50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1944)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Ներկայ Եղան Կաթողիկոսը, Վարչապետը Երեսփոխաններ Եւ Ծանօթ Ազգայիններ Լոլա Սասունի Պարգեւատրուեցաւ «Լիբանանի Մայրիներու Ազգային Կարգ»-ի Շքանշանով Ընտիր հասարակութիւն մը երէկ` կիրակի, 20 մարտ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ներկայ եղաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի օրուան շքեղ տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ «Սինեմա Տիւնիա»-ի ընդարձակ սրահին մէջ: Հանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա., իսկ նախագահութիւնը` Լիբանանի վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Օգնութեան խաչը: Վեհափառի ու վարչապետի կողքին, օթեակներու մէջ տեղ գրաւած էին պետական հայ երեսփոխանները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, ազգային մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները: Վարչապետի ժամանումին նուագուեցաւ լիբանանեան քայլերգը, որմէ անմիջապէս ետք սկսաւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1966)

Հայկական Դատը Լիբանանեան Մամուլին Մէջ «Անկախ Հայաստանը Ցնորք Չէ» Կը Յայտարարէ Ընկեր Սիմոն Վրացեան «Լը Ժուր»-ի «Լը Ժուր»-ի այսօրուան (19 մարտ) թիւին մէջ Նեժիպ Աուն առաջին էջին վրայ կ՛անդրադառնայ տեսակցութեան մը, որ ունեցած է անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի հետ: «ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՑՆՈՐՔ ՉԷ» կը յայտարարէ մեզի Հայաստանի վերջին վարչապետը» խորագրին ներքեւ լիբանանցի լրագրողը կու տայ Ս. Վրացեանի յայտարարութիւնները եւ իր տպաւորութիւնները: «Հայաստանի անկախութիւնը ցնորք չէ,- կը յայտարարէ Ս. Վրացեան:- Ի սփիւռս աշխարհի ցրուած 4.500.000 հայերը խոր հաւատք ունին, թէ օր մը պիտի տիրանան իրենց բռնագրաւուած հայրենիքին»: Հայաստանի նախկին վարչապետը պատրանքներ չունի սակայն, անկախութեան պայքարը պիտի ըլլայ երկար...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1966)

Խմբագրական Բանական Լուծումը (Ոսկեղէն Միջինին Ուղիով) Երէկուան մեր խմբագրականին մէջ կը հաստատէինք, թէ Հայկական Բարձրաւանդակը, աշխարհագրական իր դիրքին պատճառով, Մերձաւոր Արեւելքի գօտիին մէջ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կը խաղայ ճիշդ այն դերը, որ կը խաղայ Զուիցերիա Եւրոպայի մէջ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ: Նոյն բանը կ՛ըսէ նաեւ պատմական ճշմարտութիւնը, այն հիմնական միակ պայմանով, որ Հայաստան, իբրեւ անկախ եւ միացեալ պետութիւն, դառնայ քաղաքական մէկ ամբողջութիւն, վե՛րջ տրուի օտար ամէն տիրապետութեան եւ մեր երկրի արուեստական ամէն բաժանումի: Ուրիշ խօսքով` ստեղծել միացեալ եւ անկախ Հայաստան մը, որ իր կարգին, դառնայ Մերձաւոր Արեւելքի Նոր Զուիցերիան, եւ որուն չէզոքութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը երաշխաւորուած ըլլան միջազգային...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1966)

Խմբագրական Ոսկեղէն Միջինը (Քաղաքական Հնաւանդ Իմաստութեան Ուղիով) Ամէն տարի ճակատագիրը հիմնապէս կը նախասահմանուի իր երկրի աշխարհագրական դիրքով: Եւ եթէ երկրի մը աշխարհագրական կառուցուածքը իր անջնջելի դրոշմը կը դնէ ժողովուրդի մը խառնուածքին, անոր հոգեմտաւոր աշխարհին վրայ, ապա, միաժամանակ, նո՛յնքան վճռական, բախտորո՛շ նշանակութիւն ունի նաեւ տուեալ ազգի քաղաքական ճակատագիրին մէջ: Այս ճշմարտութիւնը ամէնէն աւելի ցայտուն ձեւով երեւան կու գայ առանձնապէս հայ ժողովուրդին պարագային: ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ահա՛ հրեղէն ու նուիրական այն բառը, զոր պատմութիւնը դրոշմեց հայ ժողովուրդի ճակատին` իբրեւ ազգային ճակատագիր, անմեկնելի՛, այլեւ անյեղլի՛: Վկա՛յ Փոքր Ածուի երեքհազարամեայ պատմութիւնը: Ուստի, կարդալ կամ հասկնալ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրը ընդհանրապէս` կը նշանակէ կարդալ, բայց մանաւանդ ճի՛շդ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1966)

«Բանախօսութիւններ» Հեղինակ` Տոքթ. Ռ. Թագւորեան Նոր լոյս տեսաւ տոքթ. Ռուբէն Թագւորեանի «Բանախօսութիւններ» 120 էջնոց պատկերազարդ գրքոյկը, որուն հրատարակութեան մեկենասութիւնը սիրայօժար յանձն առած է Յակոբ Տէր Մելքոնեան: Հեղինակը` տոքթ. Ռուբէն Թագւորեան, շուրջ կէս դար ապրած է Կիպրոսի մէջ եւ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն: «Բանախօսութիւններ»-ու այս գրքոյկը կը բովանդակէ տոքթ. Ռուբէն Թագւորեանի ազգային տօնակատարութիւններու եւ յիշատակի հանդիսութիւններու ընթացքին խօսած ազգայնաշունչ բանախօսութիւնները: 1936, 1947, 1949, 1950 եւ 1957 մայիս 28-ի տօնակատարութիւններուն խօսած բանախօսութիւնները, 1959-ին, իր յոբելեանի հանդիսութեան ընթացքին խօսած ճառը եւ Յակոբ Փալամուտեանի խօսած ճառը` ուղղուած յոբելեարին, ինչպէս նաեւ 1965-ին` Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով տեղի ունեցած յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին խօսած բանախօսութիւնը: Գին`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1966)

Երուսաղէմի Հայոց Վանքի Մեծարժէք Ձեռագրերը Երուսաղէմի հայոց Ս. Յակոբեանց դարաւոր վանքը հիմնուած է խաչակիրներու արշաւանքէն շատ առաջ, ըստ աւանդութեան, հայոց Տրդատ Գ. թագաւորի օրերուն: Ս. Յակոբայ վանքին մէջ մինչեւ այսօր կը պահուին Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորին մականը, արժէքաւոր շուրջառներ, եպիսկոպոսական թագեր, ոսկեայ սկիհներ եւ մեծարժէք աւետարաններ: 1897-էն ի վեր վանքի ձեռագրերը կը պահուին յատուկ պատրաստուած 16 գրապահարաններու մէջ եւ կը գտնուին ԺԳ. դարուն կառուցուած Ս. Թորոս եկեղեցիին մէջ: Կան 3700 ձեռագրեր, որոնք Երեւանի մատենադարանէն ետք, իրենց քանակով ու արժէքով լաւագոյններն են: Բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն Ագաթանգեղոսի, Մովսէս Խորենացիի, Փաւստոս Բիւզանդի եւ Եւսեբէոս Կեսարացիի պատմական երկերու ժողովածուն, Պօղոս Արարատցիի թիւ 1 Ճառընտիրը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1966)

Խմբագրական Առաքելութիւն (Ուսուցիչներու «Օր»-ուան Առթիւ) Այսօր ամբողջ Լիբանանը կը տօնէ ուսուցիչներուն «օր»-ը: Կը տօնենք նաեւ մենք: Աղուոր օր մըն է ուրեմն: Արդար տօն մը` արժանաւորներուն առ ի գնահատութիւն: Ճիշդ է` շատերու համար բառ մըն է ուսուցչութիւնը: Ուրիշներու համար սանկ-նանկ արհեստ մըն է: Ոմանց համար ողբերգութիւն է ուղղակի, իսկ ոմանց համար ալ տարապարհակ բեռ մըն է պարզապէս: Կան ալ, որ տեսակ մը ապաստանարանի վերածած են նուիրական այս ասպարէզը: Այսպէս է քիչ մը ամէն տեղ: Կեանքի բերումն է յաճախ, պայմաններու հարկադրանքն է երբեմն, կարիքին ճնշումն է նաեւ: Բայց այսպէս է: Եւ ադպէս պէտք չէ՛ ըլլայ անշուշտ, չի կրնար մնալ միշտ: Ի հարկէ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 տարի առաջ (11 Մարտ 1966)

50 տարի առաջ (11 Մարտ 1966)

Ի՞նչ Անուն Տալ Քանի մը տարի առաջ, երբ արտագաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Աւստրալիա ծաւալուն համեմատութիւններ կը ստանար, այս սիւնակներէն սրտի խոր կսկիծով ու դառնութեամբ կը մատնանշէինք հայութեան ներկային ու ապագային սպառնացող վտանգը` ազգային աղէտ որակելով զայն: Դէպի հեռաւոր հորիզոններ գաղթելու, անծանօթ երկիրներու մէջ նոր բոյն շինելու եւ նոր տնտեսութիւն ապահովելու բաղձանք ունեցողները ամէնէն առաջ մեր այն հայրենակիցներն էին, որոնց երկրորդ հայրենիքները վերջին աշխարհամարտէն ետք ինկեր էին պոլշեւիկեան բռնակալութեան տակ: Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ մեր երբեմնի բարեկեցիկ ու շէն գաղութները մէկ օրէն միւսը դիմագիծ փոխեցին: Նոր վարչաձեւը, հետեւելով համայնավարական սկզբունքներուն` ջնջեց մարդկային տարրական ազատութիւնները այդ երկիրներուն մէջ: Միւս կողմէ` միջազգայնականութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1966)

Համազգայինի Էշրեֆիէի Մասնաճիւղ Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին կազմակերպած արտասանական մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 մարտ 1966, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» սրահին մէջ: Մրցումին կը մասնակցէին հինգ երկրորդական վարժարաններ` Անթիլիասի դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինը, «Նշան Փալանճեան» ճեմարան, «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճ, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան եւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան: Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Հայկազուն Թրթռեան: Ան յայտնեց, թէ մրցումին մասնակցողները պարտադիր պիտի արտասանեն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ասացուած ծառ տնկելու առթիւ»-ը եւ ազատ արտասանութիւն մը` իրենց նախասիրութեամբ: Մասնակցեցան` Սալբի Անտիլեան, Երուանդ Գոչունեան, Կիւլէն Հավուճեան, Ռիթա Մղջեան, Սերոբ Մորոյեան, Մարգրիտ Մղտեսեան, Անահիտ Չագալեան, Նոյեմի Չատրեան, Նշան Պասմաճեան եւ Յովհաննէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1966)

Համազգայինի Տարեկան Ցուցահանդէսը Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղը այս տարի եւս, հաւատարիմ իր աւանդութեան, կը ներկայացնէ 19 լիբանանցի հայ եւ արաբ նկարիչներու գործերը, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Այս ցուցահանդէսի ամէնէն ինքնատիպ մասը կը կազմէ իր խորագիրը` «Arts Graphiques», կամ այն, ի՛նչ որ կապ ունի տպագրութեան հետ: Իր տեսակին մէջ առաջինը` Լիբանանի մէջ: Ցուցահանդէսին ըստ օրինի կրնային մաս կազմել ժանտաջուրով փորագրումներ, ապա տպագրումներ, գրքերու էջերու նկարազարդումներ, ծանուցումներ եւ այլ մասնագիտական արուեստի գործեր: Սակայն անոր նկարչական աւելի բարձր մակարդակ մը տալու մտահոգութեամբ, հոն առաջին տեղը տրուած է ինքնատիպ գծագրութիւններու: Գիր, գծագրութիւն եւ շարադրում` պարտադրօրէն սեւ-ճերմակ քոնթէ, չինական մելան, ժանտաջուրով փորագրում...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1966)

Խմբագրական Ուրախառիթ Երեւոյթ Ո՛վ որ մօտէն կը հետեւի մամուլին, խոր բերկրանքով պիտի հաստատէ,  որ հայ տաղանդը կը փթթի ամէնուրեք եւ նորանոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ քիչ մը ամէն մարզի մէջ: Հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները գրեթէ ամէն օր նոր անունի մը կը հանդիպինք, որ փաստը կու տայ մեր կենսունակութեան ու ստեղծագործ ոգիին, եւ որ պատիւ կը բերէ հայութեան: Առանց չափազանցութեան մէջ իյնալու կրնաք ըսել, որ երեւոյթը այնքան սովորական բնոյթ ստացած է, որ կարծես ա՛լ չենք իսկ անդրադառնար: Արդարեւ, հայ ստեղծագործ միտքը, գրեթէ ամէն ուղղութեամբ առագաստ պարզած, նուաճումէ նուաճում կ՛ընթանայ: Հայ միտքը, հայ տաղանդը կը պարտադրէ ինքզինք ամէն մարզի մէջ եւ ամէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1966)

ՀՅԴ 75-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Ուոթըրթաունի Մէջ Կիրակի, 27 փետրուար 1966, Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Մեծագոյն Պոսթընի ՀՅԴ միջկոմիտէականին կազմակերպած` ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակին շքեղ տօնակատարութիւնը: Ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուած է: Նախագահած եւ բացման խօսքը ըրած է Վարուժան Ազապլար: Վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուած է հայրենքի ազատութեան համար ինկած դաշնակցական հերոսներուն յիշատակը: Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: ՀԵԴաշնակցութեան կողմէ Կարօ Ղարիպեան ուղերձով մը շնորհաւորած է 75-ամեակը եւ յայտարարած է, թէ երիտասարդները միշտ հաւատարիմ պիտի մնան ՀՅ Դաշնակցութեան: Եկեղեցւոյ եւ յարակից քոյր կազմակերպութիւններու կողմէ խօսած է Թորգոմ քհնյ. Յակոբեան: ՀՕ Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1966)

Ամերիկահայ Գիտնական Վահէ Քիւփելեան Վահէ Քիւփելեան ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան կարեւոր գիտնականներէն է: Ծնած է Թուրքիա, 1913-ին, Տարագրութենէն ետք, 1923-ին, իր մօր հետ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ: Շրջանաւարտ` Էքրընի համալսարանի ճարտարագիտութեան ճիւղէն, 1939-ին, Մասաչուսեցի մէջ կը ստանայ գիտութեանց պսակաւորի տիտղոս: Օդանաւաշինական ընկերութեան մը մէջ աշխատելէ ետք, պատերազմի տարիներուն իբրեւ պատասխանատու ճարտարագէտ «Էֆ 2 Ճի» օդանաւերու պատրաստութեան մէջ լայն փորձառութիւն ձեռք կը բերէ: 1949-ին կը մտնէ պետական ծառայութեան մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու Հիմնաչափերու գրասենեակին մէջ ղեկավարեալ միջին շառաւիղով հրթիռներու ծրագրի տնօրէնին խորհրդական կը նշանակուի: Այնուհետեւ Վահէ Քիւփելեան կը վարէ նաւային ռազմազինական փորձնական ճարտարագիտական բաժնի տնօրէնի պաշտօն եւ կը նշանակուի հրթիռներու դրութեան ճարտարագիտական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1966)

Գեղարուեստական Կեանք Փոլ Կիրակոսեանի Ցուցահանդէսը «Լ՛Օրիան»-ի ցուցասրահին մէջ ցուցադրութեան դրուած են Փոլ Կիրակոսեանի նկարները: Ահաւասիկ նկարիչ մը, որուն նկարներուն, ցուցադրութեան կ՛արժէ երթալ, ո՛չ միայն այս տարի, այլեւ յառաջիկայ տարիներուն: Կ՛ըսենք` յառաջիկայ տարիներուն, որովհետեւ իրապէս հետաքրքրական է անոր արուեստին հոլովոյթը: Տեսակցութեան մը ընթացքին Կիրակոսեան անկեղծօրէն ու համոզումով կը խօսի ընդհանրապէս նկարչական արուեստի մասին: Իր գաղափարները յստակ ու պարզ են: «Ինծի համար ձեւադրոշմը (figurative) իր վերջնական ձեւին հասած չըլլալով` կը փորձեմ այս ճիւղին մէջ նորութիւն մը բերել: «Արեւելքի տաք գոյներով, ուժեղ զգացումներով եւ աւելի յախուռն խառնուածքով, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի պաղարիւն իմացականութեամբ կը փորձեմ նոր արտայայտութեան աշխարհ մը ստեղծել արուեստական կեանքի հոլովոյթին ընթացքով»:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1966)

Հայ Կեանք Պոլսոյ Պատրիարքին Զեկոյցը` Ամերիկա Իր Այցելութեան Մասին Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս, որ 1965 սեպտեմբերին Ամերիկա մեկնած էր առողջական պատճառներով եւ «Ս. Խաչ» դպրեվանքի նիւթականը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու համար, վերադարձէն ետք, Կրօն. ժողովի փետրուար 21-ի նիստին մէջ, գրաւոր զեկոյցով տեղեկութիւններ տուած է իր առաքելութեան մասին: Սրբազան պատրիարքը այցելած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայաշատ քաղաքները: Արժանացած է ջերմ ընդունելութեան եւ տեղեկութիւններ տուած է թրքահայ համայնքի մասին` ներկայացնելով անոր կրօնական, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւնները: Ծանրացած է յատկապէս մնայուն եկամուտի աղբիւրներէ զուրկ` «Ս . Խաչ» դպրեվանքին նիւթապէս օժանդակելու անհրաժեշտութեան մասին: Պատրիարքը իր զեկոյցին մէջ գոհունակութեամբ կը հաստատէ, թէ իր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1966)

Ուրուկուէյի  Հայ Գաղութը Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն փոքր երկիրն է Ուրուկուէյ: Ունի 186.926 քառ. քմ. տարածութիւն եւ 2.914.00 բնակիչ: Ուրուկուէյի ազգային հերոսն է Արթիկաս, որ ապստամբութեան դրօշ պարզած էր 1814-ին: Մայրաքաղաքն է Մոնթեւիտէօ: Շուրջ 10,000 հայեր կ՛ապրին Ուրուկուէյի մէջ: Առեւտուրի բոլոր ճիւղերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ հայերու: Շատեր նպարավաճառ են: Ուրիշներ հիմնած են միսի մեծաքանակ վաճառման տուներ: Կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն նաեւ կօշիկի ճարտարարուեստով զբաղողները: Գաղութը ունի եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը քառասուն տարուան կեանք մը ունի, որուն «Վռամեան» ակումբը ժամադրավայր մը դարձած է բոլորին: Ունի հանդիսասրահ ու մարզադաշտ: Դաշնակցութեան կողքին կայ «Արմենիա» երիտասարդաց Միութիւնը: Հայ օգնութեան միութիւնը իր...

Կարդալ ԱւելինDetails

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պէտք է հաւատալ հարցի մը, եթէ նոյնիսկ անիկա անկարելի թուի: Լաւատեսութիւնը զօրաւոր ուժ մըն է, որ կը բարելաւէ մթնոլորտը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Գործնական պէտք է ըլլալ կալուած մը գնելու կամ ծախելու պարագային: Այս մարզին մէջ դուք առանձին չէք, հետեւաբար հարցը ձգեցէք բախտին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւ քնանալու վարժութիւն մը, լաւ սննդականոն մը պիտի ըլլան ձեր վիճակը բարելաւող միջոցներ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ձեր խօսակիցը հմայելու առիթ մը պիտի ունենաք: Այս վերաբերումը ձեր դիմաց պիտի բանայ յաջողութեան ճամբան: ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս) Անցեալի վերաբերեալ պատահար մը ձեր կարօտը պիտի գրգռէ:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1966)

Խրախուսիչ Երեւոյթով Շաբաթ, 19 փետրուարին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգ. քոլեճի Բարեկենդանի տարեկան մեծ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ ազգ. բարերար Գ. Չաթալպաշեանի: Գիշերուան ժամը 9:30-էն ետք, հետզհետէ ստեղծուեցաւ խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ` շուրջ 700 հայրենակիցներու ներկայութեան Ժամը 10:00-ին, երբ Գ. Չաթալպաշեան իր ընտանեկան պարագաներուն հետ ժամանեց, ժողովրդական խանդավառութիւնը իր լիութեան հասաւ: Պատուոյ սեղանը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին նաեւ տէր եւ տիկին Կարօ Սասունի: Երեկոյթի պաշտօնական մասը սկսաւ ժամը 10:30-ին, քոլեճի տնօրէն Կ. Պետրոսեանի բարի գալուստի եւ երեկոյթի նպատակին շուրջ իր խօսքին ընթերցումով: Այնուհետեւ զոյգ նուագախումբեր փոխն ի փոխ ջանացին իրենց լաւագոյնը ընել` գոհ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Փետրուար 1966)

Արժանթինի Հայ Գաղութը Հարաւային Ամերիկայի ընդարձակ երկիրներէն է Արժանթին: Ունի 2.794.000 քառ. քմ տարածութիւն եւ շուրջ 22 միլիոն բնակիչ: Արժանթին անկախութիւն հռչակած է 1816-ին: Ազգային հերոսն է Սան Մարթին: Մայրաքաղաքն է Պուէնոս Այրէս: Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն հայաշատ կեդրոնն է Արժանթին: Շուրջ 40-50 հազար հայեր կը բնակին: Լաւ կազմակերպուած գաղութ մըն է: Ունի եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ եւ շուրջ 60 միութիւններ: Առաջնորդն է Բաբգէն արք. Ապատեան: Հայերը բարեկեցիկ են: Կան 100-150 միլիոնատէրեր: Պուէնոս Այրէսի ազգային-եկեղեցական գործերու վարիչն է Ազգային կեդրոնական վարչական խորհուրդը, որ կ՛ընտրուի Հայ կեդրոնի ընդհանուր ժողովէն, որուն կրնան անդամակցիլ արժանթինաբնակ բոլոր հայերը անխտիր: Հայ կեդրոնը ունի իր ծրագիր-կանոնագիրը` վաւերացուած կառավարութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Փետրուար 1966)

Վարդանանց Եւ Փետրուար 18-ի Տօնախմբութիւնը Երուսաղէմի Մէջ Շաբաթ, 19 փետրուար 1966, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Վարդանանց եւ փետրուար 18-ի ապստամբութեան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ: Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր: Արքայական քայլերգէն ետք բացման խօսքը ըրաւ Գ. Սեւան: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի նորակազմ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Հ. Գալայճեանի: Մեներգեց Ն. Գարմանտարեան: Նուագեցին` Անի Ստամպոլեան եւ Հ. Գալայճեան: Արտասանեց Մ. Լեպլեպիճեան եւ «Վարդանի ճառը» կարդաց Կարօ Հեքիմեան: Բանախօսեց Կ. Մարտիրոսեան: Փակման խօսքը ըրաւ Ս. Յակոբայ լուսարարապետ Հայրիկ արքեպիսկոպոս: Հանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ ընտանեկան խրախճանք: Յեղափոխական եւ ազգային երգերու ոգեւորիչ մթնոլորտին մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» խմբերգով:...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 52 of 69 1 51 52 53 69

Արխիւներ