտունակ ու ազատատենչ ոգիին եւ պսակաւորը` ցեղային անմեռ ու կենարար առաքինութեանց:
Հայկ, Մեսրոպ, Վարդան եւ Արամ: Ահա՛ մարդկային ու ազգային մեծութեանց այն քառեակը, որ իրաւամբ կը կազմէ հայոց պատմութեան Քառագագաթ Արագածը:
Այս «Արագած»-ին կը դիմենք ամէն անգամ, որ վտանգի տակ է հայրենիքը, ամէն անգամ, որ վտանգի տակ են` հայ հոգին, հայ միտքը, հայ մշակոյթը:
Ամէն անգամ, որ կը դեդեւենք, կը նահանջենք, կը տկարանանք:
Անո՛նց է, որ կը սեւեռին մեր աչքերը` իբրեւ ամրախարիսխ կայմերը մեր ազգային մրրկավար նաւուն, որպէսզի կարենանք պահպանել մեր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ մեր աչքերը միշտ հաղորդ մնան Լուսաւորչի անմեռ կանթեղի ոգեկան շողարձակումներուն:
Անոնցմո՛վ է, որ կը լեցուի հայոց պատմութիւնը, անոնցմով կը սնանի հայ մշակոյթը, անոնցմով կը լիանայ հայ հոգին եւ թեւ ու թռիչք կ՛առնէ հայ ստեղծագործ հանճարը:
Այս «Արագածն» է հայոց պատմութեան Հրամանատարը, որ կը հոյակերտէ հայ կեանքի մնայուն Աւարայրը, ուր միշտ յառաջ կ՛երթայ հայկական անպարտելի Այրուձին:
Փա՜ռք Վարդանանց, յաւերժական փա՛ռք հայոց պատմութեան յաւերժական Այրուձիին: