Հալէպահայ Կեանք
Մարաշի Աղէտին
46-րդ Տարելիցը
Կիրակի, 13 փետրուար 1966, Մէյտանի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մարաշի աղէտին 46-րդ տարելիցին առիթով: Պատարագեց Մեսրոպ վրդ. Աշճեան: Նախագահեց եւ քարոզեց առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս: Յաւարտ Ս. պատարագի գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը:
Տեառնընդառաջ
Երեկոյեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Տեառնընդառաջի տօնին նախատօնակը տեղի ունեցաւ աւանդական կարգով ու սովորութիւններով:
Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը
Երեքշաբթի, 15 փետրուարին, Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Յաւարտ Ս. պատարագի, նախագահութեամբ ասորւոց Դիոնիսիոս սրբազանին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Բերիոյ թեմի հանգուցեալ քահանայից յիշատակին:
Ապա առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, կազմակերպութեամբ քահանայ հայրերու, տեղի ունեցաւ յարգանքի հանդիսութիւն մը, նուիրուած Առաջնորդ Սրբազանին` իր անուան տօնախմբութեան առիթով: Խօսեցան Ատոմ քհնյ. Քեհեայեան եւ Խորէն քհնյ. Ներսէսեան: Երգեցին Գարեգին եւ Զարմայր քահանայ հայրեր: Խօսք առաւ նաեւ Մեսրոպ վարդապետ: Ասորւոց առաջնորդին շնորհաւորական խօսքէն ետք առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին ու գործունէութեան ուղղուած գնահատանքի խօսքերուն համար:
Կէսօրին սրբազան հայրը ճաշկերոյթով պատուեց ներկաները:
Յիշատակի Հանդէս
Երեքշաբթի, 15 փետրուարի երեկոյեան, Նոր Գիւղի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նոյն եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդէս մը` նուիրուած Ղեւոնդեանց:
Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետուհի Ռոզին Կիրակոսեան: Գործադրուեցաւ՛ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Բանախօսեց Մեսրոպ վարդապետ:
Վարդանանց Տօնը
Հինգշաբթի, 17 փետրուարին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, հայկական բոլոր վարժարանները փակ մնացին: Եկեղեցիներու մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ խօսուեցան յաւուր պատշաճի քարոզներ:
Երեկոյեան, Համազգայինի կազմակերպութեամբ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց նուիրուած հանդիսութիւն մը` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր:
Բացման խօսքը ըրաւ Պարգեւ Միսիրեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Բանախօսեցին Յ. Նաճարեան (Ձորեցի) եւ Մեսրոպ վարդապետ:
Սրբազան հօր փակման խօսքէն ետք հանդէսը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով:
Երանաշնորհ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի
Գ. Տարելիցը
Շաբաթ, 19 փետրուար, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ յատուկ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանման երրորդ տարելիցին առիթով:
Պատարագեց եւ քարոզեց Մեսրոպ վարդապետ:
Յաւարտ Ս. պատարագի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի աշակերտութիւնը լուռ տողանցեց Ճեմարանի բակին մէջ բարձրացած հանգուցեալ հայրապետին կիսանդրիին առջեւէն:
ԹՂԹԱԿԻՑ