Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Փետրուար 1966)

February 23, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեանքը Քարանթինայի Մէջ

Քարանթինայի շրջանը իր անցեալի շէն կեանքը չունի այսօր: Եկեղեցւոյ եւ վարժարանի անմիջական մերձակայքը գտնուող տախտակաշէն հիւղակներու մէջ հազիւ 150-200 ընտանիք կ՛ապրի:

Ազգային «Մեսրոպեան» վարժարանը, որ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կը գտնուի, տասնեակ տարիներու երկար անցեալ մը ունի: Մանկապարտէզի բաժինով հնգամեայ վարժարան է: Եկեղեցիին պէս, մինչեւ այսօր կը մնայ թիթեղածածկ: Դասարաններու պատերը քարաշէն են: Օգտուած է «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ընձեռած բարիքներէն:

Բաղդատմամբ անցեալ տարիներուն, ազգային «Մեսրոպեան» վարժարանը ուսումնական ընթացիկ այս տարեշրջանը (1965-1966) կը բոլորէ աշակերտական նուազագոյն քանակով` մօտ 200 երկսեռ աշակերտ: Այս նուազման գլխաւոր պատճառը, հրդեհներու պատճառով ծնողներու յուսալքումն է, որ զանոնք կը ստիպէ տեղափոխուելու ամէն ինչով աւելի տանելի այլ թաղամասեր:

Մինչեւ այսօր, բարեբախտաբար, գտնուած են սրտցաւ ազգայիններ ու բարեսիրական միութիւններ, որոնք մեղմած են ու կը շարունակեն մեղմել նիւթական  դժուարութիւնները աղքատիկ այս շրջանի աղքատիկ վարժարանին: Բարերար այդ ոգիին շնորհիւ` իսկապէս փողոցէ կը փրկուին բազմաթիւ հայ մանուկներ:

Ազգապատկան հողի մը վրայ սեփական եկեղեցի ու դպրոց ունենալու հիմնական մտահոգութիւնը կը շարունակէ յուզել նաեւ այսօրուան պատասխանատու ազգայիններուն միտքը: Պէյրութահայութեան ամենամեծ թաղամասն է այս շրջանը եւ այսօր ամենատխուր պատկերը կը պարզէ:

Աւելի քան 45 տարիներու անցեալ ունեցող այս թաղամասը բառին իսկական առումով թողլքուած է իր վիճակին եւ կրկնուող յաճախակի հրդեհներն ու ապականած միջավայրի խաթարիչ պայմանները խոր յուսահատութեան մատնած են բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին փոխադրուած են այլ թաղեր:

Երբեմնի հինգ-վեց հարիւր աշակերտ ունեցող վարժարանը եւ ազգային եռուն գործունէութեամբ ու կեանքով լի այս շրջանը անմիջական եւ հրամայական կարիքն ունի վերանորոգուելու, վերակենդանանալու` սեփական հողի մը վրայ բարձրացնելով նոր եկեղեցի ու նոր դպրոց:

Կ. ԹԱԹՈՒԼԵԱՆ

 

Իրաքի Հայ Գաղութը

Առաջին յիշատակութիւնը հայերու մասին եղած է 521-ին, պարսից Դարեհ աշխարհակալին կողմէ, «Բիսութանի արձանագրութիւններ»-ուն մէջ, ուր յիշատակուած է, որ հայերը հինգ անգամ ապստամբած են իրեն դէմ եւ հինգ ճակատամարտեր մղած` Հայկական Միջագետքի մէջ: Նոյն արձանագրութեան մէջ (սեպագիր) Դարեհ յիշատակած է, թէ Բաբելոնի մէջ իր դէմ ապստամբած է Արախա անունով հայ մը, որ ինքզինք Բաբելոնի թագաւոր հռչակած է: Դարեհ ճզմած է այս ապստամբութիւնը եւ սպաննած` Արախա հայը:

Հետագային Մեծն Տիգրան արշաւած եւ նուաճած է Միջագետքը: Հելլէն պատմագիր Պլուտարքոս այսպէս կը գրէ այդ մասին. «Հայոց արքայից արքայ Տիգրանիւս երկրորդ, նորանոր ուժեր կազմակերպելով, վճռական քանի մը գրոհով գրաւեց Բաբելոնը եւ կցեց իր երկրին»:

Հայ գաղութ գոյութիւն ունէր նաեւ արաբական խալիֆայութեան շրջանին: Խալիֆաներու հաւանութեամբ կազմուեցան Բագրատունեաց, Արծրունեաց եւ Կարսի հայոց թագաւորութիւնները: Թագաւոր ու նախարարներ Պաղտատ կը կանչուէին:

Իրաքի հայ գաղութը ձեւ ու մարմին առաւ 17-րդ դարուն, երբ Շահ Աբաս բռնագաղթի ենթարկեց Արարատեան դաշտի, Շիրակի, Բագրեւանդի, Պիթլիսի, Վասպուրականի հայութիւնը եւ բերաւ բնակեցուց Պարսկաստանի Մազանդարանի եւ Սպահանի շրջանները: Այս գաղթականներէն մաս մը, հետագային, գլխաւորապէս Նադիր Շահի բռնատիրութեան օրերուն (1736-1748), անցաւ Իրաք եւ բնակութիւն հաստատեց Պասրայի եւ Պաղտատի մէջ:

1915-ի Եղեռնէն ճողոպրած, մասամբ ալ Վասպուրականի` Ուրմիոյ վրայով դէպի Պատքուպա նահանջած հայ զանգուածներ Իրաք անցան:

Այժմ նախկին հայերը կը կոչուին «հին հայեր», իսկ 1915-էն ի վեր եկածները` «նոր հայեր»:

Իրաքի հայ գաղութը այսօր կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը. Պաղտատի մէջ կան մօտ 10,000 հայեր, Պասրայի մէջ` 3-4000, Մուսուլ` 3000, Քերքուկ նաւթային շրջանի մէջ` մօտ 1000 եւ զանազան վայրերու մէջ աւելի փոքրաթիւ հայեր: Ընդամէնը` 20 հազար հայեր:

Հայերը կը զբաղին մեծ մասամբ արհեստներով, առեւտուրով, պետական ծառայութեամբ եւ մասնագիտութեամբ:

Իրաքի հայութեան հայկական կեանքը կ՛արտայայտուի գլխաւորապէս դպրոցներով: Պաղտատի մէջ կան չորս հայկական դպրոցներ, որոնցմէ մէկը` միջնակարգ, ազգային «Միացեալ» վարժարանը, որ ունի 1100-է աւելի աշակերտ: Փոքր դպրոցներ կան նաեւ Պասրայի, Մուսուլի, Քերքուկի, Զախոյի եւ Հապանէի մէջ:

Դպրոցներու մէջ կը գործադրուի Իրաքի պետական-կրթական ծրագիրը, հետեւաբար հայ լեզուն կը դասաւանդուի սահմանափակ ժամերով, իսկ հանրակրթական առարկաները` արաբերէնով:

Ա. Պ.  

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վրաստան. Նինոծմինտայի Մէջ Մրցանքին Յաղծած Է Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Քանդակը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.