Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Փետրուար 1966)

Փետրուար 15, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայու Ողբերգութիւն

Եղեռնէն 50 Տարի Ետք
Արհաւիրքէն Փրկուած Հայեր
Կը Փնտռեն Իրենց Պարագաները

Հետեւեալ հայերը ներկայիս ողջ են եւ կը գտնուին Տէր Զօրէն վար` Ապուքեմալի շրջանի գիւղերը եւ կը փնտռեն իրենց պարագաները.

1.- Յակոբ Յարութիւն Խաչատուրեան, մօրը անունը` Անթառամ (կամ Հանթար), մեծ մօր անունը` Կիւլիզար, հօրեղբայրները` Օննիկ եւ Մանուկ, ունի երեք քեռի` Համբար Արթին, Յովհաննէս եւ Լեւոն:

Քեռորդին` Խաչօ-Համբար Էրզրումի Հասանգալա գիւղէն:

2.- Խորէն Հաճի, Անտոյի տղան, մօր անուն` Մարիամ, Պրուսայի Էնիճէ գիւղէն, հօրեղբայրը` Յովհաննէս, որ գացած է Անգլիա: Կ՛ըսէ, թէ քեռին բժիշկ էր եւ սակայն անունը չի յիշեր:

Հօրեղբօր կինը` Վերժին:

3.- Արաքսի Օհանի աղջիկը, մօր անունը` Աննա, մեծ եղբայրը` Կարապետ, քոյրը Ամերիկա գացած է, պզտիկ եղբայրը` Նշան, հօրեղբայրը` նշանաւոր աստաղձագործ Խարբերդէն:

4.- Յովհաննէսի աղջիկը` Թրվանտա, մօր անունը` Մարիամ, եղբօր անունը` Պետրոս, քրոջ անունը` Սալբի, մեծ եղբօր անունը` Սամուէլ:

5.- Պետրոս Յակոբ Սարգիսեան, Պրուսայի Քերամեթ գիւղէն, քրոջ անունը` Արմենուհի, հօրեղբօր անունը` Փիլիպոս, մօր անունը` Կատար: Կ՛ըսէ, թէ հօրեղբայրը Փարիզ է:

6.- Մարիամ Յովհաննէս Փափազեան, մօր անունը Սրբուհի, եղբօր անունը` Զարեհ, պզտիկ եղբօր անունը` Ռուբէն, Աֆիոն Գարահիսարէն, տուներնին հին եկեղեցւոյ դիմաց էր:

ԾԱՆՕԹ.- Տեղեկութիւն ունեցողներէն կը խնդրուի իմացնել խմբագրութեանս:

Անհետացած Ժողովուրդներ

Կարգ մը գիտական հաստատութիւններ, Քոլոմպոսի կողմէ Ամերիկայի յայտնաբերման 500-ամեակի նախօրեակին, հրատարակեցին քարտէս մը, որուն համաձայն, Ամերիկա գտնուած է նորվեկիացի վիքինկներու կողմէ: Այս յայտարարութիւնը եւ ցոյց տրուած փաստերը չունենալով որեւէ գիտական հիմք` հերքուեցան անմիջապէս:

Վերջերս ճափոնցի գիտնականները յայտարարեցին, թէ Քոլոմպոսէն առաջ իրենք արդէն ճանչցած էին Նոր Աշխարհը: Անոնց այս պնդումը նոյնքան զուրկ է հիմնական տուեալներէ եւ անշուշտ պիտի հերքուի, որովհետեւ դեռ գոյութիւն չունի պատմական արժէք ներկայացնող փաստ մը, որ հաստատէ ճափոնցիներու վերջին պահուն ըրած յայտարարութիւնը:

Քոլոմպոսն է այն միակ անձը, որ յայտնաբերեց Նոր Աշխարհը: Անոր այս գիւտէն ետք է, որ մարդկութիւնը ճանչցաւ մինչեւ 1493 անծանօթ մնացած ցեղերը, որոնք կ՛ապրէին այդ երկրամասին մէջ: Քոլոմպոսի առաջին ճամբորդութեան ընթացքին յայտնաբերուեցան Պահամա կղզին, Քուպայի հիւսիսային ափը, Հայիթի կղզին, որ սկիզբը կոչուեցաւ Էսփանիոլա: Այդ կղզիին վրայ հիմնուեցաւ Նոր Աշխարհի առաջին քաղաքը, որ անուանուեցաւ Լա Նովիտատ (Ծնունդ):

Վերադառնալով Սպանիա` Քոլոմպոս մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ Սպանիոյ Ֆերտինանտ թագաւորին եւ Իզապելա թագուհիին կողմէ:

Հաւատացած ըլլալով, որ ալ գտնուած է Հնդկաստանի ճամբան, Քոլոմպոս իր շուրջ հաւաքեց ոսկի գտնելու տենդէն բռնուած արկածախնդիրներ եւ 1493-ին հասաւ Փորթօ Ռիքօ, Սան Տոմինկօ եւ Կուատելուփ կղզիները: Այս վերջին կղզիին բնիկները բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին եկուորներուն: Այդ պատճառով Քոլոմպոս զանոնք անուանեց մարդակեր, իսկ անոնց սկզբնական անունը Քարիպ էր: Հուժկու մարդիկ էին եւ իրենք իրենց աւելի սարսափելի տեսք մը տալու համար աչքերուն շուրջ կարմիր ներկ քսած էին: Բնիկներուն դիմադրութիւնը փշրուեցաւ: Մեծ մասը ջարդուեցաւ, իսկ ազատողներն ալ զոհ գացին հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու:

Այս կղզիներուն մէջ սպանացիները չգտան ակնկալուած ոսկին, սակայն գտան շատ շահաւէտ գործ մը` ստրուկներու առեւտուրը: Բնիկ ժողովուրդին պակասը եկան լեցնելու Եւրոպայէն բերուած արկածախնդիրներ ու դատապարտեալներ, իսկ դար մը ետք` Ափրիկէէն բերուած ստրուկները:

Ա. Ա.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սօսէ Մայրիկ. Յեղափոխական Հայուհիի Դաշնակցական Տիպարը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?