Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1966)

Փետրուար 25, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Դաշնակցական Մամուլ

Անցեալ շաբթուան մէջ դաշնակցական մամուլը զբաղեցաւ գլխաւորաբար Հայ դատի հետապնդման միջոցներով, հայրենիք եւ ազգի խնդրով, չին եւ խորհրդային վէճով եւ ընթացիկ նիւթերով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը քաղուածքներ` շօշափուած գլխաւոր հարցերու մասին:

 

Հայրենիք Հայ Մշակոյթը Եւ Հայ Դատը

Հայ դատի հետապնդումը երկու երես ունի: Մէկը կ՛ընդգրկէ այն բոլոր ձեռնարկներն ու միջոցառումները, որոնց միտումը միջազգային քաղաքական ատեաններու առջեւ պաշտպանել է մեր հողային ու քաղաքական իրաւունքները, իսկ միւսը` տեւական քարոզութիւնը` միջազգային հանրային բարենպաստ կարծիք ստեղծելու համար:

Քարոզչական աշխատանքը նոյնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, որքան` զուտ քաղաքական ու դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները: Գործունէութեան այս երկու մարզերը գործնական կեանքի մէջ անջատել անկարելի է: Առանց մէկուն կամ միւսին` գործը կը դառնայ թերի, կիսատ ու անկատար:

Մեր Դատը գութի հայցում, օգնութեան աղերս, թախանձանք պիտի չըլլայ, այլ` իրաւունքի պաշտպանութիւն:

Մտահան պէտք չէ ընել, որ ժամանակակից հասարակութիւնը կը գնահատէ ազգի մը միայն իրական արժանիքները. բայց` այն արժանիքները, որոնք համաշխարհային կշիռ ու իմաստ ունին: Ազգ մը այնքան կարեւոր արժէք կը դառնայ բոլորին համար, որքան անբաժանելի մասնիկը կը ներկայանայ մարդկութեան:

Հայ մշակոյթը այն հզօր ազդակն է, որ հեշտութեամբ հասկնալի ու մատչելի է թէ՛ մարդկային խղճին եւ թէ՛ սրտին: Հայ մշակոյթին ծանօթացող օտարը միայն խանդաղատանքով կը պարուրուի եւ իրեն մօտիկ կը զգայ ստեղծագործ ժողովուրդը: Ո՛րքան ծանօթանայ, այնքան կը հետաքրքրուի մեր վիճակով, մեր պատմութիւնով եւ ի վերջոյ` մեր Դատով:

Ուստի մեր առաջնահերթ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ օտար հասարակութեան, աշխարհի բոլոր ազգերուն լաւապէս ներկայացնել հայ ժողովուրդի մշակութային իրագործումները: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը պէտք է լծուի այս նուիրական աշխատանքին: Պէտք է թարգմանել եւ միջազգային հասարակութեան ներկայացնել մեր գլուխ-գործոցները: Խ. Հայաստանը վիթխարի աշխատանք կատարած է այդ ուղղութեամբ: Զանազան լեզուներու թարգմանած է տաղանդաւոր հայ գրողներու լաւագոյն երկերը: Ոչ միայն գրականութիւնը, այլեւ` երգը, մանրանկարչութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, գիտութիւնը, ճարտարապետութիւնը, աստուածաբանութիւնը, նարեկեան խորհրդապաշտութիւնը: Երբ այս բոլորը մենք արժանաւորապէս ներկայացնենք մարդկութեան, Հայ դատին օգտին կատարած կ՛ըլլանք մեծագոյն ծառայութիւնը: Միջին Արեւելքի ականաւոր արաբ պատմաբան մը օր մը հիացումով եւ հառաչանքով կ՛ըսէր հոգելոյս Զարեհ կաթողիկոսին` «Ի՛նչ փարթամ գանձեր ունիք. երանի մենք ձեր ունեցածին կէսին կէսը ունենայինք»:

Մարդկութեան առջեւ փռենք այդ աննման գանձերը: Թող սքանչանան եւ սիրեն: Մեր մշակոյթը սիրողը անկարելի է, որ չսիրէ անոր ծնուցիչ մայրը` հայութիւնը, նաեւ չհետաքրքրուի հայութեամբ եւ Հայ դատով:

Ձգողական վիթխարի ուժով մագնիս մը ունինք եւ չենք գործածեր զայն: Ո՞ր օրուան կը սպասենք:

(«ՀԱՅՐԵՆԻՔ», 11 փետր. 1966)

 

Յուսաբեր Ազգ Եւ Հայրենիք

Ազգ-հայրենիքի գլխաւոր կոչումն է ստեղծագործել եւ իմացական, մշակութային ու ոգեկան նորանոր նուաճումներով մշտապէս հարստացնել համամարդկային արարչակերտումի անդաստանը:

Սակայն ազգ-հայրենիք ստորոգելին ատիկա կրնայ ընել միա՛յն եւ բացառաբա՛ր ինքնատիպ իր ոճով, ուրոյն իր ոգիով, սեփական ու առանձին իր հանճարով:

Իսկ նման ոճ, ոգի ու հանճար կրնան ստեղծագործել ու զարգանալ, մշակուիլ ու մշակել միա՛յն ու բացառաբա՛ր այն պարագային, երբ ազատ են ու անկաշկանդ, երբ հարկադրանքի տակ չեն անոնց արարչակերտումին ո՛չ ձեւը, ո՛չ բովանդակութիւնը:

Շէյքսփիրի «Համլեթ»-ը միայն անգլիակա՛ն ոճի, ոգիի ու հանճարի արգասիք կրնար ըլլալ, Պեթհովենի «Հինգերորդ համանուագ»-ը միայն գերմա՛ն ոճով, ոգիով ու հանճարով կրնար կերտուիլ, եւ միայն հա՛յ ոճը, ոգին ու հանճարը կրնային երկնել «Մատեան ողբերգութեան»-ը Նարեկացիի:

Երեք պարագաներուն ալ համամարդկային չափանիշով գլուխ-գործոց այս արարչակերտումները հնարաւոր եղած են անո՛ր համար, որ զանոնք արարչակերտողները եղած են ազատ ու անկաշկանդ:

Սակայն, եթէ ա՛յդպէս է անհատին համար, ճիշդ նո՛յնն է այն միւս հաւաքական արարչակերտողի պարագային, զոր ազգ-հայրենիք կոչեցինք:

Նաեւ ա՛ն պէտք է ըլլայ ազատ ու անկաշկանդ իր մարմնո՛վ (հայրենիք) եւ ազատ ու անկաշկանդ պէտք է ըլլայ իր հոգիո՛վ (ազգ):

Մարդկային բովանդակ պատմութեան մէջ` արարչակերտո՛ղն է անոր մեծագոյն ապստամբը, ըմբոստն ու յեղափոխականը:

Ապստամբելով եւ ըմբոստանալով է, որ Գալիլէ յեղաշրջեց գիտութեան քարացած ըմբռնումները մեր մոլորակի եւ տիեզերքի այլ մարմիններուն մասին:

Ապստամբելով եւ ըմբոստանալով է, որ Միքելանճելօ յեղաշրջեց արուեստի քարացած ըմբռնումները` նկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան մասին:

Ապստամբելով եւ ըմբոստանալով է, որ Մոնթեսքիէօներն ու Միրապոները յեղաշրջեցին մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքի մասին դարերէ ի վեր քարացած ըմբռնումը:

Իսկ նման խորքով ու ծաւալով յեղաշրջում պատճառող արարչակերտողներու պայմաններուն պայմանը միշտ եղած ու մնացած է անկաշկանդ ու անխափան ազատութիւնը:

Այս պայմաններուն պայմանը կը մնայ նոյնը, տառով ու ոգիով, նաեւ ա՛յն ատեն, երբ արարչակերտողը մարդկային այն հաւաքականութիւնն է, որ այսօր, միջազգայնօրէն, իբրեւ ազգ-հայրենիք կը ճանչնանք:

(«ՅՈՒՍԱԲԵՐ», 19 փետր. 1966)

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ճաթռտած Կրունկները Դարմանելու Տնային Միջոցներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?