Ազգ. Գաւառական Ժողովի
Երէկուան Նիստը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմի ազգային Գաւառական ժողովը, երէկ` երեքշաբթի, 8 փետրուար 1966, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, դռնբաց, գումարեց իր ընթացիկ նստաշրջանի Գ. նիստը` նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ ատենապետութեամբ Յակոբ Տէր Մելքոնեանի:
Ժողովը լսելէ ետք ազգային Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան Քաղաքական ժողովի 1964 յունուարէն 1966 յունուարի երկամեայ գործունէութեանց տեղեկագիրները, մանրամասնօրէն քննարկեց յատկապէս Ուսումնական խորհուրդի, Տնտեսական խորհուրդի, Դատաստանական խորհուրդի, Վերաքննիչ ատեանի եւ Գերեզմանատան յանձնախումբերու գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ` ընտրական, շինարարական, կալուածական իրագործելի ծրագիրները եւ գերեզմանատան, առաջնորդարանի շինութեան եւ Ս. Նշանի հողի հարցերը:
Ժողովի յարգելի երեսփոխանները որոշեցին զոյգ տեղեկագիրները իրենց նիւթական եւ բարոյական գործունէութեամբ, մամուլի միջոցով դարձնել հանրութեան սեփականութիւնը:
Ժողովը փակուեցաւ ժամը 9:00-ին` շարունակելու համար իր աշխատանքները հինգշաբթի, 10 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նոյն սրահին մէջ:
Հայ Մամուլին`
Համաստեղի Յոբելեանին Առիթով
Յիսնամեակն է Համաստեղի գրական գործունէութեան: Իր ծննդեան ալ եօթանասնամեակը:
Այս բարեբաստիկ առիթով, վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կազմուեցաւ կեդրոնական յանձնախումբ մը, որուն նպատակն է գնահատել ու պատուել հայ մշակոյթի մեծ վաստակաւոր մը` Համաստեղը, համահայկական ու միասնական յոբելեանով մը:
Ո՛չ մէկ տարակոյս, որ ազգային ու մշակութային ամէն գործունէութիւն քաջալերելու կոչումը ունեցող ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ-ը ուրախութեա՛մբ պիտի լսէ այս աղուոր լուրը եւ առաջին առթիւ իսկ սիրով ու հպարտութեամբ պիտի հաղորդէ զայն իր ընթերցողներուն եւ իր շրջանի հասարակութեան: Նոյն ատեն պիտի ընէ ամէն ջանք, որ մշակութային այս ձեռնարկով շատե՛ր հետաքրքրէ, շատե՛ր ոգեւորէ:
Մեր յոյսն է, պիտի ըլլայ նաեւ մեր ջանքը, որ այս շարժումը իր բարերար ազդեցութիւնն ունենայ հայկական շրջաններու մեր ուսանող բազմութիւններուն վրայ եւս` պատանի՛ թէ երիտասա՛րդ:
Այս մասին մտածել ու անհրաժեշտ ջանքեր կատարել` անպայման կրնայ հայկականօրէն դաստիարակիչ ըլլալ մեր ուսանողներէն շատերուն, տեղ տեղ հայախօս, քանի տեղեր ալ` ոչ հայախօս, հիւրընկալ երկրին լեզո՛ւն խօսող եւ այդ երկրին վարժարաննե՛րը յաճախող:
Այս ազդեցութիւնը, եթէ նոյնիսկ` երբեմն ժամանակաւոր, հայ երիտասարդութեան համար կրնայ ըլլալ սթափեցուցիչ մը, որ մտածել տայ գոնէ ոմանց: Մանաւանդ երբ այս երիտասարդները տեսնեն, թէ ո՛րքան շատ մարդիկ իրենց սիրտն ու հոգին կը դնեն բոլորի՛ն խօսող ու բոլո՛րը ոգեւորող այս ձեռնարկին մէջ, ասոր նման այլ գործերու մէջ:
Համաստեղի այս յոբելեանը թո՛ղ ըլլայ առիթ մը, որ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ձգտող առաջնորդներ աւելի՛ հետաքրքրեն մեր բազմութիւնները հա՛յ գրականութեամբ ու հա՛յ մշակոյթի բոլոր նուիրեալներով, ամէն տեղ, սկսած Հայաստանէն` մինչեւ փոքր ու հեռաւոր անկիւնները աշխարհի, ուր հայեր կ՛ապրի՛ն ու կը ստեղծագործե՛ն, ուր հայեր կը ջանան տոկա՛լ ու տեւե՛լ հայութեան ու Հայաստանի սիրոյն:
Մեծ յոյս ունինք, որ Համաստեղի այս յոբելեանին առիթով ջերմ ու սրտագին պիտի ըլլայ արձագանգը նաե՛ւ Հայաստանի մէջ:
Քաղցր է յիշել այստեղ, թէ 1965-ի վերջերը Համաստեղի եօթանասունամեակին առիթով Հայաստանի ցոյց տուած սիրալիր հետաքրքրութիւնը մեզի համար ալ եղաւ քաջալերական մղում մը:
Սա անցած տարիներուն, յատկապէս Ամերիկայի մէջ, քանիներուն բաղձանքն ու գաղափարն էր եղած համազգային տարողութեամբ տօնել Համաստեղի յոբելեանը, բայց չէր եղած մէկը, որ շարժումին իրական նախաձեռնողը դառնար` առանց Համաստեղին ալ գիտութեան ու հաւանութեան:
Բարեբախտաբար եղաւ վերջապէս գրեթէ նման բան մը:
Եւ այդպէսով ալ սկսաւ մեր բոլորին փափաքած շարժումը ինքնաբերաբար:
Մեր յոյսն է ու փափաքը, որ Համաստեղի հանդէպ սիրոյ ու յարգանքի ամէ՛ն արտայայտութիւն եւ իր գրականութիւնը աւելի ծանօթացնելու ամէ՛ն ջանք լայն արձագանգ գտնեն ամէ՛ն հայ թերթի մէջ:
Հայ մամուլի շինարար դերին հաւատքն ու բաղձանքը ունեցող մեր ժողովուրդը ա՛յդ կը սպասէ:
Լաւ կ՛ըլլար, եթէ այս յոբելեանին նուիրուած բոլոր հանդիսութիւնները, ՈՐՔԱՆ ՀՆԱՐ Է, կատարուէին մօտն ու հեռուն, յառաջիկայ մարտ, ապրիլ ու մայիս ամիսներուն:
Որոշ ժամանակի մը մէջ այս գործը սկսելու եւ լրացնելու ջանքը կրնայ նպաստել, որ հանրային ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը մնան աշխուժ ու խանդավառ:
Այս ուղղութեամբ մեծապէս գնահատելի պիտի ըլլայ ամէն աջակցութիւն, զոր պիտի ուզեն ընծայել մեր մտաւորականութիւնն ու մամուլը` այս յոբելեանը առաւելագոյն յաջողութիւն մը դարձնելու համար:
Նոյնպէս սիրելի ու գնահատելի պիտի ըլլայ ամէ՛ն գործակցութիւն, զոր նաե՛ւ ժողովուրդի համեստ խաւերը պիտի բերեն` յաճախ անանուն, բայց հաւատաւոր իրենց կամաւորներով, մեր բոլոր շրջաններուն մէջ:
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Նախագահ` ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
Քարտուղար` ՅԱԿՈԲ ԽԱՇՄԱՆԵԱՆ