Ակնարկ
Բանաստեղծ Նախագահը
Լիբանան երէկ արժանաւորապէս ընդունեց մեծարժէք հիւր մը` նորանկախ Սենեկալի իմաստուն նախագահը, որ շնորհիւ իր քաղաքական փորձառութեան եւ խոհեմ քաղաքականութեան, իր երկիրը դարձուցած է խաղաղութեան ովասիս մը փոթորկոտ Ափրիկէի արեւմտեան ծայրամասին վրայ, շրջապատուած անկայուն վարչակարգերու մտահոգիչ դրացնութեամբ:
Լէոփոլտ Սենղոր ոչ արաբական Ափրիկէի առաջին նախագահն է, որ կ՛այցելէ Լիբանան, այն երկիրը, որուն համար բարոյական արժէքները վեր կը մնան թիւի եւ ուժի սովորական չափանիշներէն:
Ու եթէ մեր երկիրը այսքան շատ կը խանդավառուի նախագահական այցելութեամբ, պատճառը այն չէ միայն, որ կ՛ընդունի պետութեան մը գլխաւորը, այլ որովհետեւ Սենղոր իր անձին մէջ կը միացնէ արժանիքներ, որոնք հազուադէպօրէն կը գտնուին պետական մարդոց մօտ:
Քաղաքական գրող, պատմուածագիր, լեզուաբան` Սենղոր ամէն բանէ առաջ բանաստեղծ է, բառին իսկական առումով եւ համաշխարհային հռչակով: Սենղորի գործերը իրենց պատուոյ տեղը ունին Ֆրանսական ժամանակակից բանաստեղծութեան բոլոր հրատարակութիւններուն մէջ` իբրեւ բարձրորակ քերթողի մը ինքնատիպ ստեղծագործութիւնը:
Սենեկալի նախագահին եղած ու ըլլալիք պատիւներէն ամէնէն աւելի ուրախանալու պատճառներ ունի այս երկրին մտաւորականութիւնը, որ իր սրտին այնքան մօտ կը զգայ Ափրիկէի այս արժանաւոր զաւակը:
Երբ Փատերեւսկի Լեհաստանի նախագահ ընտրուեցաւ, ոմանք այդ պաշտօնը անկում նկատեցին հռչակաւոր դաշնակահարին համար:
Լէոփոլտ Սենղոր, իբրեւ Սենեկալի նախագահ, եկաւ փաստելու, թէ կարելի է որեւէ պաշտօն բարձրացնել մարդուն արժէքին:
Մեծ Մարդոց Թերութիւնները
ՊԵԹՀՈՎԷՆ կը հաւատար, որ սափրուիլը կը զրկէ զինք ստեղծագործական յաջողութենէն: Այդ պատճառով ալ երկար ատեն չէր սափրուեր:
ԿԷՕԹԷ կ՛աշխատէր ամուր փակուած սենեակի մը մէջ, ուր ոչ միայն որեւէ հնչիւն չէր թափանցեր, այլեւ` մաքուր օդ:
ՊԱՅՐԸՆ երբ կը նստէր աշխատելու, կը ստուգէր, թէ արդեօք իր մօտերը աղաման կա՞յ: Աղի տեսքը կը բաւէր զինք զայրացնելու համար:
ՊԱԼԶԱՔ ի նշան յարգանքի դէպի հանճարեղ մարդը` միշտ կը հանէր գլխարկը, երբ կը խօսէր… իր մասին:
ՊՐԱՄՍ շատ յաճախ, նոյնիսկ եթէ անհրաժեշտ չըլլար, կը մաքրէր կօշիկները: Ան կը պնդէր, թէ ճիշդ այդ պահերուն կը ծնէին իր լաւագոյն մեղեդիները:
ՄԷՅԵՐՊԵՐ շոգեկառք կը նստէր եւ կ՛երթար, ուր որ պատահէր, որովհետեւ շոգեկառքի մէջ դիւրութեամբ կը ստեղծէր երաժշտութիւն:
ԼԻՍՏ իւրաքանչիւր գործ աւարտելէ ետք ինքզինք ֆիզիքապէս հիւանդ կը զգար:
ՏԻՔԸՆՍ իւրաքանչիւր 50 տող գրելէ ետք բաժակ մը տաք ջուր կը խմէր:
ՖՐԱՆՔԼԻՆ աշխատելու ատեն միշտ հաց ու պանիր կը պահէր մօտը` «մտաւոր ծախսերը հատուցանելու համար»:
Հայ Կեանք
Ասողիկ Եպս. Ղազարեան
Առաջնորդ Հայոց Իրաքի
Պաղտատի հայոց առաջնորդարանէն ստացուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, որ Ազգային կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով գումարուած է խառն ժողով մը` մասնակցութեամբ շրջաններու թաղական խորհուրդներու եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն:
Ժողովը, ըստ իրենց յատուկ նորաձեւ կանոնագրի, միաձայնութեամբ Իրաքի թեմի հայոց առաջնորդ ընտրած է Ասողիկ եպս. Ղազարեանը:
Նոյն հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Ազգային իշխանութեան աղքատախնամ, եկեղեցպան եւ եկեղեցւոյ բարեզարդման մարմինները, ինչպէս նաեւ Կանանց մշակութային միութիւնը ունեցած են ազգօգուտ գործունէութիւն: Իրենց կարելին ըրած են հասնելու համար բոլոր այն կարիքներուն, զորս ունեցած է գաղութը:
Ապրիլեան Եղեռնի Ոգեկոչումը
Խոսրովայի Մէջ
Սալմաստ գաւառի (Պարսկաստան) Խոսրովա գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, հայ եւ ասորի հասարակութեան մը ներկայութեան, ապրիլ 24-ին մատուցուած է Ս. պատարագ եւ կատարուած` հոգեհանգստեան յուզիչ արարողութիւն, մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին համար:
Օրուան խորհուրդը իմաստաւորող հոգեշունչ քարոզ մը խօսած է Աւ. քհնյ. Մինասեան: Ժողովուրդը խոր տպաւորութեամբ մեկնած է եկեղեցիէն:
