Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1966)

Փետրուար 20, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փրոֆեսէօրներ
Ա. Ճաղարեան Եւ Լ. Յարութիւնեան
Երէկ Այցելեցին Ազգային Բուժարան
Եւ Երեք Հոգեւոր Պետերուն

Լիբանանահայ բժշկական միութեան հրաւէրով, ուրբաթ, 18 փետրուար 1966, առաւօտ ժամը 8:00-ին, Պէյրութ ժամանեցին Հայաստանի ականաւոր բժիշկներէն սրտի մասնագէտ եւ վիրաբուժ փրոֆ. Անդրանիկ Ճաղարեան եւ հանրային առողջապահութեան հարցերու մասնագէտ փրոֆ. Լեւոն Յարութիւնեան: Հայ բժիշկներու կողմէ դիմաւորուելէ ետք հիւրերը առաջնորդուեցան պանդոկ «Օմար Խայեամ»:

Նշանակուած բժշկական մասնաւոր յանձնախումբ մը, գործադրելով պատրաստուած յատուկ յայտագիրը, նոյն օրը կէսօրէ ետք յարգելի հիւրերը պտտցուց մայրաքաղաքին գլխաւոր վայրերը:

Շաբաթ օր այցելեցին Պաալպեք, Այնճար եւ Զահլէ:

Երէկ` կիրակի, ընկերակցութեամբ շուրջ 15 հայ բժիշկներու, կէսօրէ առաջ այցելեցին Պէյթ Էտտինի պալատը, ապա` Ազունիէի Ազգ. բուժարանը:

Այցելելէ ետք հիւանդանոցին գլխաւոր բաժանմունքները, կէսօրին ճաշեցին բուժարանի մէջ: Ճաշկերոյթի ընթացքին բուժարանի խնամակալութեան եւ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Յ. Գասապեանի բարի մաղթանքներէն ետք, խօսք առին նաեւ փրոֆեսէօրներ Ճաղարեան, Յարութիւնեան, Յ. Ենիգոմշեան եւ տոքթ. Յ. Սաղըրեան: Յարգելի հիւրերը հիացումով արտայայտուեցան, թէ առանց պետական միջոցներու, շինարար հայ ժողովուրդը կրցած է այսպիսի հաստատութիւն մը իրականացնել: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին նաեւ կառավարութեան եւ արաբ ժողովուրդին:

Կէսօրէ ետք խումբը այցելեց երեք հոգեւոր պետերուն:

Անթիլիասի մէջ փրոֆեսէօրները եւ բժշկական միութիւնը նախ մէկական ծաղկեպսակ դրին Նահատակաց յուշարձանին, ապա ընդունուեցան Խորէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Խօսակցութեան ընթացքին վեհափառ հօր` ազգային հիւանդանոց մը ունենալու ընդհանուրին ցանկութիւնը պէտք է այլեւս իրականութիւն դարձնել յայտարարութիւնը խանդավառ ծափերով ընդունուեցաւ բժիշկներու կողմէ: Այնուհետեւ խումբը մեկնեցաւ կաթողիկէ պատրիարքարան` այցելելու Պետրոս-Իգնատիոս ԺԶ. պատրիարքին: Վերջին այցելութիւնը տրուեցաւ աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Յ. Ահարոնեանին:

Այսօր, կէսօրէ առաջ հիւրերը պիտի այցելեն Ազգ. առաջնորդարան, խմբագրատունս եւ Ն. Փալանճեան ճեմարան: Յառաջիկայ օրերու ընթացքին պիտի տան հրապարակային երկու դասախօսութիւն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վերամշակուած Առարկաներով Նուագախումբը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?