Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1966)

Փետրուար 2, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Կեանքը
Հազմիէ – Հատեթի Մէջ

Ազգային «Զաւարեան» Վարժարան

Պէյրութէն դէպի արեւելք, դէպի գիւղագնացութեան վայրերը տանող ճամբուն առաջին բարձունքներուն վրայ, իրարու սահմանակից, լայն տարածութեան մը վրայ կը գտնուին Հազմիէ եւ Հատեթ գիւղաքաղաքները, ուր շուրջ 150 հայ ընտանիք բնակութիւն հաստատած է: Շատեր սեփական բնակարաններ ունին:

Քանի մը տասնեակ հայորդիներու հայեցի դաստիարակութիւն տալու համար չորս տարիէ ի վեր Հատեթի մէջ գոյութիւն ունի ազգային «Զաւարեան» վարժարանը` վարձու երկու սենեակներու մէջ:

Վարժարանի հոգաբարձութիւնը եռանդուն աշխատանքի լծուած է եւ ամէն ջանք կը թափէ ոչ միայն պահելու համար դպրոցը, այլեւ` սեփական հողի մը վրայ ունենալու արդիական նախակրթարան մը:

Վերջերս «Օմար Խայեամ» պանդոկին մէջ հոգաբարձութեան կազմակերպած եւ աւանդութիւն դարձած պարահանդէսը աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրեց նիւթապէս թէ բարոյապէս:

Պարահանդէսը կը հովանաւորէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, կը նախագահէր տոքթ. Ժան Վասոյեան, սեղանապետութիւնը կը վարէր Լեւոն Փանոսեան, որ իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ անհրաժեշտ աշխատանքը տանելու ժամանակը եկած է, որպէսզի Հատեթի «Զաւարեան» վարժարանը օժտուի սեփական շէնքով մը:

Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ հոգաբարձութեան եռանդուն ատենապետը` Եփրեմ Զեքեան հոգաբարձութեան կողմէ ոսկիէ շքանշան մը նուիրեց տոքթ. Ժան Վասոյեանին: Շքանշանը յանձնեց Յակոբ Աշճեան եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց տոքթորին` Հատեթի հայութեան իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Ապա, գնահատելով հոգաբարձութեան տարած աշխատանքը, Աշճեան 400 լ. ոսկի նուիրեց վարժարանին: Իր կարգին, տոքթ. Վասոյեան 300 լ. ոսկի նուիրեց եւ տիկ. Վասոյեան` 150 լ. ոսկի: Եղան նաեւ այլ նուիրատուութիւններ:

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նոր Մասնաճիւղ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Հատեթի մասնաճիւղը, որ երկու տարիէ ի վեր գրեթէ դադրած էր գործելէ, շնորհիւ հոգաբարձութեան եւ Հատեթի ՀՅԴ «Խեչօ» եւ Հազմիէի «Ռոստոմ» խումբերու ջանքերուն, վերակազմուեցաւ իբրեւ Հազմիէ-Հատեթ միացեալ նոր մասնաճիւղ: Նորակազմ մասնաճիւղին վարչութիւնը առաջին իսկ առիթով այցելեց «Զաւարեան» վարժարան եւ նուիրեց 100 լ. ոսկի: Շուտով պիտի կազմուին նաեւ արծուիկներու խումբեր:

Արդարեւ, հետզհետէ հայութեամբ ստուարացող Հազմիէն եւ Հատեթը ուշագրաւ կեդրոններ կը դառնան:

Հազմիէի «Մխիթարեան» մանչերու երկրորդական եւ «Դարուհի Յակոբեան» աղջկանց երկրորդական վարժարաններու կողքին, պէտք է որ Հատեթի ազգային «Զաւարեան» վարժարանը փոխարինուի արդիական նախակրթարանով մը` սեփական շէնքով եւ մատուռով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համշենցի Եմ, Բայց Ինձ Անգլիացու Պէս Եմ Զգում. Ատնան Կենճ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?