Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Փետրուար 1966)

Փետրուար 22, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Արդիական Պետութեան Մը
Կերտումին Նախապայմանը

Նախագահ Հելուի վարչակարգը, նշտրակը ձեռքին, կը կտրէ ու կը նետէ լիբանանեան վարչութեան վիրաւոր մասերը` հիւանդութիւնը արմատէն բուժելու գովելի նախանձախնդրութեամբ:

Գլուխներ, որոնք մինչեւ հիմա անհպելի կը կարծուէին, պաշտօնեաներ, որոնք սանձարձակ կ՛ասպատակէին իրենց հոգածութեան յանձնուած պաշտօնատուներուն մէջ, սարսափի մատնուած են:

Անոնք, որոնց խիղճը հանգիստ չէ, որոնք առնուազն թերացած են իրենց պարտականութեան մէջ, եղած են զեղծումի եւ կաշառքի ասպետներ, հասկնալի ահ ու դողով մը կը սպասեն տապարի հարուածին:

Արդէն բազմաթիւ պաշտօնեաներ իրենց հրաժարականը ներկայացուցած են` օգտուելու համար տրուած պատեհութենէն, երեւութապէս փրկելու համար իրենց վարկը:

Կասկած չկայ, որ լիբանանեան վարչութեան գրեթէ բոլոր սպասարկութիւններուն մէջ օրէնքի կարգ անցած է կաշառակերութիւնը, առանց որուն` որեւէ գործ կարելի չէ կարգադրել:

Հելուի վարչակարգը վճռականօրէն որոշած է վերջ տալ այս անտանելի կացութեան:

Բարեկարգութեան որոշումներուն անխնայ գործադրութենէն ետք ոչ մէկ պաշտօնեայ  պիտի համարձակի այլեւս վարուելու այնպէս, ինչպէս կը վարուէր ցարդ: Կեդրոնական քննութեան վարչութիւնը խիստ հսկողութեան տակ պիտի առնէ բոլոր վարչութիւնները:

Առաջին հերթին շահատուրքի գանձումին բաժամունքը հիմնովին պիտի մաքրուի: Օրէնքն ու կանոնը տէր ու տիրական պիտի ըլլան ամէնուրեք:

Արդիական պետութեան մը կերտումը անհրաժեշտ է, բայց առանց առողջ վարչութեան մը կարելի չէ տիպար պետութիւն մը ստեղծել: Տնտեսական եւ ընկերային զարգացման բոլոր գործերը կախում ունին պետական պաշտօնեաներուն բարեխղճութենէն եւ գործին հանդէպ անոնց ցոյց տալիք նուիրումէն:

Այս հիմնական ճշմարտութիւնն է, որ ըմբռնած են ու կը գործադրեն Լիբանանի վարիչները` ոչ մէկ խոչընդոտի առջեւ կանգ առնելով:

Անձերու փոփոխութենէն աւելի կարեւորը, այս պարագային մտայնութեանց փոփոխութիւնն է:

Ներկայիս կատարուողը այդ հիմնական աշխատանքն է:

X

 

Նախարարաց Խորհուրդին
Երէկուան Ժողովը

Նախարարաց խորհուրդը գումարուեցաւ երէկ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ իր խօսակցութեանց մեծ մասը յատկացուց ընդհանուր բարեկարգութեան հարցին:

Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ բարեկարգութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ վարչութեամբ, այլ «պէտք է միաժամանակ ընդգրկէ պետութեան քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական բոլոր գործերը, նոյնինքն` ծիրին մէջ խորհրդարանական վարչաձեւին, որուն հանդէպ ամբողջական հաւատք ունինք, եւ որուն զօրացման համար անդադար պիտի աշխատինք»:

Նախագահը աւելցուց, թէ այս բարեկարգութիւնը պէտք է վերաբերի նաեւ բոլոր անոնց, որ իշխանութիւնը կը վարեն ու ինք, նախագահ ընտրուելէն ի վեր, նախապատրաստական ուսումնասիրութիւններ կատարած է` ճշդելու համար օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ պիտի դատուին հանրապետութեան նախագահն ու նախարարները, համաձայն սահմանադրութեան 60-րդ, 70-րդ, 71-րդ եւ 80-րդ յօդուածներուն:

Նախագահը յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի գործակցի խորհրդարանին հետ եւ կատարուած քննադատութիւններու լոյսին տակ պիտի աշխատի անհրաժեշտ երաշխիքները ստեղծել` ընտրական գործողութիւնները ամէն զեղծումէ ձերբազատելու համար:

Այս հիման վրայ նախարարաց խորհուրդը որոշեց.

1) Կազմել յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետին եւ մասնակցութեամբ արդարութեան, ազգային կրթութեան եւ ծրագրի նախարարներուն: Այս յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նախարարներու պատասխանատուութիւնը ճշդող օրինագծերը պատրաստել:

2) Խորհրդարանին խորհուրդը հարցնել սահմանադրական միւս յօդուածներուն կիրարկման, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու ձեւին շուրջ:

Միւս կողմէ, օրակարգի հարցերուն անցնելով, նախարարաց խորհուրդը տուաւ հետեւեալ որոշումները.

1) Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը բաժնել երկու ինքնավար նախարարութիւններու: Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեանց ու ծրագրի նախարարները այս երկու նախարարութեանց մասին օրինագիծ մը պիտի պատրաստեն:

2) Ստեղծել զբօսաշրջութեան նախարարութիւն մը եւ վերակազմել ուղղութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնները:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մրցանակներ Շահած Թրիփոլիի «Ֆայհա» Երգչախումբը Կը Սկսի Տարածուիլ Դէպի Պէյրութ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?