Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1966)

Փետրուար 13, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Տաղանդաւոր Դերասան
Կրեկուար Ասլան

Փարիզեան բեմերու վրայ գնահատուած ֆրանսահայ դերասան Կրեկուար Ասլան (Գրիգոր Ասլանեան) 1963-էն ի վեր իր գեղարուեստական գործունէութիւնը առաւելապէս կեդրոնացուցած է շարժանկարի աշխարհին մէջ: Հռչակաւոր աստղերու հետ Ասլան դարձուցած է բազմաթիւ ժապաւէններ: 1964-ին Ասլան Լոնտոնի մէջ փայլուն յաջողութեամբ խաղացած է «Էմէ՞ վու լէ ֆամ» եւ «Տը ելօ Ռոլզ Ռոյզ» ժապաւէններուն մէջ` իբրեւ խաղընկեր ունենալով Ժան Մորոն ու Ռեքս Հարրիսընը:

Փարիզահայ արուեստագէտը, դարձեալ Լոնտոնի մէջ կարեւոր դեր ստանձնած է «Տը պրայթ սան» եւ «Տը Մէյն Ճանս» ժապաւէններուն մէջ: Առաջին ժապաւէնին մէջ իր խաղընկերը եղած է տիկ. Պոկարթը: Իսկ Փարիզի մէջ Ասլան շատ յաջող դեր մը ստանձնած է «Լէ կարիլ» եւ Պելկրատի մէջ` «Մարքօ Փոլօ» ժապաւէններուն մէջ:

1965-ին հայազգի արուեստագէտը, Հոլիվուտ հրաւիրուելով, Ճոն Սիպերկի հետ խաղացած է «Մոմենթ թու մոմենթ»-ի եւ Մատրիտի մէջ` Անթոնի Քուինի, Ալեն Տըլոնի եւ Քլոտիա Քարտինալէի հետ` «Տը սենթուրիա» նշանաւոր ժապաւէնին մէջ:

Տաղանդաւոր հայ արուեստագէտը Լիզպոնի եւ Հռոմի մէջ Մելինա Մերքուրիի, Սանթրա Տիի եւ Թոնի Ֆրանչիոզայի հետ իր փայլուն մասնակցութիւնը բերած է «Է մեն քուտ կեթ քիլտ» ժապաւէնին:

Միջազգային Փառատօնին
Քալիֆորնիոյ Հայերուն Մասնակցութիւնը

Քալիֆորնիոյ մէջ ժողովրդական միջազգային փառատօն մը տեղի ունեցաւ վերջերս` մասնակցութեամբ հայերու:

Պետութիւններու այս փառատօնին առիթով միջազգային «գիւղ» մը կառուցուեցաւ բազմաթիւ տաղաւարներով: Ամէն երկրի աւանդական կերակուրներէն նմուշներ հրամցուեցան այցելուներուն: Հայերը «փաքլաւա», փիլիփեանցիք «փանզիթ», գերմանները «շոքոլա», փորթուգալցիք գինի եւ շամփանիա հրամցուցին: Ամէն երկիր ներկայացուց նաեւ իր ժողովրդական պարերը: Մեծ յաջողութիւն գտան հայկական պարերը` իրենց գունագեղ տարազներով:

Լուսին Ամարա Փարիզի Մէջ
Պիտի Երգէ «Ֆիկարոյի Հարսնիքը»

Պոսթընի համանուագային նուագախումբը, խմբավարութեամբ Էրիք Լայնստորֆի, Մեթրոփոլիթըն օփերային կ՛ընկերանայ Փարիզ` մարտի սկիզբը:

Յայտագիրը կը բաղկանայ գլխաւորաբար «Ֆիկարոյի հարսնիք»-էն` դերակատարութեամբ հայազգի աշխարհահռչակ երգչուհի Լուսին Ամարայի:

«Թայմզ» Ներբողը Կը Հիւսէ Մեծանուն
Երգչուհի Լիլի Ղուկասեանի

Տոնիզեթթիի անծանօթ գործերէն` «Ռոպերթօ Տըսրէօ» օփերայի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ այս տարի «Քառնեկի հոլ»-ի մէջ` նախաձեռնութեամբ Ամերիկեան օփերայի ընկերութեան: Հայազգի մեծանուն երգչուհի Լիլի Ղուկասեան, Էլիզապէթի եւ Էսեքսի պատմութեան մէջ, մեծ յաջողութեամբ ստանձնեց Նոթինկհամի դքսուհիին դերը: Այս առթիւ «Թայմզ» Լիլի Ղուկասեանին նկարը իր առաջին էջին վրայ տալով` ներբողը կը հիւսէ հայազգի տաղանդաւոր երգչուհիին:

Հայազգի Երգիչ
Միքայէլ Քըրմոյեան

Երգիչ Միքայէլ Քըրմոյեան իշխան Պունիսի դերը ստանձնեց Ճորճ Էպըթի «Անէա» օփերային մէջ:

Մեթրոփոլիթըն օփերայի աստղ Ճորճ Լանտըն կ՛երգէր ցարդ իշխան Պունինի դերը, սակայն անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառով շրջանի մը համար քաշուիլ հարկադրուեցաւ երաժշտական ասպարէզէ: Ճորճ Էպըթ մեծ երգիչին յարմարագոյն փոխանորդը նկատեց Միքայէլ Քըրմոյեանը:

Քըրմոյեան հանրածանօթ է արդէն օփերայի շրջանակներուն:

Լոս Անճելըսի օփերայի պասերէն է եւ Մեթրոփոլիթըն օփերայի սթիւտիոյին մէջ ալ յաճախ երգեց ան «Սեւիլեան սափրիչ»-ի, «Ֆաուսթ»-ի եւ «Մոգական սրինգ»-ի երգերը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արդեօ՞ք Գտնուած Է Մեր Արեգակնային Դրութեան 9-րդ Մոլորակը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?