Նկարչական Կեանք
Հրայրի
9-րդ Ցուցահանդէսը
Լիբանանահայ նկարիչ Հրայրի 9-րդ ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, մայիս 10-ին, «Օթել Ֆենիսա»-ի կալըրիին մէջ:
Գրած էինք, որ Հրայր բացառիկ յաջողութիւն ունեցած է միշտ: Նախորդ ցուցահանդէսներուն դրուած իր բոլոր նկարները գնահատուած ու գրեթէ ծախուած էին: Այս անգամ եւս ցուցադրութեան դրուած 28 նկարները ամբողջութեամբ ծախուեցան, մանաւա՛նդ` առաւել գնահատումով:
Ամէն օր հոծ թիւով արուեստասէրներ կ՛այցելեն ու իրենց անվերապահ գնահատանքը կ՛արտայայտեն Հրայրին: Մամուլի ներկայացուցիչներ, լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան իրենց թերթերուն մէջ եւ շնորհաւորեցին հայ արուեստագէտը:
Հրայր իր այս յաջողութիւնը անկասկած կը պարտի յարատեւ աշխատանքով ձեռք բերած նուաճումներուն:
Արուեստի ըմբռնումով գծուած, առաւելաբար կարմիր, ապա կանաչ գոյներու տիրապետութիւնը ունեցող բազմերանգ իր նկարները ներդաշնակ պատկերացում մը ունին, նաեւ` ուշագրաւ փայլ մը:
Երիտասարդ է Հրայր: Նկարչական արուեստի բարձունքները հասնելու բոլոր հնարաւորութիւնները ունի: Ո՛չ միայն կը սիրէ իր արուեստը, այլեւ կապուած է անոր հայու ճշմարիտ պաշտամունքով:
Հրայր լծուած է ուսումնասիրական լուրջ աշխատանքի մը: Իր նկարները արդէն արեւելեան հին ու հարուստ արուեստի վերարտադրութիւններ են:
«Ինքնատիպ մօտեցումով մը եթէ միայն հայ արուեստը կարենամ վերարտադրել,- կ՛ըսէ Հրայր-, մեծ գործ մը կատարած կ՛ըլլամ: Ա՜յնքան ճոխ ու բարձրարուեստ է, մանաւա՛նդ` մեր մանրանկարչութիւնը»:
Հրայր իր յաջորդ ցուցահանդէսը պիտի տայ Նիւ Եորքի մէջ: Մտադրած է ցուցահանդէսներ տալ նաեւ Ամերիկայի այլ քաղաքներու մէջ եւ Եւրոպա»:
Իր յաջողութիւններով ոչ միայն ինք պիտի փառաւորուի, այլեւ` հայ ժողովուրդը:
«Ֆենիսիա»-ի ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ մայիս 20, ուրբաթ, ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00:
Հայ Կեանք
ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի
Տօնակատարութիւնը Փրաւիտենսի Մէջ
Նախաձեռնութեամբ Փրաւիտենսի «Քրիստափոր» եւ Փութաքեթի կոմիտէներուն, կիրակի, մայիս 8-ին, Փրաւիտենսի «Շերիթըն-Պելթըր» պանդոկի ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակի տպաւորիչ ու մեծավայելուչ տօնակատարութիւնը:
Ներկայ եղած է հոծ բազմութիւն մը: Ատենապետած է Արամ Մակարեան: Բանախօսած են օրուան պատուոյ նախագահ Արշաւիր Շիրակեան եւ ընկերներ Սեդրակ Մինաս եւ Եդուարդ Սահակեան, որոնք առարկայօրէն ներկայացուցած են Դաշնակցութեան գաղափարական, ազգային ու քաղաքական գործը իր գոյութեան 75 տարիներու ընթացքին եւ շեշտած են այն հիմնական առաքելութիւնը, որ այսօր ու վաղը կը վիճակուի այս մեծ կազմակերպութեան` հայ կեանքի մէջ ու յատկապէս քաղաքական ճամբով:
Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր:
Այս բացառիկ առիթով, տեղի ունեցած է յարգանքի յուզիչ արտայայտութիւն մը` հանդէպ յիսուն տարիէ ի վեր Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ հայութեան ծառայող ընկերներուն:
Ընկերները պատուըւած են ոսկեայ զինանշաններով: Սեդրակ Մինաս թարգման հանդիսացած է դաշնակցական մարդուն ծառայութեան ըմբռնումին: Ներկաները յուզուած ու խանդավառ` ջերմօրէն ողջունած են Փրաւիտենսի եւ Փութաքեթի կոմիտէներուն պատկանող 28 ընկերները:
Նոյն օրը, երեկոյեան, տեղեկատուութեանց կարգին, Փրաւիտենսի ձայնասփիւռի կայանը ներկայացուցած է ՀՅ Դաշնակցութեան գործն ու նպատակները, արձագանգ եղած է հանդիսութեան եւ սփռած` կարգ մը տեսարաններ օրուան հանդիսութենէն:
Ապատանի «Գուսան»
Երգչախումբին Համերգը
Ապատանի (Պարսկաստան) Հայ մշակութային միութեան «Գուսան» երգչախումբի 15-րդ տարեկան համերգը, ղեկավարութեամբ Ժոռա Մինասեանի, տեղի ունեցած է խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան:
Նուագախումբ ու պարախումբ իրենց մասնակցութեամբ առաւել փայլ մը տուած են համերգին:
Համերգէն ետք տեղի ունեցած է թէյասեղան-պարահանդէս մը:
Ճատրակ
Պետրոսեան Հաւանաբար
Պահէ Իր Տիտղոսը
Բազմաթիւ Հայեր Մոսկուա Գացած Են`
Հետեւելու Մրցումին
Մօտ 1800 հոգի ներկայ կ՛ըլլան ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան իւրաքանչիւր մրցումին, որ տեղի կ՛ունենայ Տիգրան Պետրոսեանի եւ Պորիս Սփասքիի միջեւ: Ապրիլ 11-էն ի վեր, հակառակ մուտքի բարձր գինին (20 ֆրանք), Էսթրատային թատրոնին մեծ սրահը շարունակ լեցուն կը մնայ: Ամէն ոք կը հետեւի խաղի ընթացքին, կը մեկնաբանէ եւ կը վերլուծէ իւրաքանչիւր հարուած, գրպանի պզտիկ ճատրակարաններու վրայ: Մթնոլորտը ելեկտրականացած է. բազմաթիւ հայեր եկած են քաջալերելու իրենց ախոյեանը` Տիգրան Պետրոսեանը, 37 տարեկան տիտղոսակիրը: Երիտասարդ աղջիկները կը ծափահարեն Ժէօն փրըմիէի մարմին ունեցող Պորիս Սփասքին: Անոնց կը միանան հրեաները, որոնց հայրենակիցն է 29 տարեկան այս երիտասարդը: Դուրսը, բազմութիւնը ուշադիր կը հետեւի հսկայ ճատրակարաններուն վրայ արձանագրուած հարուածներուն: Ճատրակի խորհրդային դաշնակցութեան անդամ երեք միլիոն խաղացողներ ժամը ժամին տեղեակ կը պահուին խաղին ընթացքին` շնորհիւ ձայնասփիւռ եւ պատկերասփիւռ կայաններուն: Բնականաբար «Փրաւտա» եւ միւս թերթերը իրենց ընթերցողներուն կը ներկայացնեն մրցումին ելեւէջները:
Սքորը ներկայիս (10 մայիս), 7 – 5 է` ի նպաստ աշխարհի ախոյեանին: 12 խաղ եղած է: Նկատի ունենալով, որ ամբողջ մրցումը 24 խաղ է, տիտղոսի թեկնածուն մնացեալ 12 խաղերէն երեքը պէտք է շահի եւ հաւասար վերջացնէ միւս բոլոր խաղերը, որպէսզի կարենայ տիրանալ տիտղոսին: (Շահուած խաղ մը կ՛ապահովէ մէկ կէտ, հաւասար մը` կէս կէտ, կորսուածը` 0 կէտ):
Նման սխրագործութիւն մը քիչ հաւանական է` նկատի ունենալով աշխարհի ախոյեանին զրահին թանձրութիւնը: Տիգրան Պետրոսեան հազուադէպօրէն կը կորսնցնէ: Չորս տարուան մէջ ութ անգամ կորսնցուցած է, այն ալ ոչ թէ մրցում, այլ` խաղ: Հայ ախոյեանը ունի բացառիկ տոկունութեամբ ոճ մը: Շատ զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ Պետրոսեան, որուն խաղին կարելիութեանց գերազանցապէս առարկայական վերլուծումը` կը չքացնէ բոլոր տարտամ խաղաձեւերը, ենթարկուի իր հակառակորդին փափաքած բարդութեան եւ կորսնցնէ երեք խաղ: Շահեկան է նկատել տալ, թէ որեւէ խաղի ընթացքին Պորիս Սփասքի չկրցաւ յաղթական դիրքի վրայ ըլլալ: Նոյնիսկ` հինգերորդ խաղին, երբ վերջաւորութեան մէկ քար աւելի ունէր: Այս կարծիքը կը բաժնեն մեծ վարպետներ, յատկապէս` Էսթրին, որ Մոսկուայի համալսարանին ճատրակի դասախօսն է: Փոխարէնը` Պետրոսեան երկու անգամ փախցուց յաղթելու առիթը:
Երկու խաղացողներուն բարոյական կորովը կը մնայ անխախտ: Ուստի մրցումը յետաձգելու հարց չի կրնար ծագիլ հիւանդութեան պատրուակով, ինչպէս պատահած էր Պոթվինիք-Սմիսլով եւ Պոթվինիք-Թալ հանդիպումներուն: Ախոյեանութեան թեկնածուն սկիզբէն ի վեր կը շարունակէ հաւատալ իր յաղթանակին: Եւ սակայն Պետրոսեանի յաղթելու հաւանականութիւնը, որ ապրիլ 11-էն առաջ 50 առ հարիւրէն վար էր, հետզհետէ կը բարձրանայ հանրային կարծիքին մէջ:
ՔԼՈՏ ԼԸՄՈՒԱՆ