Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Մայիս 1966)

Մայիս 6, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Անընկճելի Ոգին

(Նահատակաց Տօնին Առիթով)

Յիսուն տարի առաջ էր: 1916 մայիս 6-ին քսաներկու կախաղաններ կը բարձրանային Պէյրութի եւ Դամասկոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ եւ արաբ ժողովուրդի ամէնէն ընտիր զաւակները դէպի մահ կ՛առաջնորդուէին թուրք ցեղասպաններուն կողմէ` առանց կրօնական ու քաղաքական խտրութեան:

Այս ձեւով թուրք դահիճները կը փորձէին ընկճել անընկճելին, կը ջանային ազատութեան ոգին սպաննել արաբ ժողովուրդներուն մէջ, որոնք դարերու անցեալ եւ համամարդկային արժէքով բարձրորակ մշակոյթ ստեղծած ա՛զգ էին:

Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին Երիտասարդ թուրքերը, Թալէաթի, Էնվերի եւ Ճեմալի գլխաւորութեամբ, համատարած ցեղասպանութիւնը պետական պաշտօնական քաղաքականութեան վերածեր էին Օսմանեան կայսրութեան հպատակ ստեղծագործ ու շինարար բոլոր ժողովուրդներուն դէմ:

Ֆիզիքապէս, եւ ամբողջովի՛ն, բնաջնջել ուզեցին հպատակ բոլոր ժողովուրդները` առա՛նց կրօնի, ցեղի, դաւանանքի, սեռի ու տարիքի խտրութեան, անմեղն ու մեղաւորը հաւասարապէս:

Ֆիզիքական բնաջնջման այս տմարդի քաղաքականութիւնը անլուր դաժանութեամբ ու վայրագութեամբ կիրարկուեցաւ մասնաւորաբար հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն դէմ:

Արդարեւ, 1916 մայիս 6-ի Ոճիրը միայն մէկ օղակը կը կազմէր անլուր ոճրագործութեանց այն երկար շարքին, որ կատարուեցաւ արաբ ժողովուրդին դէմ, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին:

Մայիս 6-ին կախաղան հանուած արաբ 22 յեղափոխական տիտաններէն բացի, 1916-ի ամառը միայն, ինչպէս կը վկայէ Գահիրէի մէջ այդ օրերուն լոյս տեսնող «Մուքաթամ» թերթը, 816 արաբ յեղափոխական ու մտաւորական դէմքեր մահուան դատապարտուեցան, վայրագօրէն սպաննուեցան կամ գաղտնօրէն գնդակահարուեցան:

Աւելի՛ն. նոյն 1916 թուականի սկիզբները Պէյրութէն եւ Լեռնալիբանանէն չորս հազար, իսկ Դամասկոսէն եւ սուրիական այլ քաղաքներէ աւելի քան հինգ հազար ընտանիքներ բարբարոսաբար քշուեցան դէպի Տէր Զօրի անապատները, դէպի ստոյգ մահ:

Ահաւոր է մանաւանդ այն փաստը, որ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, թուրք ցեղասպաններուն գործ դրած անլուր դաժանութեանց պատճառով, Սուրիոյ եւ Լիբանանի արաբ ժողովուրդին թիւը պակսեցաւ 40 առ հարիւր տոկոսով:

Այս բոլորէն ետք, արիւնարբու Ճեմալ փաշաները, անտարազելի շնականութեամբ, դեռ կը յոխորտային, թէ ա՛յն, ինչ որ կարելի չեղաւ ընել հուրով ու սուրով` արաբ ժողովուրդը բնաջնջելու համար, փորձեցին գլուխ հանել արհեստական ու պարտադիր սովի միջոցով, ժողովրդային լայն զանգուածներ սովահար ընելով:

Ահա՛ թէ ինչ կը նշանակէ թուրք: Ահա՛ թէ ինչ տարողութիւն ունի այն Ոճիրը, որ թրքական ցեղասպանութիւն կը կոչուի: Զուր է ամէն ճիգ` բնորոշելու համար այն ճիւաղային սատիզմը, թրքական այս իւրատիպ «քաղաքակրթութիւնը», մարդկային ցեղի այս բարոյական ահարկու խլիրդը:

Սակայն անընկճելի է ազատութեան ոգին: Անպարտելի է ժողովուրդներու ազատութեան ու անկախութեան անսասան կամքը: Այս կամքին եւ այս ոգիին առջեւ անզօր է մինչեւ իսկ թրքական վանտալութիւնը:

Արաբ ժողովուրդը, իր ամէնէն ընտիր ու արի զաւակներուն գլխաւորութեամբ, վճռած էր ապրի՛լ եւ ապրեցա՛ւ: Արաբ ժողովուրդը վճռած էր պայքարիլ ու մեռնիլ յանո՛ւն ազատութեան եւ պայքարեցաւ անընդհատ եւ բոլոր ճակատներուն վրայ: Վճռած էր խորտակել օսմանեան արիւնոտ լուծը եւ խորտակե՛ց:

Ժողովրդային կամքին ու խոյանքին առջեւ անզօր է ամէն բռնապետութիւն: Անզօր է մինչեւ իսկ մահը:

Թուրք ցեղասպանները, մահ սփռելով, կը կարծէին փոշիացած տեսնել նաեւ հպատակ ժողովուրդներու եւ, ի միջի այլոց, նաեւ արաբ ժողովուրդի ազատութեան ոգին ու կամքը, սակայն պատահեցաւ անխուսափելին. փուլ եկաւ ու փոշիացաւ օսմանեան բռնապետութիւնը ի՛նք:

Եւ արաբ ժողովուրդները յաղթանակեցին: Տիրացան իրենց ազատութեան եւ անկախութեան: Տէր դարձան իրենց ազգային ճակատագրին: Կ՛աճին, կը բարգաւաճին եւ առաջ կ՛ընթանան միշտ: Մինչ թուրքը կը մնայ հոն, ո՛ւր որ էր Ճեմալներու օրով:

Արաբ ժողովուրդը հպարտ է իր նահատակներով: Հպա՛րտ է իր ազատագրական պայքարով, ազատութեան ի խնդիր իր արի ու մեծ զաւակներուն թափած արեամբ:

Այս հպարտութիւնն է, որ փառքով ու անմահութեան լոյսերով կը պսակէ մայիս 6-ի նահատակներուն պայծառ ճակատը:

Այս հպարտութիւնն է, որ մէ՛կ մարդու պէս ոտքի կը հանէ այսօր Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը` իր բոլոր խաւերով ու համայնքներով, երկրի առաջին քաղաքացիէն սկսեալ մինչեւ վերջինը, յարգանքով ու երկիւղածութեամբ խոնարհելու համար յիշատակին առջեւ իր ընտրելագոյն զաւակներուն, որոնք ինկան ազատութեան ճանապարհին, որպէսզի Լիբանանը ապրի՛:

Փա՜ռք ինկողներուն, փառք ինկողներուն յիշատակով ապրողներուն եւ կեցցէ՛ Լիբանանը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Զրադաշտը Դարձաւ Շուն» Թատերախաղը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?