Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 1966)

Փետրուար 11, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարաշի Աղէտին
46-րդ Տարելիցը

Մարաշի աղէտին 46-րդ տարելիցին առիթով, կիրակի, 6 փետրուար 1966, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, պաշտօնական հոգեհանգիստ եւ պաշտամունք:

Կէսօրին Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը հոգեճաշ մը տուաւ միութեան ակումբի սրահին մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք եւ վեր. Յ. Ահարոնեան, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, պետական հայ երեսփոխաններ եւ մարաշցի երեւելի ազգայիններ:

Վարչութեան քարտուղար պ. Նազարէթ Սեֆերեան գեղեցիկ ուղերձով մը անդրադարձաւ այն ահաւոր աղէտին, որուն զոհ գնաց Մարաշի հայ ժողովուրդը:

Առաջին խօսքը տրուեցաւ պ. Անդրանիկ Ուրֆալեանին: Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս շեշտեց, որ երեք հոգեւոր պետերու նախաձեռնութեամբ, առանց գաղափարական եւ դաւանական խտրութեան, համազգային ոգիով ոգեկոչեցինք մեր նահատակներուն յիսնամեակը: Ոգեկոչե՛նք նաեւ մեր փառահեղ արշալոյսները: Ջերմօրէն կը մաղթենք, որ իրենցմով սկսած գործը պտղաբերի եւ իրենք ըլլան օրհնողը մեր իտէալներուն իրագործման:

Երկրորդ խօսքը տրուեցաւ պետական երեսփոխան Մ. Տէր Գալուստեանի, որ իբրեւ Հայկական լեգէոնի սպայ ֆրանսական ուժերուն հետ մասնակից ըլլալով Մարաշի ծանօթ դէպքերուն` յուզիչ դրուագներ պատմեց Մարաշի եղեռնէն եւ ողբերգական նահանջի մասին:

Այնուհետեւ խօսք առին մարաշցի հայրենակիցներէն տոքթ. Աստարճեան եւ Հալէպէն տոքթ. Անտոնեան:

Պահ մը ետք խօսք տրուեցաւ վեր. Յ. Ահարոնեանի:

«Պատանեկան յուշեր ունիմ Մարաշէն,- ըսաւ վերապատուելին: – Լուսաւորութեան եւ ուսման կեդրոն Մարաշը կը քայքայուէր, երբ հոն կը գտնուէի: Դիմադրութիւն մը ստեղծուեցաւ: Ասիկա առաւելութիւն մըն է, նոր ու առողջ տեսութիւն մը: Այդ ոգին պէտք է մեզի ժառանգ մնայ: Պէտք է դիմադրենք ապազգայնացման, անբարոյականութեան դէմ: Եթէ կրցանք ընել այս, իրաւունք ունինք ապրելու»:

Ապա խօսք տրուեցաւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքին:

«Մեր լսածը անշուշտ,- ըսաւ հոգեւոր տէրը,- մեր բոլորին սիրտը կը համակէ ցաւով: Դուք, հաւատարիմ ձեր ցեղային ժառանգութեան, աշխատեցաք մոռցնել անցեալի տխուր օրերը: Այսօր, փառք Աստուծոյ, Նոր Մարաշը ձեր ջանքերուն եւ աշխատանքներուն շնորհիւ կերտուեցաւ: Ներշնչուեցէք ձեր նախնեաց յիշատակով, անոնց կրօնասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին:

«Մեծ են այն ազգերը,- ըսաւ վեհափառը,- որոնք գիտեն յարգել ու ոգեկոչել իրենց նահատակներուն յիշատակը: Մեր ժողովուրդը երբեք չ՛անհետանար, երբ ունի սիրոյ, նուիրումի ու յարգանքի գիտակցութիւնը` հանդէպ իր նահատակներուն: Միշտ ոգեկոչենք անթառամ յիշատակը մեր սիրելի մեռելներուն: Արիանանք անոնց ազնիւ գաղափարներով, որոնց համար մեռան անոնք, որպէսզի մենք ծնինք ու ապրի հայութիւնը»:

Հոգեճաշը վերջ գտաւ վեհափառ հօր աղօթքով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հանգստացնող Լոգանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?