Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Փետրուար 1966)

Փետրուար 17, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Վարդանանց
Տօնակատարութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 17 փետրուար 1966, Սրբոց Վարդանանց ազգային տօնը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով:

Բոլոր հայ վաճառատուներն ու գործատեղիները փակ էին: Պետական եւ օտար հաստատութիւններու եւ ընկերութիւններու հայ պաշտօնեաներն ու լիբանանահայ վարժարաններու բոլոր աշակերտները անխտիր արձակուրդի մէջ էին:

Հայաստանեայց առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վասն հայրենեաց եւ հաւատքի նահատակուած հերոսներու յիշատակին:

Հակառակ տեղացող անձրեւին` եկեղեցիներն ու հանդիսասրահները լեցուն էին հաւատացեալներով:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սրբազան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոս: Պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:

Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհարանի դահլիճին մէջ, վեհափառ հայրապետին անուան տարեդարձը շնորհաւորող ուղերձ մը կարդացուեցաւ սաներու կողմէ եւ միաբանութեան կողմէ խօսեցաւ Ներսէս ծ. վրդ. Բախտիկեան: Ապա, վեհափառ հօր շնորհակալութեան եւ հայրական օրհնութեան խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ շնորհաւորական աջահամբոյր:

Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ հանդիսաւորապէս: Եկեղեցւոյ մուտքի փողոցին վրայ լիբանանեան դրօշներով զարդարուած յաղթական կամար մը կանգնեցուած էր:

Չորեքշաբթի երեկոյեան ազգային «Նուպարեան» վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ պատրաստուած եւ Վարդանանց փառքը պանծացնող գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ: Յայտագիրը բարձրախօսներու միջոցով լսելի դարձաւ ամբողջ թաղին մէջ:

Հինգշաբթի, հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Գնել եպիսկոպոս: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տաթեւ վրդ. Սարգիսեան:

Հազմիէի «Մխիթարեան» երկրորդական վարժարանին մէջ մեծաշուք հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ Վարդանանց յիշատակը:

Վարժարանի եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ պատարագեց Պետրոս-Իգնատիոս ԺԶ. պատրիարք: Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեւոր տէրը նախագահեց «Մխիթարեան ասուլիս»-ի կազմակերպած Վարդանանց փառատօնի հանդիսութեան: Բանախօսեցին Վարդան վրդ. Աշգարեան եւ Վազգէն Այգունի:

Կէսօրէ ետք, ժամը 3:00-ին, պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, տեղի ունեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կազմակերպած Վարդանանց տօնակատարութիւնը: Բանախօսեց Հրաչ Տասնապետեան: Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը:

Ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան կազմակերպած Վարդանանց տօնակատարութիւնը` Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ  «Ռոստոմ» կոմիտէի կազմակերպած Վարդանանց եւ Փետրուար 18-ի ապստամբութեան նուիրուած շքեղ տօնակատարութիւնը: Նախագահեց Երուանդ Փամպուքեան: Բանախօսեց Սարգիս Զէյթլեան:

Ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ երիտասարդաց քրիստոնէական ընկերակցութեան կազմակերպած Վարդանանց տօնակատարութիւնը` հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի եւ նախագահութեամբ վեր. Յովհաննէս Ակներեանի:

Բանախօսեցին` վեր. Խրլոբեան, Յ. Կէօվճէյիզեան եւ պատ. Տ. Տարագճեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Տօնակատարութեանց շարքին, չորեքշաբթի, 16 փետրուար, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գերմանիկ» սրահին մէջ (Նոր Մարաշ), տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի ՀԿԵՄ-ի կազմակերպած Վարդանանց տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի: Բանախօսեցին հայր Վարդան Աշգարեան եւ Սարգիս Մոմճեան:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?