Ամերիկայի Հայ Դատի
Յանձնախումբին Գործունէութիւնը
Ամփոփ Գիծերու Մէջ
Տեսակցութիւն Մը Սեդրակ Մինասի Հետ
Օգտուելով Հայ դատի Ամերիկայի Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Սեդրակ Մինասի Լիբանան այցելութենէն` տեսակցութիւն մը ունեցանք անոր հետ` Հայ դատի կապակցութեամբ Մ. Նահանգներու մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին:
Ամբողջ տեսակցութեան ընթացքին խրախուսիչ լաւատեսութիւն մը հաստատեցինք Ս. Մինասի մէջ, լաւատեսութիւն մը, որ կը բխէր Հայ դատին հանդէպ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն եւ Ամերիկայի հանրային կարծիքին մօտ նկատուած հետաքրքրութենէն:
Մեր տեսակցութենէն` քաղեցինք հետեւեալ ուշագրաւ տեղեկութիւնները.
Ա. Յիսնամեակի առիթով, անկախաբար զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած համաժողովրդային ցոյցերէն, գրեթէ միշտ կազմակերպուած հայկական բոլոր հոսանքներու գործակցութեամբ, ինչ որ դրական երեւոյթ մըն է ամերիկահայ կեանքին մէջ, Հայ դատի յանձնախումբը ունեցած է եռուն եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն մը` թրքական ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները միջազգային քաղաքական զանազան շրջանակներուն ներկայացնելու մարզին մէջ:
Սեդրակ Մինաս շեշտը դրաւ յատկապէս երկու ձեռնարկներու վրայ.
Առաջին` ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան աղօթքով մը բացումը կատարած է ամերիկեան Քոնկրեսին եւ ի մէջ այլոց, խօսած է թրքական ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի արդարութեան մասին: Շատ մը քոնկրեսականներ մօտէն հետաքրքրուած են հայ ժողովուրդի իրաւունքով եւ քաղաքական ճակատագրով:
Երկրորդ` կաթողիկէ մեծազդեցիկ կարտինալներէն Քուշինկ, որ մեծ վարկ կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ մօտիկ բարեկամն է կարտինալ Աղաճանեանի, Պոսթընի մայր տաճարին մէջ անձամբ նախագահած է եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագի մը, որ երկուքուկէս ժամ շարունակ սփռուած է պատկերասփիւռի 465 կայաններէ:
Այնուհետեւ, կարտինալ Քուշինկ լայն բարեացակամութիւն ցոյց տուած է հայ ժողովուրդին ու Հայ դատի հանդէպ եւ սիրայօժար ստանձնած է Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբին պատուոյ նախագահութիւնը: Կարտինալը տրամադրութիւն յայտնած է ամէն ջանք թափել` Միացեալ Նահանգներու մէջ ի նպաստ Հայ դատին կատարուած աշխատանքներուն օժանդակելու համար:
Կազմակերպուած են նաեւ զանազան ընդունելութիւններ եւ ճաշկերոյթներ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պատուիրակներու եւ դեսպանական անձնակազմերու, ինչպէս նաեւ ամերիկեան քաղաքական անձնաւորութիւններու համար:
Քաղաքական շրջանակներու մէջ կատարուած աշխատանքներէն զատ, իրենց գործունէութիւնը կը տանին երկու ուղղութեամբ.
ա.- Հայ զանգուածներուն մօտ, մասնաւորաբար` ուսանողական շրջանակներու մէջ, երիտասարդութիւնը Հայ դատին կապելու համար:
բ.- Ամերիկայի մտաւորական շրջանակներու մօտ, մասնաւորաբար համալսարաններէ ներս` Հայ դատը ծանօթացնելու եւ անոր շուրջ հանրային կարծիք ստեղծելու համար:
Սեդրակ Մինաս նախանցեալ շաբաթ մասնակցած է նաեւ Փարիզի մէջ գումարուած կրօններու բարեկամութեան միջազգային համագումարին, որուն գլխաւոր նպատակն է արդարութեան եւ խաղաղութեան հետապնդումը համայն աշխարհի մէջ:
Այս առթիւ Սեդրակ Մինաս զեկուցում տուած է Հայ դատին մասին, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է զանազան պատուիրակութեանց մէջ, որոնք իրմէ խնդրած են լայն տեղեկութիւններ` հայ ժողովուրդին եւ անոր իրաւունքներուն մասին:
Համագումարը նպաստաւոր բանաձեւ մը քուէարկած է ի նպաստ հայութեան եւ անոր իրաւունքներուն:
ԱՐՄԵՆԻԱ
Գնահատելու Առաքինութիւնը
Գնահատելու առաքինութիւնը գերադաս է ուրանալու չկամութենէն:
Գնահատելով մեր արժէքները` ուղղակիօրէն զանոնք ստեղծագործելու կը մղենք:
Գնահատելը ազնիւ սրտի եւ հոգիի գործ է, ուրանալը` նախանձոտ ու յաչաղկոտ հոգիի:
Երկու բարի եւ ազնիւ խօսք յաճախ հրաշքներ կը գործեն, մինչ անտեղի յանդիմանութիւն մը, կատարուած գործ մը սեւցնելու յետին նպատակ մը կը սպաննեն մարդոց աշխատելու տրամադրութիւնը:
Արուեստի մարզերու մէջ ըլլայ թէ կեանքի որեւէ այլ ասպարէզի մէջ, գնահատութեամբ նուաճումներ կատարուած են, մինչ չկամ դիտողութիւններով խորտակուած են մարդոց բոլոր տրամադրութիւնները:
Գնահատութեան արժանի բազմաթիւ գործեր կան, ամէն տեղ եւ ամէն ասպարէզի մէջ, բայց յաճախ մարդիկ անտարբեր կ՛անցնին անոնց մօտէն ու կը խորտակեն ենթականերու մէջ աշխատելու, զոհաբերելու եւ նուիրուելու ամէն տրամադրութիւն:
Գնահատանքը առաւելաբար պարտականութիւն կը դառնայ հանրութեան կողմէ անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց աշխատանքով ծառայութիւն կը մատուցեն շրջապատին:
Եթէ առեւտրականի մը, արհեստաւորի մը սեփական գործը հասարակաց նպատակ չի հետապնդեր, նոյնը չէ, ուսուցիչի մը, ազգային գործիչի մը, նուիրեալ բժիշկի մը, հոգեւորականի մը, մտաւորականի մը պաշտօնը:
Վերջինները կապուած են ուղղակի զանգուածներուն: Որքան ալ ռոճիկ կամ վարձատրութիւն կը ստանան իրենց ծառայութեանց փոխարէն, բարձր նպատակ մը սակայն կը մնայ սեւեռակէտ անոնց գործունէութեան:
Գնահատանքը այս պաշտօններուն լծուած անձնուէր ու անբասիր անձերու նկատմամբ` աւելի քան պարտականութիւն մըն է:
Գնահատելու առաքինութիւնը ազնուական խմոր կ՛ենթադրէ: Մարդ եթէ զուրկ է անկէ, սխալ է արդիւնք սպասել: Աւելի՛ն. եթէ այդ առաքինութիւնը կը պակսի պաշտօնի գլուխ գտնուող անձերու, միայն ամայութիւն պէտք է սպասել ու` տեղքայլ: Գնահատութեան պակասը կը խոցէ ամէնէն առաջ անոնք, որոնց յանձնուած է գործ մը կամ պարտականութիւն մը: Մեր կեանքի այլազան մարզերու մէջ գործող մեր առաջնորդները, մեր ղեկավար մարմինները առաջամարտիկներ են: Եթէ չունին հեռատեսութիւնը, գնահատելու իրենց աշխատանքը աշխուժացնող եւ այդ իսկ գործունէութեամբ զիրենք բարձրացնող անձերը, արժանի չեն իրենց վստահուած պաշտօններուն:
(«ԱՐՄԵՆԻԱ»)