Մեր Մամուլը
Արմենիա
Նոր Ուժերու Պէտք Ունինք
Հայ տաղանդը փայլեցաւ մտաւորական բազմաթիւ մարզերու մէջ:
Ունինք ճարտարապետներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ եւ ընկերային գիտութեանց վկայականով զինուած համալսարանականներ ամէն կողմ:
Չունինք, սակայն, լրագրական բարձր խաւերու կապուած որակեալ դէմքեր:
Հրապարակագրութեան պէս եւ աւելի չունինք նաեւ զուտ գրականութեամբ զբաղող երիտասարդ անուններ:
Չենք կարծեր, որ ամէն ասպարէզի մէջ ընդունակ ուժեր հասցնող հայութեան կը պակսի գրական հակումներով սերունդ:
Արուեստի այս ճիւղը ուրացուած մնաց սակայն, երբ երաժշտութեան մէջ հասան տասնեակ խոստումներ, երբ ունեցանք նոյնիսկ նկարիչներ եւ քանդակագործներ:
Ազգային մեր ցաւերն ու պահանջները օտարներուն ներկայացնելու տեսակէտով ամէնէն աւելի պէտք ունինք գրողներու:
Վիքթոր Կարտան մը, Շահան Շահնուր մը, Կապրիէլ Արութ մը` Ֆրանսայի մէջ, Սարոյեան մը, Զաւէն Սիւրմէլեան մը, Փիթըր (Պետրոս) Սուրեան մը, Իրիք Պեսոյեան մը` Միացեալ Նահանգներու մէջ հայութեան անունին պատիւ բերող դէմքեր են:
Անոնցմէ ոմանց գործին ընդմէջէն օտար ընթերցողները ճանչցած են հայութիւնը, ծանօթացած են Հայ Եղեռնի պատճառներուն` եւ թուրքին մասին ունեցած են շատ աւելի լայն տեղեկութիւններ, քան` լրագրական թռուցիկ յօդուածներէ:
Օտար լեզուներով գրականութիւն փորձող նորեր, անկախ իրենց նախասիրութիւններէն, կրնան նաեւ ծառայել իրենց ազգային Դատին` ներշնչուելով հայութեան անցեալէն ու մանաւանդ մարտիրոսագրութենէն:
Գրական ասպարէզի վրայ անուն շինող հայ հեղինակութիւններ կրնան հանգամանօրէն խօսիլ հայ իրաւունքներուն մասին:
Անոնց մէջ եթէ գտնուին մայրենի լեզուին ծանօթ ուժեր եւս, կրնան գրական հայ գլուխ-գործոցներ թարգմանել եւ ծանօթացնել հայ մշակոյթն ու հանճարը օտարներուն:
Ազատ ասպարէզ մը ահա, որ կը մնայ անմշակ ու պէտք ունի հետաքրքրուողներու:
Գրական հակում ունեցող նորեր պէտք է փորձեն իրենց բախտը, դառնան անուն եւ համբաւ ու բաժնեն իրենց յաջողութիւնները իրենց ժողովուրդին հետ:
Ալիք
Ի Զուր Են
Սպառնալիքները
Ըստ թուրքերի, մեղապարտ յանդգնութիւն է եւ դատապարտելի յանցանք, եթէ հայերը դիմում են ՄԱԿ-ին եւ պահանջում վերականգնումը իրենց ազգային, քաղաքական եւ պատմական օրինական իրաւունքների, որոնք բռնաբարուած են թուրքերի եւ ռուսների կողմից:
Անշուշտ յանցաւորը Թուրքիան չէ, որ այդպէս է մտածում, այդպէս դատում եւ այդպէս յոխորտում, այլ` այն պետութիւնները, որոնք հովանաւորում, պաշտպանում են Թուրքիային եւ սնունդ տալիս նրա մեծամոլութեան:
Թուրքիան անդամ է Միացեալ ազգերի կազմակերպութեան, սակայն նա անհաղորդ է այդ հաստատութեան միջազգային առաքելութեան, այսինքն` ազատութեան, անկախութեան, իրաւահաւասարութեան ու նրանց միջազգային համագործակցութեան գաղափարաբանութեան, առաջնորդելու համար մարդկութիւնը դէպի ընդհանուր, արդար եւ տեւական խաղաղութիւն:
Թուրքիան անդամ պիտի չլինի ՄԱԿ-ին, ոչ միայն նրա համար, որ նա դէմ է ՄԱԿ-ի Ուխտի ոգուն, այլ նաեւ` այն պատճառով, որ նա ցեղասպան է, արիւնոտ են նրա հին ու նոր ղեկավարների ձեռքերը:
Ոչ մի կասկած այն մասին, որ երբ ոճրագործը ոչ միայն չի պատժւում, այլեւ, ընդհակառակն, հովանաւորւում եւ պաշտպանւում է, նա աւելի սանձարձակ եւ աւելի յախուռն է դառնում նորանոր չարիքներ գործելու համար:
ՄԱԿ-ին մեր կատարած դիմումը յանդգնութիւն չէ, այլ` իրաւունք, սակայն եթէ թուրք ղեկավարները խելքի չգան, իրատես եւ իրապաշտ քաղաքականութիւն չորդեգրեն Հայկական հարցի, Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի նկատմամբ, ապա նրանք պիտի կանգնեն իսկապէս եւ իրական յանդգնութեան առջեւ, որի պատասխանատուներն իրենք պիտի լինեն եւ ոչ թէ մենք, որ կանգնած ենք Հայկական հարցի լուծման խաղաղ ու բարեկամական ճամբի վրայ: