Սփիւռքահայ
Բարեկամներուն
1969-ին կը լրանայ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակը: Այդ առիթով Թումանեանի տուն-թանգարանը կը նախատեսէ կազմել բանաստեղծի գործերուն մատենագիտութիւնը եւ լոյս ընծայել «Թումանեանը համաշխարհային գրականութեան մէջ» խորագրով գիրք մը:
Ուստի թանգարանը կը դիմէ սփիւռքահայ մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ կը խնդրէ օգնել այդ գործին, ուղարկել բանաստեղծի` արտասահմանի մէջ լոյս տեսած ստեղծագործութիւնները հայերէն եւ օտար լեզուներով, անոր մասին` ինչպէս առանձին գիրքերով, այնպէս ալ զանազան ամսագրերու, ժողովածուներու եւ թերթերու մէջ տպագրուած նիւթերը:
Այն պարագային, երբ հնարաւոր չըլլայ ուղարկել հրատարակութիւնները, կը խնդրենք զանոնք փոխարինել ֆոթոպատճէնով կամ միքրոֆիլմով` նշելով հետեւեալ տուեալները` հրատարակութեան վայրը, թերթի, գրքի կամ ամսագրի անունը, տարեթիւը, ամսաթիւը, համարը եւ էջը:
Միաժամանակ կը խնդրենք, եթէ հայկական գաղթօճախներու մէջ գոյութիւն ունին Թումանեանի անուան դպրոց, մանկապարտէզ, գրադարան կամ որեւէ մշակութային միութիւն, յայտնել մեզ անոնց հասցէն:
Սփիւռքահայ թերթերէն կը խնդրենք արտատպել այս դիմումը:
ՅՈՎՀ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ
«Հայրենիքի Ձայն», 8 մայիս 1966
Ամերիկայի Ազգ. Երեսփ. Ժողովի
Աշխատանքները
Թեմական Պիւտճէն Եւ Կանոնագրային
Կէտեր Նիւթ Դարձան Մանրամասն Քննութեան
«Հայրենիք», 17 մայիս 1966.
Ազգ. երեսփոխանական ժողովի Ե., Զ. եւ Է. նիստերը տեղի ունեցան 6 մայիսին, ուրբաթ: Օրակարգի գլխաւոր հարցերը եղան 1966-1967 տարեշրջանի պիւտճէն եւ թեմական կանոնագրութեան սրբագրելի կէտեր, որոնց մասին Խորէն Ա. կաթողիկոս ըրած էր կարգ մը մատնանշումներ եւ յանձնարարութիւններ:
Պիւտճէական քննութեան առիթով եւս վերարծարծուեցան կրթական եւ դաստիարակչական կարգ մը կէտեր, ինչպէս նաեւ` կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ դպրաց դասերու առնչակից մտահոգութիւններ: Հարցերու համապատասխան քննութենէն ետք ժողովը քուէարկեց տարեկան 83.000 տոլարի ելեւմուտք ներկայացնող պիւտճէ մը, որուն 10.000-ը` կրթական աշխատանքներու համար, 4000-ական` դպրաց դասերու եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու համար:
Պիւտճէական հարցի արծարծումէն եւ քուէարկութենէն ետք ժողովը երկարօրէն անդրադարձաւ կաթողիկոսին կողմէ Երեսփ. ժողովի ուշադրութեան յանձնուած կանոնագրային կարգ մը կէտերու սրբագրութեան հարցին: Ընտրեալ երեսփոխաններու կողմէ սահմանադրական սկզբունքներու անխախտ պահպանման մասին ցոյց տրուած բծախնդրութիւնը ակներեւ էր: Արդարեւ, անոնք, ժողովէն ընտրուած հնգանդամ յանձնախումբի մը յանձնարարութեանց հիման վրայ, խոր գիտակցութեամբ շեշտեցին տեղական կանոնագրութեան համապատասխան կէտերու բարեփոխութեան ստիպողութիւնը: Այս կէտերու քննութեան ընթացքին ժողովին մէջ ի յայտ եկան, սակայն, ժողովավարական ընթացքի կարգ մը թիւր ըմբռնումներ, ու ատով ալ վիճաբանութիւններ յանգեցան կարգ մը եզրակացութեան, որոնք բնականաբար պատկան իրաւասու ժողովներու եւ նոյնինքն կաթողիկոսի նկատողութեան առարկայ պիտի դառնան:
Ազգ. երեսփոխանական ժողովը ընտրեց, ի վերջոյ, դադարեալ հինգ նոր անդամները Թեմական վարչութեան` տեարք Միհրան Կիւզելեան, Կորտըն Տէրեան եւ Մուշեղ Յարութիւնեան, որոնց կողքին` Մեսրոպ քհնյ. Թաշճեան եւ Պարգեւ Գալուստեան:
