Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1966)

Փետրուար 19, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխադրութեանց Նոր Ընդհանուր Տնօրէնը
Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան

Երէկ ուրախութեամբ հաղորդած էինք, թէ ամերիկեան եւ լիբանանեան համալսարանի միջազգային իրաւագիտութեան դասախօս ընկ. Շաւարշ Թորիկեան նշանակուած է Լիբանանի փոխադրութեանց ընդհանուր տնօրէն, նախարարաց խորհուրդի որոշումով:

Շաւարշ Թորիկեան, որուն նման բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնի մը կոչուիլը խոր գոհունակութիւն պատճառեց հայ համայնքի բոլոր շրջանակներուն մէջ, ծնած է 1926-ին, Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայֆայի Ս. Եղիա ազգային վարժարանին մէջ, ապա` Ֆրերներու վարժարանը, ուրկէ ստացած է Լոնտոն Մաթրիքիւլէյշընի վկայականը:

1945-48 եղած է պաշտօնեայ «Իրաք փեթրոլիում քեմփընի»-ի, Հայֆայի մէջ: 1948-ին, Պաղեստինի աղէտէն ետք, փոխադրուած է Պէյրութ, ուր երեք տարի առեւտրական հաստատութեան մը մէջ պաշտօնավարելէ ետք, 1951-54 նշանակուած է հաշուակալութեան ընդհանուր պատասխանատու Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան մէջ:

1954-ին մեկնած է Լոնտոն, ուր երեք տարի ուսանելով Լոնտոնի համալսարանին մէջ` պատուոյ յիշատակութեամբ ստացած է իրաւաբանութեան իր վկայականը: Նոյն շրջանին հետեւած է նաեւ Համաշխարհային հարցերու Լոնտոնի կաճառին` ստանալով միջազգային հարցերու վկայականը: 1957-1963 յաճախած է Օքսֆորտի հռչակաւոր համալսարանը, ուրկէ վկայուած է իբրեւ իրաւագիտութեան տոքթէոր, մասնագէտ` միջազգային իրաւագիտութեան: Իր թեզը եղած է` «Միջին Արեւելքի նաւթային մենաշնորհներուն իրաւական երեսները»:

Լոնտոնի մէջ հրատարակած է բազմաթիւ գործեր, բոլորն ալ` իրաւաբանական հարցերու շուրջ:

Ներկայիս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց եւ հանրային վարչութեան բաժնին մէջ դասախօս է միջազգային իրաւագիտութեան, իրաւագիտական փիլիսոփայութեան, սահմանադրական բաղդատական իրաւագիտութեան, վարչական բաղդատական իրաւագիտութեան, միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքական գիտութիւններու:

Իսկ 1960-էն ի վեր լիբանանեան համալսարանին մէջ կը դասաւանդէ Արեւելեան հարցը, արդիական պետութիւնը եւ միջազգային իրաւագիտութեան նիւթերը:

1962-63 եղած է Քուէյթի նաւթային գրասենեակի իրաւաբանական խորհրդական, իսկ 1964 փետրուարին Ռաս Խայմէի շէյխին իրաւական խորհրդականը եղած է «Եունիըն օյլ» ընկերութեան եւ «Սաութըրն ներշընըլ կեզ»-ի նաւթային մենաշնորհին վերաբերեալ բանակցութիւններու ընթացքին:

 

Ակնարկ

Բուժարանի Օր

Վաղը` կիրակի, 20 փետրուար, տեղի պիտի ունենայ Ազունիէի Ազգային բուժարանին տարեկան հանգանակութիւնը, որ աւանդական ձեռնարկ մը դարձած է այլեւս եւ իր քաջալերական արդիւնքով կը հանդիսանայ շօշափելի արտայայտութիւնը այն գուրգուրանքին եւ հոգածութեան, որուն ենթակայ է այս արժէքաւոր հաստատութիւնը` հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս:

Հիմնուած աւելի քան երեսուն տարի առաջ` Ազգային բուժարանը հպարտառիթ հաստատութիւն մըն է այսօր, մասնաւորաբար` Լիբանանի հայութեան համար, որուն շինարարական ոգիին կենդանի վկայութիւնը կը կազմէ: Տարուէ տարի զարգանալով եւ բարգաւաճելով, բուժարանը հասած է այսօրուան նախանձելի վիճակին` շնորհիւ այդ հաստատութեան հանդէպ հայ ժողովուրդին` ցոյց տուած անսակարկ զոհաբերութեան, որուն արտայայտութիւնը ամէն օր կը տեսնենք մեր թերթերուն մէջ:

Արդարեւ, օր չ՛անցնիր, որ մեր թերթերու նուիրատուութեանց սիւնակները չլեցուին ի նպաստ բուժարանին կատարուած նուիրատուութիւններով, որոնք թէեւ չնչին տոկոսը կը կազմեն բուժարանի ընդհանուր պիւտճէին, բայց մեծարժէք են խորհրդանշական իմաստով:

Մէկ խօսքով, հայ ժողովուրդը ի՛րը նկատած է ու կը նկատէ հաստատութիւնը, որուն վերելքին ու զարգացման հետեւած է հոգածու մօր մը գուրգուրանքով:

Այդ գուրգուրանքին վկայութիւնը պիտի ըլլայ վաղուան հանգանակութիւնը` իր ժողովրդային բնոյթով եւ արդիւնքով, որովհետեւ տարիներու փորձը ցոյց տուած է, որ Լիբանանի հայութիւնը բուժարանը կանգուն պահելու իր վճռակամութեան  մէջ ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առած է:

Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս հանգանակիչ յանձնախումբեր ուրախութեամբ պիտի դիմաւորուին հայութեան բոլոր խաւերուն կողմէ, որովհետեւ բուժարանի գանձին մէջ նետուած ամէնէն համեստ գումարն իսկ հոգեկան անբաւելի գոհունակութիւն պիտի պատճառէ նուիրատուին:

Այս վստահութեամբ կը սպասենք վաղուան հանգանակութեան արդիւնքին:

X

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշատետր. Զարմանալը Լաւ Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?