Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1966)

Փետրուար 8, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական Կեանք

Միջազգային Զբօսաշրջութեան Զարգացումը
Եւ Լիբանանի Նոր Ծրագիրները

Միջազգային զբօսաշրջութիւնը մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեց 1965-ին: Այս առթիւ հրատարակուած վիճակագրութիւններէ կը տեղեկանանք, որ 1965-ին, 117,7 միլիոն զբօսաշրջիկներ զանազան երկիրներ այցելած են նախորդ տարուան 110 միլիոնին դիմաց: Ուստի 7 առ հարիւր յաւելում եղած է այս յոյժ հասութաբեր ճիւղին մէջ:

Իսկ գալով դրամական եկամուտներուն` 1965-ին զբօսաշրջիկներուն ծախսած գումարները հասած են 11.460 միլիոն տոլարի, 1964-ին 10.339 միլիոն տոլարի դիմաց: Հոս եւս 12 առ հարիւր յաւելում արձանագրած է միջազգային զբօսաշրջութիւնը: Այս տեղեկութիւնները տրուած են 70 երկիրներու պաշտօնական մարմիններուն կողմէ:

Եւրոպա առաջին տեղը կը գրաւէ զբօսաշրջութենէն օգտուելու մարզին մէջ` իր 85 միլիոն յաճախորդներով (74,2 առ հարիւր), ապահովելով 7.300 միլիոն տոլարի մուտք (64,4 առ հարիւր):

Ապա կու գայ Հիւսիսային Ամերիկա, որ երկրորդ տեղը կը գրաւէ իր 19 միլիոն զբօսաշրջիկներով (16,4 առ հարիւր) եւ 1.875 միլիոն տոլարի եկամուտներով (16,2 առ հարիւր):

Համաշխարհային զբօսաշրջութեան մէջ Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա առաջին կարգի վրայ կու գան իբրեւ արտասահման զբօսաշրջիկներ ղրկող երկիրներ:

Արդարեւ, բոլոր երկիրներուն մէջ ալ զբօսաշրջութեան ճիւղը կը զարգանայ արտաքին աշխարհի պահանջին վրայ 10-12 առ հարիւր համեմատութեամբ` ընդունող երկիրներուն ապահովելով շօշափելի եկամուտներ` առանց դրամագլուխի: Եւ իրաւամբ, տնտեսապէս աղքատ երկիրներ, ինչպէս` Իտալիա, Յունաստան, մեծ աշխատանքներ կը տանին զբօսաշրջիկները գոհացնելու, տեսարժան պատմական վայրերուն այցելութիւնը դիւրացնելու, արդիական հանգստաւէտ հիւրանոցներ կառուցելու, ամառուան եւ ձմեռուան եղանակներուն մարմնամարզի վայրեր պատրաստելու, ծովային լողարաններ եւ դահուկելու շրջաններ կազմակերպելու համար:

Ֆրանսայի (որ Եւրոպայի մէջ ամէնէն շատ յաճախուած երկիրն է զբօսաշրջիկներու կողմէ) տարեկան եկամուտը զբօսաշրջութենէն միլիառներու կը հասնի: Հակառակ անոր որ Ֆրանսա եւ յատկապէս Փարիզ քաղաքը ապրուստի տեսակէտէն աշխարհի ամէնէն սուղ քաղաքներէն կը նկատուի, դարձեալ միլիոնաւոր անգլիացիներ կու գան շաբաթավերջը Փարիզ անցընելու: Իսկ միլիոնաւոր ամերիկացիներ ալ Ֆրանսա կ՛երթան զուարճանալու:

Գալով եւրոպական միւս երկիրներուն, ինչպէս` Անգլիա, Պելճիքա , Արեւմտեան Գերմանիա, Աւստրիա, հոս եւս զբօսաշրջութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ: Մէկ խօսքով, զբօսաշրջութիւնը եկամուտի աղբիւրներ ապահովող ճարտարարուեստներէն կը համարուի անխտիր բոլոր երկիրներուն կողմէ: Այս պատճառով զբօսաշրջութեան պատասխանատուները կ՛աշխատին ամէն գնով օտար զբօսաշրջիկները գոհ ձգել, մաքսային եւ անցագրային գործողութիւնները դիւրացնել, հիւրանոցներու մէջ թէ տեսարժան վայրերու շրջագայութեան համար դիւրութիւններ ստեղծել: Արդէն բազմաթիւ երկիրներու մէջ զբօսաշրջութեան գրասենեակը պատրաստած է մասնաւոր անձնակազմեր` օտար լեզուներ գիտցող երիտասարդներէ բաղկացած:

Այժմ այս բոլորը տեսնելէ ետք, ի՞նչ կը մտածեն Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան ապագայի մասին:

Լիբանան` իր բնական աղբիւրներով աղքատ երկիր մը, բայց հարուստ` իր պատմական նշանաւոր վայրերով, բնական գեղեցիկ տեսարաններով, լեռներով եւ ամարանոցներով, մշտադալար մայրիներու անտառներով, ծովային մարզաձեւերու կազմակերպութիւններով, իտէալ պայմաններ ունի ապագային աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ գրաւելու` հարստացնելով երկրին ազգային ընդհանուր եկամուտը: Հետեւաբար Լիբանանի պատասխանատուները անտարբեր չեն կրնար մնալ այսքան հասութաբեր ճիւղի մը ապագային նկատմամբ:

Արդարեւ, Զբօսաշրջութեան ազգային խորհուրդը, զարգացնելու համար զբօսաշրջութիւնը, 15 տարուան համար ծրագիր մը պատրաստած է, հետեւեալ ձեւով.

1965-ին` 540.000 հոգի, 1966-ին` 648.000 հոգի, 1970-ին` 1.080.000 հոգի, 1975-ին` 2.080.000 հոգի, 1980-ին` 3.700.000 հոգի:

Ուրեմն, զբօսաշրջութենէն գոյանալիք հասոյթները պիտի հաւասարին Լիբանանի ազգային եկամուտներու կէսին: Ինչպէ՞ս:

Հաշիւ եղած է, որ 1961-ին  զբօսաշրջիկները 132 միլիոն լ. ոսկի ծախսած են Լիբանանի մէջ (առանց հաշուելու ուսանողական ծախսերը), 150 տոլար կամ 440 լ. ոսկի անձ գլուխ: Կը կարծուի, որ հետզհետէ զբօսաշրջիկներու թիւը պիտի աւելնայ եւ եկողները աւելի երկար ատեն պիտի մնան Լիբանանի մէջ, բայց նուազ պիտի ծախսեն: Այսպէս, 1980-ին անձ գլուխ 290 լ. ոսկի պիտի ծախսուի:

Զբօսաշրջութեան գրասենեակի տուած տեղեկութեանց համաձայն, 1959-1964 տարեկան յաւելումը եղած է 20 առ հարիւր տոկոսով: Այս հաշիւով 15 տարի ետք` 1980-ին Լիբանան պիտի այցելեն (հիմ առնելով 1965-ի 540.000 զբօսաշրջիկներու թիւը) 3.700.000 հոգի:

Լիբանանի ազգային ընդհանուր եկամուտը 1961-ին եղած է 1.790 միլիոն լ. ոսկի: Այս գումարը 1965-ին հասած է 2.200 միլիոն լ. ոսկիի: Ուստի ազգային եկամուտին յաւելումը 5,3 առ հարիւր տոկոսով բարձրացած է:

Արդ, հիմնուելով վիճակագրական այս տուեալներուն վրայ` 1980-ին Լիբանանի, ազգային եկամուտը պիտի հասնի, զբօսաշրջութեամբ միասին, 4780 միլիոն ոսկիի, որուն 2.570 միլիոնը պիտի գոյանայ զբօսաշրջութենէն: Մէկ խօսքով, Լիբանանի հասոյթները պիտի կրկնապատկուին, եթէ միջազգային քաղաքական կացութիւնը խաղաղ շրջան մը բոլորէ:

Միւս կողմէ, Լիբանանի բնակչութիւնը 1965-ին կը հաշուէր 2.100.000 հոգի: Եթէ տարեկան 2,3 առ հարիւր տոկոսով աճը շարունակուի, 1980-ին պիտի ունենանք 2.950.000 հոգի:

Արդարեւ, Զբօսաշրջութեան ազգային խորհուրդին նախատեսած ծրագիրները իրականանալու պարագային, 1965-ին ազգային եկամուտը, որ անձ գլուխ 1050 լ. ոսկի էր, 1980-ին պիտի բարձրանայ 1975 լ. ոսկիի:

Այս բոլոր ծրագիրներու գործադրութեան համար զբօսաշրջութիւնն ալ կը կարօտի շինարարական բազմաթիւ աշխատանքներու, ինչպէս` արդիական հիւրանոցներու կառուցում, ճամբաներու բարեկարգութիւն, օդակայանի ընդարձակում եւ այլ յարակից գործեր:

Եզրակացութիւն. 15 տարուան մէջ զբօսաշրջութեան շնորհիւ Լիբանանի ազգային եկամուտը անձ գլուխ մօտաւորապէս պիտի կրկնապատկուի, որուն 870 լ. ոսկին պիտի գոյանայ Լիբանան այցելող օտար զբօսաշրջիկներու ծախսերէն:

ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?