Հալէպահայ Կեանք
«Էմմանուլ» Երիտասարդական
Միութեան Երեկոն
Չորեքշաբթի, 26 յունուարի երեկոյեան, Էմմանուէլ եկեղեցիի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի երեկոյ մը` կազմակերպութեամբ «Էմմանուէլ» երիտասարդական միութեան եւ մասնակցութեամբ քաղաքիս լաւագոյն ուժերուն:
Երեկոյթին նախագահեց Պարգեւ Միսիրեան:
Յայտագրին վրայ կային` երգ, արտասանութիւն, նուագ եւ գծագրութիւն:
Երգով ելոյթ ունեցան` Ալին Ագկիւլեան, Լուսին Սամուէլեան եւ Սարգիս Սարգիսեան, խլելով երկարատեւ ծափահարութիւններ:
Արտասանեցին` Աւետիս Մանտալեան, Ժան Մէյխանաճեան, Պեթի Ճիզմեճեան եւ Քնարիկ Գէորգեան: Բոլոր արտասանողներն ալ արժանացան գնահատանքի, ի մասնաւորի` Ք. Գէորգեան եւ Ժ. Մէյխանաճեան, որոնք իսկապէս առանձին յիշատակութեան արժանի են:
Նուագեցին` Արաքսի Աբէլեան, Արշակ Քալեմքարեան, Վահէ եւ Զարեհ Տարագճեաններ, Վերա եւ Յարութիւն Անանեաններ հաճելի պահեր ապրեցուցին հանդիսականներուն:
Տոքթ. Ռ. Ճեպեճեանի հսկողութեան տակ, Մինա Նահետ, Պարգեւ Եագուպեան, Արշակ Պարտիզպանեան եւ Ժան Չոլաքեան բեմին վրայ կատարեցին գծագրութիւն նոյն նիւթին վրայ: Գծագրութեան ընթացքին յարգելի բժիշկը հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ նկարչութեան մասին, բացատրեց անոր գիծերն ու ձեւերը եւ պատասխանեց իրենց ուղղուած հարցումներուն` ներկաներուն կողմէ:
Այս շահեկան ձեռնարկը վերջ գտաւ վերապատուելի Յովհաննէս Քարճեանի օրհնութեան աղօթքով:
Համազգայինի
Երաժշտական Երեկոն
Չորեքշաբթի, 26 յունուարի երեկոյեան Համազգայինի «Մարտիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական հարցամրցումի երեկոյ մը` կազմակերպութեամբ միութեան գեղարուեստի յանձնախումբին:
Տեղւոյն վրայ կազմուեցան մրցորդ երկու խումբեր` բաղկացած չորսական հոգիներէ, որոնք պատասխան կու տային դատական մասնաւոր կազմի մը կողմէ իրենց ուղղուած երաժշտութեան վերաբերեալ հարցումներուն:
Բաղդատաբար նուազ նիշ ստացողները կը զտուէին, մրցումէն դուրս կը մնային: Վերջաւորութեան մնացին տոքթ. Վահան Զօպեան եւ Զաւէն Սապունճեան. այս վերջինը, աւելի հմուտ երաժշտական ճիւղին, տարաւ յաղթանակը եւ իբրեւ նուէր ստացաւ արժէքաւոր երգապնակ մը, զոր նուիրեց Համազգայինի: Երկրորդ հանդիսացաւ տոքթ. Վ. Զօպեան:
Այս նորաձեւ եւ օգտակար երեկոյթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց եւ արձանագրեց յաջողութիւն մը միութեան հաշուոյն:
ԹՂԹԱԿԻՑ