Խմբագրական
Զուր Ճիգ
(Թրքական «Ինքնապաշտպանութիւն»)
Անողոք է պատմութեան դատավճիռը թուրք ցեղասպաններուն դէմ: Պիտի չուշանայ նաեւ միջազգային արդարութեան դատավճիռը, որ նուազ դաժան ու անողոք պիտի չըլլայ, անտարակոյս:
Եւ դերերը հիմնովին շրջուած են հիմա: Եթէ երէկ թուրքը, քաղաքական, աշխարհագրական, ռազմական եւ ա՛յլ մեծապէս նպաստաւոր պայմաններու (բացառաբար իրե՛ն համար) բերումով յարձակողական դիրքի վրայ էր հայ ժողովուրդի նկատմամբ, այսօր, պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող իր զազրելի ցեղասպանութենէն յիսուն տարի ետք, միայն ու միայն պաշտպանողական դիրքի վրայ է Հայ դատին դէմ յանդիման:
Ապա, ա՛յն համեմատութեամբ, ինչ համեմատութեամբ որ զօրաւոր էր ու գերակշիռ թուրքին յարձակողականը երէկ, նո՛յն համեմատութեամբ տկար է ու թերակշիռ է ցեղասպանին պատշպանողականը ա՛յսօր:
Այս տկարութեան եւ անոր համար (ո՛ւշ կամ կանուխ) իրեն ունենալիք ծանրակշիռ հետեւանքներուն ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի խորապէս կը գիտակցի թուրքը` ինք:
Խորապէս կը գիտակցի իր տկարութեան եւ կը նախատեսէ իր մօտալուտ պարտութիւնը, անխուսափելի կը նկատէ մանաւանդ ա՛յն, որ հատուցման ժամը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը մօտենայ, որ ժամանակը ստուգապէս ի նպաստ հայ ժողովուրդին կ՛աշխատի:
Այս գիտակցութիւնը յայտնապէս տագնապի մատնած է թուրք քաղաքական շրջանակները, մասնաւորաբար թուրք մամուլը, որ պատէ պատ կը զարնուի Ոճիրը պարտկելու, միջազգային հանրային կարծիքը մոլորանքի մատնելու եւ ճակատագրականօրէն իրեն սահմանուած դառն բաժակը ո՛րքան կարելի է հեռու վանելու համար, հոգ չէ թէ միայն առժամաբար:
Լիովին ըմբռնելու համար Թուրքիոյ այս տագնապը` պէտք է ընդունիլ ու խոստովանիլ, թէ ցեղասպանը մեզմէ շա՛տ աւելի խորապէս կը գիտակցի իր գործած Ոճիրին տարողութեան եւ շատ աւելի լայնօրէն կը ճանչնայ ու կ՛ըմբռնէ Հայ դատին էութիւնը:
Աւելի՛ն. թուրքը ըստ ամենայնի կը գիտակցի նոյնպէս, որ արար աշխարհ, քաղաքակա՛ն աշխարհը մանաւանդ, ծանօ՛թ է իր գործած Ոճիրին, գիտակ է հայ ժողովուրդին դէմ գործուած անօրինակ ցեղասպանութեան բոլոր ծալքերուն:
Եւ եթէ լուռ է այդ աշխարհը, լուռ է քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական որոշ պատճառներու, որոշ շահերու, որոշ հաւասարակշռութեան մը պահպանման ի խնդիր:
Իսկ այդ պատճառները, ա՛յդ շահերը եւ ա՛յդ հաւասարակշռութիւնը փոփոխական են ու անցողիկ: Վաղը, նո՛ր ուժերու եւ նո՛ր շահերու երեւումով, հրամայական կը դառնայ նոր հաւասարակշռութիւններու ստեղծումը:
Մնաց որ, քաղաքական կեանքին մէջ, եթէ յաւիտենական թշնամիներ չկան, չկա՛ն նաեւ յաւիտենական բարեկամներ: Իսկ ճշմարտութիւնը ճշմարտութի՛ւն է ո՛չ միայն թուրքին, այլեւ հա՛յ ժողովուրդին, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներուն համար…
Թուրքը զուգահեռաբար կը տեսնէ նմանապէս, որ Ի. դարը փոքր ժողովուրդներու, փո՛քր ազգերու ազատագրութեան դարն է գերազանցօրէն, իսկ միջազգային օրէնքը, իրաւունքն ու արդարութիւնը նորանոր նուաճումներ կը կատարեն` հիմնովին յեղաշրջելով միջազգային քաղաքական կեանքը, ընկերային կարգերն ու միջպետական յարաբերութեանց չափանիշները:
Թուրքը կը տեսնէ միաժամանակ, որ նաեւ հայ ժողովուրդը, զոր ի սպառ ջնջած ըլլալ կը յաւակնէր աշխարհի երեսէն, աստիճանաբար կը հաւաքէ իր ուժերը, կը լայնցնէ ու կը ծանրացնէ միջազգային-քաղաքական ազդեցութեան իր ծիրը, կ՛աճի ու կը զօրանայ քանակապէս, որակականօրէն, կազմակերպօրէն եւ յամառօրէն, հետեւողականօրէն ու հետզհետէ աւելի՛ տիրական վճռակամութեամբ տէր կը կանգնի Հայ դատին, ազգային ու քաղաքական իր անժամանցելի իրաւունքներուն:
Թուրքը յամենայնի կը գիտակցի, թէ Հայ եղեռնը աշխարհին, իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն, կը ներկայանայ հետեւեալ երեսներով.
Ա.- Ամբողջ ազգ մը կանխամտածուած ու նախածրագրուած ձեւով եւ պետականօրէն կազմակերպուած միջոցներով տեղահան եղաւ իր երեք-հազարամեայ հայրենիքէն:
Բ.- Այդ ժողովուրդին կէսը ֆիզիքապէս բնաջնջուեցաւ աքսորի ճամբաներուն վրայ, պետականօրէն եւ մանրամասնօրէն նախաճշդուած եղանակներով:
Գ.- Նոյն ժողովուրդին միւս կէսը հողմացրիւ եղաւ աշխարհի չորս ծագերուն, ուր յիսուն տարիէ ի վեր կը շարունակէ անհամար զոհեր տալ ճերմակ ջարդին` իբրեւ բնական շարունակութիւնը թուրք ցեղասպանութեան:
Դ.- Տեղահանուած եւ բարբարոսաբար ջարդուած հայ ժողովուրդի նիւթական ամբողջ գանձը, շարժական ու անշարժ բոլոր հարստութիւնները բռնօրէն խլուեցան ու իւրացուեցան թուրք դահիճներուն կողմէ:
Ե.- Միեւնոյն հայ ժողովուրդին հայրենի հողերը, բովանդա՛կ Արեւմտեան Հայաստանը, նո՛յնպէս խլուեցան իր բնիկ տարրէն եւ բռնաբար կը պահուին Թուրրքիոյ տիրապետութեան տակ, մինչ անոնց տէրերն ու հարազատ բնակիչները` աւելի քան երեք միլիոն հայ, անտուն կը թափառին աշխարհի չորս ծագերուն եւ արդարութի՛ւն կը պահանջեն:
Զ.- Կը քանդուին եւ կը փոշիացուին նաեւ հայ մշակութային յուշարձանները, քաղաքակրթական ժառանգութիւնը հայ ազգին` Հայաստանի հայեցի դիմագիծը այլայլելու եւ թրքացնելու բարբարոսական նո՛յնքան ոճրային դիտումով:
Թուրքը փաստօրէն կը զգայ, որ ուշ կամ կանուխ հաշի՛ւ պիտի տայ այս բոլորին համար` աշխարհի առջեւ, մարդկութեան առջեւ, հայութեա՛ն:
Եւ որովհետեւ կը զգայ միաժամանակ իր անզօրութիւնը ճշմարտութեան ու արդարութեան առջեւ, ուստի իր տկարութիւնը կը ջանայ պարտկել ուրի՛շ նո՛յնքան անպարտկելի… տկարութեամբ մը` սուտո՛վ, կերծիքո՛վ, խեղաթիւրո՛վ, նենգութեամբ:
Արդարեւ, թուրք քաղաքական շրջանակները եւ թուրք մամուլը վերջերս ճղակոտոր կ՛ըլլան հաւատացնելու համար, օրինակ, որ յիսնամեակին առիթով եւ այնուհետեւ, երկրի թէ արտերկրի մէջ կազմակերպուած համահայկական ցոյցերը, բայց մանաւանդ Հայ դատը ՄԱԿ-ի օրակարգին մէջ արձանագրել տալու նպատակով եղած դիմումը տեղի կ՛ունենան:
ա) Մ. Նահանգներու դրդումով, բ) Խ. Միութեան ներշնչումով, գ) Յունաստանի եւ Կիպրոսի յոյներուն թելադրանքով:
Սակայն երբ տեսան, որ գլխագիր այդ կեղծիքը մա՛րդ չի տպաւորեր այլեւս եւ պարզապէս ծիծաղելի կը դառնան միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ, այս անգամ կը փորձեն ահա երկրորդ, այլ աւելի՛ քան արգահատելի «ռազմավարութիւն» մը:
– Դիւանագիտական զգայացո՜ւնց վաւերաթուղթերով «ապացուցել», թէ հայերը իրե՛նք… ցեղասպանութիւն գործած են թուրքերուն դէմ:
Հետեւաբար, զրպարտութիւն է, կը պնդէ թուրք արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական զեկոյցի մը մէջ (2 մայիս), ըսել, թէ յիսուն տարի առաջ թուրքերը մէկուկէս միլիոն հայ ջարդեցին եւ ցեղասպանութիւն գործեցին:
Բայց ասիկա պաշտպանողական չէ, փաստօրէն արջու ծառայութիւն է ի հաշի՛ւ թուրքին եւ ի նպաստ նոյնիսկ Հայ դատին:
Մնաց որ, Թուրքիա, եթէ նախ ի՛նք կը հաւատայ իր ըրածին, ո՞ր օրուան կը սպասէ եւ ինչո՞ւ ուղղակի ՄԱԿ-ին չի դիմեր հաշիւ եւ հատուցում պահանջելու համար… «ցեղասպան» հայերէն:
Ինչո՞ւ մանաւանդ անկարելին կը փորձէ արգելք ըլլալու համար ա՛յն բանին, որ Հայ դատը արձանագրուի ՄԱԿ-ի Ընդհ. ժողովին օրակարգին մէջ եւ ենթարկուի հրապարակային քննութեան:
Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա հոգեբանօրէն պարտուած է արդէն, բարոյական իր այս յարաճուն աւազախրումով կորսնցնելու վրայ է նաեւ ջիղերու պատերազմը եւ զուր ճիգեր, կ՛ընէ անխուսափելիէն… խուսափելու պատրանքով: