Ակնարկ
Յոյներու Արտաքսումը
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը` Ֆարուք Սուքան, քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ մինչեւ ապրիլ 30 մէկ յոյն իսկ պիտի չմնայ Թուրքիոյ մէջ:
Մօտ տասներկու հազար յոյներ ստիպուեցան Թուրքիայէն հեռանալ 1963 դեկտեմբերէն ի վեր` իբրեւ անմիջական հետեւանք այն տագնապին, որ ստեղծուեցաւ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ, կիպրական հարցին առնչութեամբ:
Թուրք կառավարութիւնը Կիպրոսի մէջ իր անզօրութեան վրէժը լուծեց Թուրքիոյ եւ յատկապէս Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ յոյներէն, որոնք Լոզանի դաշնագիրին հիման վրայ եւ 1930-ի պայմանագրութեամբ, Թուրքիա հաստատուելու եւ գործելու իրաւունք ստացած էին:
Պոլսոյ յոյները կը կազմէին Օսմանեան նախկին մայրաքաղաքի ամէնէն գործունեայ եւ բարգաւաճ տարրը: Շնորհիւ իրենց ուշիմութեան եւ ձեռներէց ոգիին` մեծ նուաճումներ արձանագրած էին թէ՛ առեւտրական եւ թէ՛ մշակութային գետնի վրայ: Թուրքիան, կառավարութիւն եւ ժողովուրդ, լաւ աչքով չէր դիտեր յոյներու այս ծաղկումը, մանաւանդ` բաղդատած այն անբաղձալի վիճակին, որուն մատնուած էր թուրք ժողովուրդը իր ծուլութեան եւ յետամնացութեան պատճառով:
Առիթ մը պէտք էր անոնց թափը կասեցնելու համար: 1955 սեպտեմբերին, մէկ գիշերուան մէջ թուրք խուժանը տասնամեակներու իր վրէժը լուծեց, յագուրդ տուաւ իր չար նախանձին` աւերելով յունապատկան եկեղեցիներ ու հաստատութիւններ, որոնք հրկիզուեցան եւ կողոպտուեցան:
Տասը տարի առաջ պակաս մնացածը ներկայիս կ՛ամբողջացուի պաշտօնական կերպով: Որովհետեւ յոյներու պատկանող կալուածներն ու ստացուածքները փոխադրելի չեն, ըստ արտաքսումի որոշումին:
Ի՞նչ պիտի շահի Թուրքիան` ազգայնամոլ այս արարքով: Եթէ ճիշդ է, որ Պոլսոյ յոյները կը բարգաւաճէին, այդ բարգաւաճումէն առաջին օգտուողը կ՛ըլլար Թուրքիան, չափով մը հատուցանելով թուրք ժողովուրդին անճարակութեան հետեւանքները:
Մոլեռանդութեամբ առնուած քայլերը ե՞րբ վնաս չեն հասցուցած միթէ, որ այսօր չհասցնէին Անգարայի: Պիտի գայ օրը, երբ թուրք իշխանութիւնները պիտի ափսոսան մեկնողներուն համար, բայց շատ ուշ պիտի ըլլայ:
«Հիւրընկա՜լ» եւ «ասպնջակա՛ն» Թուրքիան վերջնականապէս կորսնցուցած պիտի ըլլայ օգտակար տարրի մը անգնահատելի նպաստը:
Համազգայինը Լաթաքիոյ Մէջ
Սուրիոյ պետական պաշտօնաթերթը իր 20 յունուար 1966-ի թիւին մէջ (թիւ 3) կը հաղորդէ, որ Լաթաքիոյ նահանգին մէջ, կեդրոնը Լաթաքիան ըլլալով, կառավարական արտօնագիրով (26 դեկտեմբեր 1965 թուականով եւ 837 թուակիր) կազմուած է Համազգայինի մշակութային միութեան մասնաճիւղ մը:
Վարչութեան անդամներն են.
Տոքթ. Գեղարդ Մաթոսեան` ատենապետ, երկրաչափ Պօղոս Ղազարեան` փոխատենապետ, պ. Սարգիս Գրիգորեան` ատենադպիր, Յակոբ Աճոյեան` գանձապահ, տոքթ. Անդրանիկ Սարաֆեան` խորհրդական եւ պետական պատուիրակ միութեանց ընդհանուր ժողովներուն, պ. Վահրամ Մանճեան` խորհրդական եւ պատասխանատու ներքին յարաբերութեանց, Աւետիս Տէյիրմենճեան` խորհրդական եւ պատասխանատու միութեան վերաբերեալ կազմակերպութեանց:
Համազգայինի հիմնադիր անդամներէն մեթր Մելքոն Հանոնիկեան նշանակուած է պատուիրակ արտաքին յարաբերութեանց եւ վարչութեան ներկայացուցիչ` շրջանի պետականօրէն արտօնուած միութիւններու կեդրոնական վարչութեան մօտ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Քեմանչիստ Ռուբէն Ճեմարանի Մէջ
Անցեալ երեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, քեմանչիստ Ռուբէն, դաշնակի ընկերակցութեամբ Շաքէ Մխիթարեանի, ժամ մը խանդավառեց երկսեռ աշակերտութիւնը:
Յայտագրին մաս կը կազմէին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արմէն Տիգրանեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ իր գործերը: Յայտագրէն դուրս նուագեց նաեւ երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառին սիրած «Կիլիկիա» եւ «Տըլէ եաման» երգերը:
Քեմանչիստ Ռուբէն վերջերս այցելեց «Սուրբ Յակոբ» եւ «Թէքէեան» վարժարանները, Պուրճ Համուտի ծերանոցը եւ կուրանոցը` խանդավառելով բոլորը:
Քեմանչիստ Ռուբէն փետրուար 16-ին, չորեքշաբթի, կը մեկնի Կիպրոս:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ