Խմբագրական
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
(Ապրիլ 24-ի Առիթով)
Յիսունմէկ տարի առաջ պատմութեան մէջ իր նախընթացը չունեցող սարսռազդեցիկ Ոճիր մը գործուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ` մարդկային քաղաքակրթութեան, բովանդա՛կ մարդկութեան դէմ:
Նախածրագրուած ձեւով եւ պետական կազմակերպեալ միջոցներով անօրինակ բարբարոսութիւն մը տեղի ունեցաւ: Ա՛զգ մը ամբողջ բնաջնջուեցաւ իր հայրենի հողերուն վրայ, մշակոյթ մը կործանուեցաւ եւ հայրենիք մը ամայացուեցաւ իր բնիկ, շինարար ու ստեղծագործ տարրէն:
Առաջին անգամ է, որ ցեղասպանութիւնը, լայնագոյն ծաւալով ու տարողութեամբ, տմարդօրէն գործ կը դրուէր երեք հազարամեակներու անցեալ ունեցող եւ հին ու հարուստ մշակոյթի տէր ժողովուրդի մը դէմ:
Եւ այս զազրելի Ոճիրին նպատակը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ արեան մէջ խեղդել հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը եւ Հայաստանի աւերակներուն մէջ թաղել Հայ դատը, ազատ ու անկախ ապրելու մեր անկապտելի իրաւունքը:
Այսուհանդերձ, հակառակ գործ դրուած աննախընթաց բարբարոսութեանց հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ, անժառանգ եւ անճետ չմնաց եւ Հայկական հարցը, զոր թուրք դահիճները իւրովի լուծած ըլլալ կը կարծէին սուրի մէկ հարուածով, աւելի կենդանի, աւելի շօշափելի եւ աւելի հիմնաւորուած է այսօր, քան երբեւէ` բովանդակ պատմութեան մէջ:
Հայ դատը օրակարգի վրայ է կրկին եւ հայ ժողովուրդը, աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, մէկ մարդու պէս ոտքի ելած է դարձեալ եւ հաշի՛ւ կը պահանջէ թուրք դահիճներէն: Հաշիւ կը պահանջէ այն անօրինակ ցեղասպանութեան համար, որուն զոհ գացին մէկ միլիոն անմեղ հայեր եւ մեր պատմական հայրենիքի մեծագոյն մասը:
Ցեղասպան թուրքը պարտաւոր է հաշիւ տալու հայ ժողովուրդին իր գործած ահաւոր Ոճիրին համար: Պարտաւոր է ընդունելու իր մեղապարտութիւնը եւ, ի վերջոյ, հատուցում ընելու Հայաստանի: Խուսափում չկայ: Հատուցումը, ուշ կամ կանուխ, անխուափելի է:
Անխուսափելի է, որովետեւ կեանքը, պատմութիւնը իր երկաթէ օրէնքները ունի: Արդարութեան յաղթանակը չի կրնար գալ, երբ մանաւանդ հայ ժողովուրդը, աննահանջ հաւատքով ու ամրակուռ միասնականութեամբ տէր կը կանգնի իր նուիրական իրաւունքներուն:
Հատուցման օրը պիտի գայ: Ո՛րքան ալ թուրք դահիճները փորձեն օգտուիլ միջազգային բարդ ու խառնակ կացութիւններէն եւ լռութեան մատնել արդարութեան ձայնը, անօգուտ է, հայ ժողովուրդը պիտի տիրանայ իր արդարագոյն իրաւունքներուն, վերստին տէր պիտի դառնայ իր դարաւոր հայրենիքին եւ պիտի վերակերտէ իր ազատ ու անկախ պետականութիւնը:
Հայ դատը անժամանցելի է: Ցեղասպանութիւնը ի վերջոյ պիտի դատապարտուի հանուր մարդկութեան կողմէ: ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտը մօտ ապագային, բոլոր ժողովուրդներուն անտեղիտալի պահանջին առջեւ, գործի պիտի վերածուի եւ կեանքի պիտի կոչուի միջազգային արդարութեան ատեան մը, որ հաշիւ պիտի պահանջէ ցեղասպաններէն: Անարգանքի սիւնին պիտի գամուին մարդկութեան բոլոր ոճրագործները, եւ արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի:
Հայ դատը պիտի լուծուի: Որովհետեւ միջազգային իրաւունքը չի կրնար լռութեան մատնուիլ յաւիտեան: Հայ ժողովուրդը, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հետ, թոյլ պիտի չտայ, որ միջազգային ցեղասպանները անպատիժ մնան եւ Ցեղասպանութեան ուխտը մեռեալ տառի վերածուի ՄԱԿ-ի թղթածրարներուն մէջ:
ՄԱԿ-ը, իր կարգին, պէտք է տէր կանգնի միջազգային իր առաքելութեան, հնարաւոր բոլոր միջոցներով պէտք է ծառայէ խաղաղութեան ու արդարութեան սրբազան դատին եւ Ցեղասպանութեան ուխտի կենսագործման ճամբով, պարտաւոր է փութացնելու միջազգային արդարութեան հեղինակաւոր ու մեծազդեցիկ ատեանի մը կազմութիւնը, որպէսզի անիրաւեալ բոլոր ազգերը, անոնց կարգին` նաեւ հայ ժողովուրդը, իբրեւ իրաւահաւասար ու արժանաւոր մէկ անհատը մարդկութեան մեծ ընտանիքին, օր առաջ հատուցում ստանան եւ ի վիճակի ըլլան տնօրինելու իրենց սեփական ճակատագիրը, իրենց ամբողջական հայրենիքներուն մէջ:
Արդարութիւնը անբաժանելի է: Ազատութիւնը` ե՛ւս առաւել: Անկախութիւնը` նո՛յնպէս: Խաղաղութիւնը` նմա՛նապէս:
Հետեւաբար արդարութեան, ազատութեան, եւ խաղաղութեան դատին յաղթանակը եւս չի կրնար ամբողջական ու վերջնական բնոյթ կրել, ցորչափ անլոյծ կը մնայ Հայ դատը եւ հայ ժողովուրդը` իրաւազուրկ:
Ցեղասպանութիւնը վերջնապէս խափանելու եւ ցեղասպանները միանգամ ընդմիշտ զգաստութեան մղելու ուրիշ միջոց, ուրիշ ուղի, ուրիշ սկզբունք գոյութիւն չունի:
Չի կրնար գոյութիւն ունենալ:
