Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1966)

Փետրուար 18, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ժամանակին Հետ
(Փետրուար 18-ի Առիթով)

Կը պատահի երբեմն, որ ժողովուրդի մը նկարագիրը եւ անոր հոգին խտանան կամ արտայայտուին միակ դէպքի մը կամ դէպքերու շարքի մը մէջ:

Հետեւաբար, ճանչնալու համար տուեալ ժողովուրդը, անհրաժեշտ է խորամուխ ըլլալ այդ դէպքին կամ դէպքերու շարքին էութեան եւ թափանցել մանաւանդ անոր խորհուրդին:

Հայոց պատմութիւնը հարուստ է նման խորիմաստ դէպքերով. դէպքե՛ր, ուր կարելի է գտնել բովանդա՛կ հայ ժողովուրդը` իր նկարագրով եւ հայ հոգի՛ն` իր բոլոր ստորոգելիներով եւ անկրկնելի ու անմեկնելի շողարձակումներով:

Այդ բախտակշիռ դէպքերէն է Աւարայրը (451), զոր համաժողովրդային շուքով ոգեկոչեցինք այս շաբաթ:

Այդ խորախորհուրդ եւ մեծապէս ուսանելի դէպքերէն է մայիսեան փառահեղ դիւցազնամարտը. 1918 մայիս 28:

Այդ պատմարժէք դէպքերէն է նաեւ փետրուար 18-ը:

Ի՞նչ տեղի ունեցաւ փետրուար 18-ին:

1921-ին, Պոլսոյ մէջ «ամենայն հայոց բանաստեղծ»-ը` Յովհաննէս, Թումանեան առիթով մը կը յայտարարէր Արշակ Ջամալեանին.

«Օրջոնիկիձէն (օրուան համայնավար վրացի վարիչներէն. «Ա.»), տեղեկանալով փետրուարեան ապստամբութեան մանրամասնութիւններին` ասաց ինձ.

«Զարմանալի ոչինչ կայ, որ հայ ժողովուրդը զէնք է բարձրացրել խորհրդային իշխանութեան դէմ, որովհետեւ այդ իշխանութեան ղեկը իրեն ձեռքն առած հայ պոլշեւիկները մարդ չէին, այլ գազաններ էին («Վէմ», Ա. տարի, թիւ 1, էջ 26):

Ո՞վ պատրաստեր եւ գործի լծեր էր սակայն այդ «գազանները». պոլշեւի՛զմը:

Ուրկէ՞ կու գային այդ «գազանները» եւ կ՛ողողէին հայոց հայրենիքը. հիւսիսէ՛ն:

Ի՞նչ ըրած էին, որ սպաննիչ այս որակումին կ՛արժանանային նոյնինքն հայ համայնավարներու «հոգեւոր ծնող»-ներէն Օրջոնիկիձէներուն կողմէ.

Ա.- Քեմալական Թուրքիոյ հետ ձեռք ձեռքի եւ Լենին-Ստալիններուն հետ սիրտ-սրտի դաւած էին Հայաստանի մանուկ հանրապետութեան դէմ

Բ.- Թուրք-իսլամ ժողովուրդներու կարմիր փաշաներուն ու աւատապետներուն հետ կողք-կողքի ուխտած էին խորտակել Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ չորս հովերուն տալ մեր արիւնոտ մուրհակը` սեւրի դաշնագիրը:

Գ.- Հակառակ հանրապետական կառավարութեան կողմէ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման տխրահռչակ Յեղկոմին «դասակարգային» արիւնոտ պայքար կը շղթայազերծէին արդէն իսկ արիւնաքամ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի մէջ:

Դ.- Պաշտօնապէս ստորագրած իրենց դաշինքին հակառակ` տասնեակ հազարաւոր հայ մտաւորականներ, ազգային ու կուսակցական գործիչներ, զինուորականներ, մարտիկներ ու անմեղ քաղաքացիներ բանտերը կը լեցնէին:

Ե.- Կը գլխատէին հայ բանակը` անոր վարիչները, ձմրան սառնամանիքին, հետիոտն Սիպիր աքսորելով:

Զ.- Հաց, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն խոստանալով` հայ գիւղացին ու զինուորը մոլորանքի ու բարոյալքութեան մատնելէ ետք, հայ ժողովուրդէն կը խլէին թէ՛ բերնին հացը, թէ՛ ազատութիւնը եւ թէ՛ խաղաղութիւնը:

Է.- Մոռցած թուրքն ու թրքութիւնը` եղբայրասպան կռիւ կը շղթայազերծէին յանուն միջազգայնական վարդապետութեան մը ցնորական մարզանքներուն կենսագործման ու պատկերազարդման:

Ը.- Եկած էին վերջապէս փարատելու հայութեան մարմինը, բռնաբարելու հայուն պատիւը, այլասերելու հայ հոգին եւ խաթարելու ցեղին պայծառ դիմագիծը` ի շահ համաշխարհային յեղափոխութեան յաղթանակին եւ ի փա՜ռս միջազգայնական ու անաստուած կոմունիզմի:

Ուստի երբեք զարմանալի չէ այլեւս, որ հայ ժողովուրդը, 1921 փետրուար 18-ին, Արարատեան դաշտին մէջ, մէ՛կ մարդու պէս ծառացաւ եւ զէն ի ձեռին կռուի ելաւ հիւսիսի շունչին հլու այս «գազաններ»-ուն դէմ:

Որովհետեւ հայ ժողովուրդը միանգամ ընդմիշտ համոզուած էր, թէ զո՛ւր էր լոյսը որոնել նաեւ հիւսիսի մէջ, ուրկէ միայն «գազաններ» կրնային խուժել իր հնաւանդ երկիրը` մեր դարաւոր երազները խորտակելու եւ աղարտելու համար հայու անմեռ ոգին` մեր ոխերիմ թշնամիին հետ գործակցաբար:

Համոզուած էր վերջնապէս, հոգ չէ թէ` դառն ու դաժան փորձութիւններու ու փորձառութիւններու գնով, թէ հո՛ն, ուր ինք Հող, Լոյս եւ Ազատութիւն կ՛որոնէր, հոն միայն յուսախաբութիւն, կործանում ու մահ կը սպասէր իրեն:

Եւ որքա՛ն տարիները կ՛անցնին, ա՛յնքան աւելի կը շեշտուի ու կը բիւրեղանայ փետրուար 18-ի իմաստն ու արժէքը:

Վերջին չորս ու կէս տասնամեակը եկաւ ցաւագինօրէն հաստատելու, թէ փետրուար 18-ին շղթայազերծուած պայքարը, համաժողովրդային իր բնոյթէն ետք, համազգային նկարագիր ունի:

Եւ դէպքէ դէպք ու առիթէ առիթ թէեւ ձեւ ու ուղղութիւն կը փոխէ, սակայն անփոփոխ կը մնայ իր բնոյթով, տարողութեամբ, ծաւալով ու բովանդակութեամբ:

Ֆիզիքական պայքար մը իբրեւ սկսելէ ետք, աստիճանաբար զգեցաւ քաղաքական, գաղափարական ու հոգեբանական նկարագիր:

Դարձաւ գոյութեան պայքար եւ նոր ժամանակներու նորատիպ Վարդանանց, խորհրդային դաժան բռնապետութեան խաւարակուռ զնտաններուն խորերէն Չարենցներու բերնին մէջ վերածուելու համար նոր ժամանակներու նորագոյն պատգամի եւ հայոց պատմութեան գերագոյն հրամայականի.

«Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Վերածուելու համար տակաւին Ղարաբաղի «Ողբ»-ի եւ Վանայ ծովակի անբուժելի կարօտախտի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գեղեցկագիտական. Խոշոր Դդումով Պատրաստուած Դէմքի Ծեփուկներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?