50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1966)

Խմբագրական Անաւարտ Երազին Ի Խնդիր Զգալի աշխուժացում մը կայ մեր պատանեկան միութեանց շարքերուն մէջ: Այս աշխուժացումը կ՛արտայայտուի, ընթացիկ գործունէութեանց կողքին, նաեւ հրապարակային ձեռնարկներով: Կիրակի օր պիտի տօնակատարեն, օրինակ, հայկական ազատամարտի աննման մարտիկներէն եւ հերոսներէն` սքանչելի Բաբգէն Սիւնիի մահուան 70-ամեակը: Յեղափոխական նուիրեալ ու գաղափարապաշտ գործիչ մը, որ իր ծաղիկ կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի դարաւոր երազի իրականացման ճամբուն վրայ եւ Հայաստանի ազատագրութեան ի խնդիր իր հերոսական մահով ինկաւ 26 օգոստոս 1896-ին, Օսմանեան դրամատան գրաւման օրը: Ձեռնարկ մը, որուն նախաձեռնութիւնն ու գործադրութիւնը կը պարտինք գլխաւորաբար անոր, եւ որ գլուխ հանուեցաւ իր եւ իր գաղափարակիցներուն յեղափոխական ձեռներէցութեան, նուիրումին ու խիզախումին շնորհիւ: Ձեռնարկ մը, որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1966)

Սփիւռքահայ Բարեկամներուն 1969-ին կը լրանայ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակը: Այդ առիթով Թումանեանի տուն-թանգարանը կը նախատեսէ կազմել բանաստեղծի գործերուն մատենագիտութիւնը եւ լոյս ընծայել «Թումանեանը համաշխարհային գրականութեան մէջ» խորագրով գիրք մը: Ուստի թանգարանը կը դիմէ սփիւռքահայ մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ կը խնդրէ օգնել այդ գործին, ուղարկել բանաստեղծի` արտասահմանի մէջ լոյս տեսած ստեղծագործութիւնները հայերէն եւ օտար լեզուներով, անոր մասին` ինչպէս առանձին գիրքերով, այնպէս ալ զանազան ամսագրերու, ժողովածուներու եւ թերթերու մէջ տպագրուած նիւթերը: Այն պարագային, երբ հնարաւոր չըլլայ ուղարկել հրատարակութիւնները, կը խնդրենք զանոնք փոխարինել ֆոթոպատճէնով կամ միքրոֆիլմով` նշելով հետեւեալ տուեալները` հրատարակութեան վայրը, թերթի, գրքի կամ ամսագրի անունը, տարեթիւը, ամսաթիւը, համարը եւ էջը: Միաժամանակ կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Ապրիլ 1966)

«Ռոստոմ» Կոմիտէի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մայիս, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, պանդոկ «Օմար Խայեամ»-ի շքեղ սրահին մէջ: Ներկայ եղան ՀՅԴ Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ հոծ թիւով ընկերներ ու համակիրներ: Կոմիտէի ներկայացուցիչ Միհրան Քիւրտօղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, թէ ճաշկերոյթ-պարահանդէսին կազմակերպումը կը նպատակադրէր նախ մէկտեղել կոմիտէի ընկեր ու համակիր երկսեռ շրջանակը ու միասին հաճելի ժամանց մը անցընել, ապա ապահովել նիւթական հասոյթ մը` իրագործելու համար ակումբի ծրագրուած բարեզարդումը: Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Ուրֆալեան խօսք առնելով` ի միջի այլոց ըսաւ. «Հրուանդանի կուսակցական շղթայի մէկ փոքր օղակն է «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1966)

Հայկական Հարցը Միջազգային Բարոյականի Խնդիր Պուէնոս Այրեսի «Լա Փրենսա» թերթը իր 28 ապրիլի թիւին մէջ արձագանգ կ՛ըլլայ դասախօսութեան մը, որ տեղի ունեցած է արժանթինեան մայրաքաղաքի սրահներէն մէկուն մէջ` նախագահութեամբ տոքթ. Խոսէ Արսէի: Նախաձեռնութեամբ Արժանթինեւհայկական մշակութային հաստատութեան, Խուան  Անթոնիօ Սոլարի Միջնակարգ ուսմանց հաստատութեան մէկ սրահին մէջ դասախօսութիւն մը սարքեց «Միջազգային բարոյականի խնդիր մը, Հայկական հարցը» նիւթին շուրջ: Նախաձեռնող մարմինին նախագահը, տոքթ. Խոսէ Արսէ, ծանօթացուց ունկնդիր հասարակութեան դասախօսը, որ խօսք առնելով` պատկերացուց հայ ժողովուրդին ոդիսականը եւ մասնաւոր կերպով շեշտեց 1915-ի անցքերը, յեցած` թրքական պաշտօնական վկայութեանց եւ ապացոյցներու: Դասախօսը հայոց երեք հազար տարուան պատմութեան վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետեց եւ նշեց անոր տնտեսական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1966)

Ակնարկ Բանաստեղծ Նախագահը Լիբանան երէկ արժանաւորապէս ընդունեց մեծարժէք հիւր մը` նորանկախ Սենեկալի իմաստուն նախագահը, որ շնորհիւ իր քաղաքական փորձառութեան եւ խոհեմ քաղաքականութեան, իր երկիրը դարձուցած է խաղաղութեան ովասիս մը փոթորկոտ Ափրիկէի արեւմտեան ծայրամասին վրայ, շրջապատուած անկայուն վարչակարգերու մտահոգիչ դրացնութեամբ: Լէոփոլտ Սենղոր ոչ արաբական Ափրիկէի առաջին նախագահն է, որ կ՛այցելէ Լիբանան, այն երկիրը, որուն համար բարոյական արժէքները վեր կը մնան թիւի եւ ուժի սովորական չափանիշներէն: Ու եթէ մեր երկիրը այսքան շատ կը խանդավառուի նախագահական այցելութեամբ, պատճառը այն չէ միայն, որ կ՛ընդունի պետութեան մը գլխաւորը, այլ որովհետեւ Սենղոր իր անձին մէջ կը միացնէ արժանիքներ, որոնք հազուադէպօրէն կը գտնուին պետական մարդոց մօտ: Քաղաքական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1966)

Նկարչական Կեանք  Հրայրի 9-րդ Ցուցահանդէսը Լիբանանահայ նկարիչ Հրայրի 9-րդ ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, մայիս 10-ին, «Օթել Ֆենիսա»-ի կալըրիին մէջ: Գրած էինք, որ Հրայր բացառիկ յաջողութիւն ունեցած է միշտ: Նախորդ ցուցահանդէսներուն դրուած իր բոլոր նկարները գնահատուած ու գրեթէ ծախուած էին: Այս անգամ եւս ցուցադրութեան դրուած 28 նկարները ամբողջութեամբ ծախուեցան, մանաւա՛նդ` առաւել գնահատումով: Ամէն օր հոծ թիւով արուեստասէրներ կ՛այցելեն ու իրենց անվերապահ գնահատանքը կ՛արտայայտեն Հրայրին: Մամուլի ներկայացուցիչներ, լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան իրենց թերթերուն մէջ եւ  շնորհաւորեցին հայ արուեստագէտը: Հրայր իր այս յաջողութիւնը անկասկած կը պարտի յարատեւ աշխատանքով ձեռք բերած նուաճումներուն: Արուեստի ըմբռնումով գծուած, առաւելաբար կարմիր, ապա կանաչ գոյներու տիրապետութիւնը ունեցող բազմերանգ իր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1966)

Խմբագրական Քաղաքական Աքթը Մեր այսօրուան թիւով կը հրատարակենք ամբողջական պատճէնը այն յուշագրին, զոր Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, մարտ 17-ին հանգամանօրէն յանձնեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան Քաղաքական գրասենեակի պետին, հայ ժողովուրդին անունով եւ Հայ դատին արդար լուծում մը գտնելու ակնկալութեամբ: Վերջին տասնամեակներու մեր տարեգրութեանց մէջ, միջազգային կազմակերպութեան մը խողովակով, առաջին անգամ է, որ քաղաքական աքթ մը կը գործուի հայութեան անունով: Փաստական այս արարքը ինքնին կարեւոր նշանակութիւն ունի. կարեւոր` ա՛յն իմաստով, որ Հայ դատը իրողապէս մուտք գործեց ՄԱԿ-ի կենդանի թղթածրարներուն մէջ, ուր իր օրինական ներկայութիւնը կը պահէ առկախ եւ լուծելի հարցերու շարքին: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան առած այս քայլը, անկախաբար փաստական իր կարեւորութենէն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1966)

Մեր Մամուլը Արմենիա Նոր Ուժերու Պէտք Ունինք Հայ տաղանդը փայլեցաւ մտաւորական բազմաթիւ մարզերու մէջ: Ունինք ճարտարապետներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ եւ ընկերային գիտութեանց վկայականով զինուած համալսարանականներ ամէն կողմ: Չունինք, սակայն, լրագրական բարձր խաւերու կապուած որակեալ դէմքեր: Հրապարակագրութեան պէս եւ աւելի չունինք նաեւ զուտ գրականութեամբ զբաղող երիտասարդ անուններ: Չենք կարծեր, որ ամէն ասպարէզի մէջ ընդունակ ուժեր հասցնող հայութեան կը պակսի գրական հակումներով սերունդ: Արուեստի այս ճիւղը ուրացուած մնաց սակայն, երբ երաժշտութեան մէջ հասան տասնեակ խոստումներ, երբ ունեցանք նոյնիսկ նկարիչներ եւ քանդակագործներ: Ազգային մեր ցաւերն ու պահանջները օտարներուն ներկայացնելու տեսակէտով ամէնէն աւելի պէտք ունինք գրողներու: Վիքթոր Կարտան մը, Շահան Շահնուր մը, Կապրիէլ Արութ մը`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1966)

Խմբագրական Ժողովուրդի Հարազատ Զաւակը (Վրթանէս Փափազեանի Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով) Պատկերացուցէք պահ մը 1890-ական թուականներու հայ կեանքը: Այդ կեանքին առանցքը կազմող Արեւմտեան Հայաստանը: Թրքական արիւնոտ բռնապետութիւնը: Հայ գիւղացիութեան եղերական ճակատագիրը: Յեղափոխական տարերային խմորումները: Հայ ժողովուրդի մահու եւ կենաց գօտեմարտը իր դարաւոր ոսոխին դէմ: Երկունքի մէջ է հայ կեանքը: Վերահաս փոթորիկներու, անհաւասար մաքառումներու, յոյսի ու յուսախաբութեան, արիւնոտ նախճիրներու եւ ազատութեան մօտալուտ արշալոյսներու հեռանկարները հզօր ալիքներու ուժգնութեամբ կը մրրկահարեն հայ հոգիները, կը ցնցեն մեր գոյութեան հիմքերը: Անակնկալներով յղի է ապագան, եւ մութ ու լոյս ստուերները կը շարժին հայ կեանքի հորիզոնին վրայ: Տագնապահար մտաւորականութիւն մը, խրտնած մրրկահաւերու պատկերով, կուրծք կու տայ հայ կեանքը խռովող փոթորիկներուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1966)

Խմբագրական Զուր Ճիգ (Թրքական «Ինքնապաշտպանութիւն») Անողոք է պատմութեան դատավճիռը թուրք ցեղասպաններուն դէմ: Պիտի չուշանայ նաեւ միջազգային արդարութեան դատավճիռը, որ նուազ դաժան ու անողոք պիտի չըլլայ, անտարակոյս: Եւ դերերը հիմնովին շրջուած են հիմա: Եթէ երէկ թուրքը, քաղաքական, աշխարհագրական, ռազմական եւ ա՛յլ մեծապէս նպաստաւոր պայմաններու (բացառաբար իրե՛ն համար) բերումով յարձակողական դիրքի վրայ էր հայ ժողովուրդի նկատմամբ, այսօր, պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող իր զազրելի ցեղասպանութենէն յիսուն տարի ետք, միայն ու միայն պաշտպանողական դիրքի վրայ է Հայ դատին դէմ յանդիման: Ապա, ա՛յն համեմատութեամբ, ինչ համեմատութեամբ որ զօրաւոր էր ու գերակշիռ թուրքին յարձակողականը երէկ, նո՛յն համեմատութեամբ տկար է ու թերակշիռ է ցեղասպանին պատշպանողականը ա՛յսօր:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1966)

Շարլ Ազնաւուր Թուրք Լրագրողի Մը Ակնոցով Թուրք լրագրող Ֆերաս Գահրաման «Միլլիյէթ»-ի մէջ «Ընկերս Ազնաւուր» խորագրով յօդուածաշարքի մը մէջ կը գրէ. Օր մը Ազնաւուր եւ ծանօթ երգչուհի Էւլին Փլեսիս զիս հրաւիրեցին Մոնմարթի իրենց բնակարանը` քանի մը գաւաթ խմելու համար: Երբ ներս մտանք տունէն, Էւլին խոհանոց անցաւ, իսկ Ազնաւուր շիշ մը գինի բացաւ: Երբ գաւաթը կը լեցնէր, ըսաւ. - Ձեզի համար ապուխտ ալ բերած եմ: Կը սիրէք չէ՞: - Կը սիրեմ,- պատասխանեցի: - Ուրախ եմ: Փարիզի մէջ հայերը կը պատրաստեն: Բայց շատ դժուար կը գտնուի: Յետոյ իր մասին խօսեցաւ: Հայազգի է եղեր: - Հայրս ու մայրս սահուն թրքերէն կը խօսին: Եթէ ճանչնաք,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Մայիս 1966)

Խմբագրական Անընկճելի Ոգին (Նահատակաց Տօնին Առիթով) Յիսուն տարի առաջ էր: 1916 մայիս 6-ին քսաներկու կախաղաններ կը բարձրանային Պէյրութի եւ Դամասկոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ եւ արաբ ժողովուրդի ամէնէն ընտիր զաւակները դէպի մահ կ՛առաջնորդուէին թուրք ցեղասպաններուն կողմէ` առանց կրօնական ու քաղաքական խտրութեան: Այս ձեւով թուրք դահիճները կը փորձէին ընկճել անընկճելին, կը ջանային ազատութեան ոգին սպաննել արաբ ժողովուրդներուն մէջ, որոնք դարերու անցեալ եւ համամարդկային արժէքով բարձրորակ մշակոյթ ստեղծած ա՛զգ էին: Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին Երիտասարդ թուրքերը, Թալէաթի, Էնվերի եւ Ճեմալի գլխաւորութեամբ, համատարած ցեղասպանութիւնը պետական պաշտօնական քաղաքականութեան վերածեր էին Օսմանեան կայսրութեան հպատակ ստեղծագործ ու շինարար բոլոր ժողովուրդներուն դէմ: Ֆիզիքապէս, եւ ամբողջովի՛ն, բնաջնջել ուզեցին հպատակ բոլոր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1966)

Հայ Կեանք ՀՅԴ 75-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Նիւ Պրիթընի Մէջ Նիւ Պրիթընի մէջ տպաւորիչ հանդիսութեամբ տօնակատարուած է ՀՅԴ 75-ամեակը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 48-ամեակը: Նախագահած է Տաթեւ քահանայ: Ատենապետած է Տիգրան Սարգիսեան: Գործադրուած է օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Բանախօսած է Մինաս Թէօլէօլեան, որ հիմնական գիծերու մէջ ներկայացուցած է Դաշնակցութեան  75 տարիներու իրագործումները եւ ներկայի ու ապագայի առաքելութիւնը: «Կոմիտաս» Երգչախումբին Համերգը Պոսթընի «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ռուբէն Գրիգորեանի եւ իր զաւկին` Լեւիկ Գրիգորեանի, տուած է իր 11-րդ տարեկան համերգը: Խմբերգուած հայկական ժողովրդական եւ դասական դժուարին կտորները, հոգեկան վայելքի ու խանդավառութեան բացառիկ պահեր ընծայած են ունկնդիր հասարակութեան: Անի Կասերի Նուագահանդէսները Ֆրանսական մշակութային միութեան հրաւէրով, Անգարայի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1966)

Խմբագրական Շինարար Ոգիով Ծանօթ իրողութիւն է, որ հայ մարդուն մէջ զօրաւոր է քննադատութեան ոգին: Ճշմարտութիւն է նոյնպէս, որ քննադատութիւնը առաջատար ազդակ մըն է հանրային կեանքի մէջ ընդհանրապէս: Սակայն քննադատութիւնը պէտք է տեղի ունենայ` շինարար ոգիով, դրական մտահոգութիւններէ մեկնելով եւ մտաւորական ամբողջական պարկեշտութեամբ: Այլապէս քննադատութիւնը, առաւե՛լ եւս` քննադատը, կը դադրի դրական ազդակ մը ըլլալէ եւ կը դառնայ հիւանդագին երեւոյթ: Քննադատութեան նպատակը ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումն է միշտ: Թերիներն ու թերացումները, սխալներն ու թիւրիմացութիւնները սրբագրելու կը միտի: Մթնոլորտի պայծառացման կը ձգտի եւ հանրային շահը ունի իբրեւ առանցք ու զսպանակ: Սրբագրե՛լ, արդարեւ, եւ ո՛չ թէ` քանդել: Դարմանե՛լ եւ ո՛չ թէ` խարանել միայն: Ճշմարիտ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Ապրիլ 1966)

Խմբագրական Ազգային Նախանձախնդրութեամբ (Կանաչ Կիրակիի Հանգանակութեան Առիթով) Համայնական գործերը հաւաքական զոհաբերութեամբ կը յանձանձուին: Որքա՛ն նախանձախնդիր ըլլանք մեր ազգային պարտականութեանց կատարման մէջ, ա՜յնքան աւելի արագօրէն եւ աւելի լայնօրէն կը բարգաւաճին մեր ազգային հաստատութիւնները: Կենսական նշանակութիւն ունի մեզի համար առանձնապէս կրթական գործը: Եթէ ձախողինք այս մարզին մէջ, ձախողութիւնը անխուսափելի է ամէն մարզի մէջ: Ապահովել եւ ամուր հիմերու վրայ դնել մատաղ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը, այսինքն` հայ վարժարանը, կը նշանակէ ապահովել ազգապահպանման յաջողութիւնը, ազգին ապագան: Այդ ապագան ապահովելու համար մենք միայն մէկ ապաւէն ունինք` հայ ժողովուրդը, հաւաքական զոհաբերութեան, ազգային նախանձախնդրութեան ոգին: Ահա թէ ինչո՛ւ Ազգային իշխանութիւնները, տարին անգամ մը կը դիմեն մեզի եւ կոչ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Ապրիլ 1966)

Ակնարկ Անաստուած Մը Վատիկանի Մէջ Ութ տարի առաջ, 1958-ին, Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար Անտրէ Կրոմիքօ խաղաղութեան կողմնակիցներու իտալական պատուիրակութեան մը առջեւ խօսք առնելով կը յայտարարէր. «Ներկայիս գոյութիւն ունի գետին մը, որուն վրայ շփումներ կրնան հաստատուիլ Խորհրդային Միութեան եւ Վատիկանի միջեւ»: Այդ գետինը, խորհրդային նախարարին մտքին մէջ խաղաղութեան պահպանումն էր: Գոնէ այդպէս կ՛արտայայտուէր: Չորեքշաբթի խաղաղութիւնը եղաւ գլխաւոր նիւթը այն խօսակցութեան, որ ունեցաւ Կրոմիքօ պապին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին: Խօսակցութեան միւս նիւթերը պիտի մնան վարչապետարաններու գաղտնի թղթածրարներուն մէջ: Այս գաղտնապահութիւնը ոչինչով կը պակսեցնէ, սակայն, վատիկանեան ունկնդրութեան կարեւորութիւնը: Ընդհակառա՛կն: Նախ սովորական երեւոյթ մը չէ տեսնել անաստուած մը Վատիկանի մէջ: 1924-էն ի վեր ոչ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Ապրիլ 1966)

Խմբագրական  Հանրային Հետաքրքրութիւն Հաւաքական կեանքի զարգացման գլխաւոր ազդակներէն է հանրային հետաքրքրութիւնը: Այն ժողովուրդին մէջ, ուր անհատը զուրկ է հանրային հետաքրքրութենէ, ընկերային կեանքը, իր զանազան մարզերուն մէջ, դատապարտուած է լճացման ու ամլացման: Հանրային հետաքրքրութիւ՛նն է մղիչ ուժը ազգային կեանքի: Առանց այդ հետաքրքրութեան` նաեւ անհատը կը դադրի հանրարժէք գործօն ըլլալէ եւ կը դառնայ ինք իրմով ապրող եւ ինք իր աշխարհին մէջ մեկուսացած... բացակայութիւն մը: Մեր ես-էն դուրս գալու, մենք-ի փոխակերպուելու միակ ուղին հանրային հետաքրքրութիւնն է, իր հոգեբանական ու գործնական զանազան արտայայտութիւններով: Հանրային հետաքրքրութեամբ, հետեւաբար, նաեւ հանրային մտահոգութիւններով ու տագնապներով ապրող անհատն է, որ կրնայ դառնալ գերազանօրէն ընկերային էակ` օգտակար ու իմաստալից կեանք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Ապրիլ 1966)

Լիբանանահայութիւնը Համազգային Յարգանքով Ոգեկոչեց Ապրիլեան Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը «Յիսնամեակի Յուշարձան» Մը Պիտի Կանգնեցուի Պիքֆայայի Մէջ Կիրակի, 24 ապրիլին Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով: Լիբանանահայ բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, քարոզ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Ամէնուրեք լիբանանահայութիւնը ներկայ գտնուեցաւ խուռներամ բազմութեամբ: Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին հանդիսաւորապէս պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Յաւարտ Ս. պատարագի, Նահատակաց յուշարձանին առջեւ յուզիչ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հոգեհանգիստ: Արարողութեանց աւարտին, վեհափառ հայրապետը, յանուն սրբազան նահատակներուն, իր պատգամին մէջ սրտագին կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին, որպէսզի միասնական ճիգերով հետապնդէ իր արդար դատը: Ապա, վեհափառ հօր ստորագրութեամբ, լիբանանահայութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (Ապրիլ 23 1966)

Խմբագրական ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ապրիլ 24-ի Առիթով) Յիսունմէկ տարի առաջ պատմութեան մէջ իր նախընթացը չունեցող սարսռազդեցիկ Ոճիր մը գործուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ` մարդկային քաղաքակրթութեան, բովանդա՛կ մարդկութեան դէմ: Նախածրագրուած ձեւով եւ պետական կազմակերպեալ միջոցներով անօրինակ բարբարոսութիւն մը տեղի ունեցաւ: Ա՛զգ մը ամբողջ բնաջնջուեցաւ իր հայրենի հողերուն վրայ, մշակոյթ մը կործանուեցաւ եւ հայրենիք մը ամայացուեցաւ իր բնիկ, շինարար ու ստեղծագործ տարրէն: Առաջին անգամ է, որ ցեղասպանութիւնը, լայնագոյն ծաւալով ու տարողութեամբ, տմարդօրէն գործ կը դրուէր երեք հազարամեակներու անցեալ ունեցող եւ հին ու հարուստ մշակոյթի տէր ժողովուրդի մը դէմ: Եւ այս զազրելի Ոճիրին նպատակը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ արեան մէջ խեղդել հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Ապրիլ 1966)

Որպէսզի Հայ Անմահ Ցեղը Ապրի Մեծ եղեռնի 50-ամեակի առթիւ շատ յօդուածներ գրուեցան հայ թերթերու մէջ եւ շատ ճառեր խօսուեցան բեմերէն, մեծ մասը` զգացական յօդուածներ ու ճառեր, դժբախտաբար: Փորձեր, համեմատաբար, քիչ եղան քննելու երեւոյթը, թափանցելու անոր էութեան մէջ, վերլուծելու եւ եզրակացութիւններ հանելու: Աւելի քիչ պատմական այդ երեւոյթէն դասեր առնելու ջանք թափուեցաւ: Որ թուրքի գործածը բարբարոսութիւն էր, «պատմութեան ամենասեւ էջ», ոճրագործութեան ամենավայրենի տեսակը, այդ մենք գիտենք, գիտէ եւ աշխարհ, բայց ահա նոյն այդ թուրքը փառք ու պատիւ ունի աշխարհի մեծերի ապարանքին մէջ, ազատ եւ ժողովրդավար ազգերու կողքին, եւ կը վայելէ նոյնիսկ Ամերիկայի նման ազատ եւ արդարախոհ պետութեան հովանաւորութիւնը: Կը նշանակէ «մարդկութեան խիղճ»-ը...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 50 of 69 1 49 50 51 69

Արխիւներ