Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1966)

Մայիս 18, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Հարցը
Միջազգային Բարոյականի Խնդիր

Պուէնոս Այրեսի «Լա Փրենսա» թերթը իր 28 ապրիլի թիւին մէջ արձագանգ կ՛ըլլայ դասախօսութեան մը, որ տեղի ունեցած է արժանթինեան մայրաքաղաքի սրահներէն մէկուն մէջ` նախագահութեամբ տոքթ. Խոսէ Արսէի:

Նախաձեռնութեամբ Արժանթինեւհայկական մշակութային հաստատութեան, Խուան  Անթոնիօ Սոլարի Միջնակարգ ուսմանց հաստատութեան մէկ սրահին մէջ դասախօսութիւն մը սարքեց «Միջազգային բարոյականի խնդիր մը, Հայկական հարցը» նիւթին շուրջ:

Նախաձեռնող մարմինին նախագահը, տոքթ. Խոսէ Արսէ, ծանօթացուց ունկնդիր հասարակութեան դասախօսը, որ խօսք առնելով` պատկերացուց հայ ժողովուրդին ոդիսականը եւ մասնաւոր կերպով շեշտեց 1915-ի անցքերը, յեցած` թրքական պաշտօնական վկայութեանց եւ ապացոյցներու: Դասախօսը հայոց երեք հազար տարուան պատմութեան վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետեց եւ նշեց անոր տնտեսական հմայքը եւ մշակութային իրական վերածնունդը:

Սոլարի անգամ մը եւս 1915-ի դէպքերը յիշատակելուն առթիւ աւելցուց, որ` «Եթէ մեծ պետութեանց այպանելի կրաւորականութիւնը չըլլար, Հայաստան նոր սպանդի եւ տեղահանութեանց զոհ պիտի չերթար եւ պիտի չկորսնցնէր իր անկախութիւնը, զոր հռչակեց Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին (1918)»:

Դասախօսը անհրաժեշտ նկատեց տեւապէս վառ պահել Հայկական հարցը, որ երազն է հայերու, բայց նաեւ` ոչ հայերու, որովհետեւ ան մարդկութեան արժանիքին վերաբերեալ հարց մըն է: «Հայաստան պահանջ ունի,- ըսաւ պ. Սոլարի,- եւ ճիշդ այս պատճառով ալ պէտք է արդիականացնել Հայկական հարցը, որ պիտի նշանակէ, թէ չենք մոռցած մեր պահանջը»:

Իբրեւ վերջաբան` դասախօսը հետեւեալ կերպով ամբողջացուց իր խօսքը.

«Ըսենք ուրեմն, 1915-ի ջարդերուն 51-րդ տարեդարձին առթիւ, որ Հայկական հարցը իբրեւ կենսական, անայլայլ եւ մնայուն պահանջ պահելը մեր պարտականութիւնն է: Չմոռնանք, որ թուրքերու ձեռքով կատարուած արիւնահեղութեանց եւ խժդժութեանց մէջ հայկականին հետ բաղդատուելիք նման արարքներ գրեթէ չկան»:

 

Զարմանալի Գիրք Մը

Դեռ մինչեւ քանի մը տարի առաջ մարդիկ չէին հաւատար, որ կարելի է թարգմանութիւններ կատարել ելեկտրոնային հաշուիչ մեքենաներու միջոցով: Ներկայիս արդէն այնքան լուրջ քայլեր առնուած են այդ ուղղութեամբ, եւ արդիւնքը այնքան շօշափելի է, որ ամէնէն թերահաւատ անձն անգամ լաւատես դարձած է:

Հայագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտի Փարիզի մէջ ակադեմական Ս. Մերգելեանին նուիրեց գիրք մը, որուն մասին վերջերս Երեւանի մէջ զեկուցում մը տուաւ հայ ակադեմականը: Համաձայն Ս. Մերգելեանի, գիրքը նուիրելու ժամանակ Ֆ. Ֆէյտի ըսած է. «Հայերը առաջինն են, որ մեքենական թարգմանութեան փորձ կատարած են եւ այս գիրքը անոր փայլուն ապացոյցն է»:

Իսկ գիրքը, որ կը կոչուի «Հանրագրութիւն, որ է համազգային գրութեան նոր ոճ մը», լոյս տեսած է 1907-ին: Այս զարմանալի գրքին հեղինակն է Աթանաս վրդ. Տէրոյեան` Մխիթարեան միաբանութենէն: Հեղինակին նպատակը եղած է. «Մարդկային մտքի գաղափարները կամ մտածմունքը այնպիսի ոճով գրի վրայ առնուլ, որ իւրաքանչիւր մարդ կարենայ իւր սեփական լեզուով կարդալ եւ հասկանալ այդ գրուածը, թէպէտ եւ կարդացողին անծանօթ ըլլայ այն լեզուն, որով գրողը մտածեր է եւ զայն գործածեր է գրելու համար»:

Այս խօսքերը գրուած են 1902-ի եւ հրատարակուած են «Բազմավէպ»-ին մայիսի թիւին մէջ: Ասիկա բաւական յանդուգն գաղափար մըն էր եւ կը թուէր, թէ այդ օրերուն համար անիրագործելի` ոչ միայն գործածութեան մէջ դնելու, այլեւ անոր սկզբունքները մշակելու իմաստով: Սակայն 1907-ին կը հրատարակուի Տէրոյեանի գիրքը, որ 700 էջերէ բաղկացած հաստափոր հատոր մըն է, բարդ, տքնաջան աշխատանքի մը արդիւնք:

Նախ` հեղինակը կազմած է հանրագրական քերականութիւն մը: Արդարեւ, հնչիւններէն եւ բառերէն զատ, քերականական ձեւերն ալ ստացած են թուագրական կերպարանք: Ստեղծուած են հոլովման, խոնարհման, ածանցման, ժխտման թուագրական սկզբունքները:

Ամենածաւալուն եւ հետաքրքրական մասը բառգիրքն է (ԽՄԲ.- Բառգիրքը բառարան է հոմանիշներու):

Գիրքը ունի հանրագրութեան օրինակներ, որոնցմէ կ՛երեւի, որ Ա. Տէրոյեանի հանրագրութիւնը ընդունակ է արտայայտելու ամէնէն բարդ փիլիսոփայական, բանաստեղծական եւ գիտական միտքերը:

Ներկայիս այսպէս կոչուած ֆորմալ կառուցուածքային լեզուաբանութեան մէջ կը կիրարկուի գրեթէ նոյն սիսթեմը, այն, որ առաջարկած է Մխիթարեան հայրը: Այժմ Հայաստանի թէ օտար երկիրներու մէջ մեծ թափ ստացած է սեմիոթիկան (նշանաբանութիւն)` նոր ճիւղ մը լեզուաբանութեան մէջ, որուն շնորհիւ կարելի է ուսումնասիրել նիշերուն յատկութիւնները, անոնց միջեւ ծնունդ առած յարաբերութիւնները: Թուանշաններու միջոցով կարելի է արտայայտել զանազան գաղափարներ:

Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Հայկական Գիւղերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Ազերիական Բնակավայրերու Կառուցում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?