Օրուան Գիրքերը
«Մահից Դէպի Կեանք»
Մեղ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ հրատարակուած գիրքերու շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Մահից դէպի կեանք» հատորը, որ լոյս տեսաւ անցեալ տարի, «Հայաստան» հրատարակչականին կողմէ, Երեւան: Հատորը յուշագրական նկարագիր ունենալով հանդերձ, կը ներկայացնէ երբեմնի հայահոծ եւ հայաբոյր բնավայրի մը` Մալգարայի դիմագիծը, 1915-ին նախորդող եւ յաջորդող դէպքերը` խօսուն եւ պատկերաւոր գոյներով:
Հեղինակը` Օննիկ Փանիկեան (Օր Զարմունի), որ տարիներէ ի վեր Երեւան կը գտնուի, Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին Պուլկարիոյ մէջ, ուր հաստատուած էր ծանօթ դէպքերէն ետք, հրատարակած էր չորս հատորներ – «Ծաղիկ կը փետեմ», «Գորշ երկնքի տակ», «Երգ յաւերժութեան» եւ «Ածու»:
Վերոյիշեալ հատորներուն մէջ բանաստեղծը կ՛արտայայտէր նուրբ զգայնութիւններ: Մելամաղձիկ թէեւ, բայց հեռու յուսաբեկութենէ, բանաստեղծը լոյսը կը փնտռէր ստուերներու մէջ:
Այսօր, արձակագիր Օ. Փանիկեան «Մահից դէպի կեանք» հատորով կ՛ուրուագծէ բնավայրի մը ամբողջական եւ հարազատ պատկերը:
Առաջին առթիւ նշմարելի է գրագէտին պատմելու շնորհը: Արդարեւ, պարզ եւ զուսպ, այլ խօսքով` քնարական աւելորդ զեղումներէ զերծ, անսեթեւեթ լեզուով մը, որ, հակառակ նիւթին եղերական բնոյթին, օժտուած է նաեւ հազիւ նշմարելի հիւմըրով, արդիւնք` լաւատես տրամադրութեան ու հոգեխառնութեան, եւ կը ներկայացնէ տիպարներ եւ իրադարձութիւններ: Իր ծննդավայրը` Մալգարան, շարքով կը տողանցեն բնաշխարհի մը տիպարները իրենց այլազան հոգեբանութիւններով, աշխարհահայեացքներով եւ զբաղումներով: Օ. Փանիկեան գրիչի քանի մը թեթեւ հարուածներով – հագուստ – կապուստի թուում, արհեստի յիշատակում, քանի մը յատկանշական խօսակցութիւններ եւ նկարագրական ժլատ տողեր – կը յաջողի կենդանի եւ այլապէս խօսուն դարձնել տիպար մը: Եւ տիպարները այլազան ու բազմազան են այս հատորին մէջ:
Գիրքին երկրորդ յատկանիշը պէտք է նկատել բարքերու եւ կենցաղի ցուցադրութիւնը` հարազատ գոյներով: Արդարեւ, սեղմ, այլ խօսուն, բաբախուն գրչով մը, որ երբեք չի դանդաղիր անհարկի մանրամասնութիւններու եւ չոր ու ցամաք յիշատակութիւններու վրայ, կը բնութագրէ երբեմնի հայկական Մալգարան իբրեւ բնաշխարհ մը, որ կ՛ապրի ազգային եռուն աշխատանքներով, ինքնատիպ, այլ նահապետական բարքերով, օրինակելի կենցաղով:
Ապրուած կեանքի մը պատմութիւնը ըլլալով հանդերձ, այս հատորը անուղղակի կերպով կը պատկերացնէ արեւմտահայութեան 1915-ին նախորդող եւ յաջորդող օրերը,- Պալքանեան պատերազմ, տեղահանութիւն եւ աքսոր, դէպի անապատ, Տէր Զօր, ջարդ, վերադարձ, կրկին գաղթ, օտար աստղերու տակ գաղթական եւ, վերջապէս, վերադարձ հայրենիք:
Նման բովանդակութեամբ հարիւրաւոր հատորներ լոյս տեսան արտասահմանի մէջ վերջին յիսուն տարիներուն: Դէպքերու անմիջական կամ մօտաւոր ազդեցութեան տակ գրի առնուած այդ յուշագրութիւնները գրեթէ առանց բացառութեան եղերական օրերը ներկայացուցին այնպիսի ձեւով մը, որ սրտաճմլիկ, յուսաբեկ տրամադրութիւններ կը ստեղծէր: Այսպէս կոչուած լալկան շեշտը տիրապետող դարձաւ ամէնուր: «Մահից դէպի կեանք»-ը, շնորհիւ հեղինակին լաւատես տրամադրութեան կամ հոգեխառնութեան, եղերական եւ ամէնէն մռայլ պահերուն իսկ կ՛ուրուագծէ լոյսի նշոյլ մը, յոյսի ներշնչում մը:
Եւ զարմանալի ալ չէ. բանաստեղծ Օ. Փանիկեան միշտ լոյսը փնտռած է ստուերներու մէջ:
Ժ. ՄԻՐԻՃԵԱՆ