Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 27, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութիւնը
Համազգային Յարգանքով Ոգեկոչեց
Ապրիլեան Եղեռնի Նահատակներուն
Յիշատակը

«Յիսնամեակի Յուշարձան» Մը
Պիտի Կանգնեցուի Պիքֆայայի Մէջ

Կիրակի, 24 ապրիլին Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով:

Լիբանանահայ բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, քարոզ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:

Ամէնուրեք լիբանանահայութիւնը ներկայ գտնուեցաւ խուռներամ բազմութեամբ:

Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին հանդիսաւորապէս պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:

Յաւարտ Ս. պատարագի, Նահատակաց յուշարձանին առջեւ յուզիչ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հոգեհանգիստ:

Արարողութեանց աւարտին, վեհափառ հայրապետը, յանուն սրբազան նահատակներուն, իր պատգամին մէջ սրտագին կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին, որպէսզի միասնական ճիգերով հետապնդէ իր արդար դատը:

Ապա, վեհափառ հօր ստորագրութեամբ, լիբանանահայութեան ուղղուած կոչ մը կարդացուեցաւ: Յիսնամեակի աւարտին առիթով, Կաթողիկոսարանի հովանիին ներքեւ, խումբ մը հայ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ, ձեռնարկուած է, որպէսզի լիբանանահայութիւնը, կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի հողին վրայ, մատուռին եւ դպրեվանքի շէնքի կողքին, ժայռի մը վերնասլաց գագաթին, տասը մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ «Յիսնամեակի յուշարձան» մը կանգնեցնէ, (յղացում արուեստագէտ – արձանագործ Զաւէն Խտըշեանի), իբրեւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի վերածնութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` հանդէպ լիբանանեան հայրենիքին:

Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի նուագախումբին գլխաւորութեամբ, յարգանքի յուզիչ արարողութիւն մը կատարեցին: Ծաղկեպսակներ դրին Նահատակաց յուշարձանին մէջ եւ նուագեցին մահերգներ:

Կէսօրէ ետք, ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան  հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան սգատօն մը: Պատարագեց Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. պատրիարք եւ քարոզեց Մեսրոպ եպս. Թերզեան:

Ս. Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական մեծ թափօր, որ ուղղուեցաւ պատրիարքարան, ուր Նահատակաց յուշարձանին վրայ դրուեցան բազմաթիւ ծաղկեպսակներ:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի պաշտամունք, նուիրուած Ապրիլեան եղեռնի:

Նախագահական Պատարագ

Կիրակի, կէսօրէ առաջ, աւանդական կարգով նախագահ Շարլ Հելու յաջորդաբար ներկայ գտնուեցաւ Հայ կաթողիկէ եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցիներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական պատարագներուն:

Սրտագին Կոչ
Հայ Ժողովուրդին

Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակը ահա հասաւ իր աւարտին: Մահուան սուգի սեւ ծանրութիւնը վերացաւ մեր սիրտերէն: Յիսնամեակի առիթով համահայկական վերազարթօնքի շարժումն էր, որ անգամ մը եւս արթնցաւ մեր պատմութեան մէջ իր հրաշազօր ներգործութեամբ:

Հայ ժողովուրդի միտքը այժմ դարձած է դէպի վերածննդեան գաղափարը, որովհետեւ Եղեռնի հետեւող յիսուն տարիներու հայ կեանքը խորտակման կեանք չեղաւ, այլ եղաւ վերածնութեա՛ն, վերականգնումի՛ եւ վերստեղծմա՛ն կեանք մը:

Ահա այս դարձակէտ – պահը մեր պատմութեան մէջ մեծավայելուչ եւ պատուաբեր ձեւով արժեցնելու բարձրօրէն գովելի եւ օրինակելի նախանձախնդրութեամբ, խումբ մը հայ երիտասարդներ, վերածննդեան սերունդի ներկայացուցիչներ, Մեծ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանս հովանիին ներքեւ, ձեռնարկած են կանգնելու կոթողային արձան մը Կաթողիկոսարանիս Պիքֆայայի հողին վրայ, մատուռին եւ դպրեվանքի շէնքի կողքին, ժայռի մը վերասլաց գագաթին, իբրեւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի վերածնութեան: Միանգամայն խորհրդանիշ-կոթող մը պիտի ըլլայ ան արտայայտելու համար հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը հանդէպ Լիբանանեան հայրենիքին, որ իր ազնուական ասպնջականութեամբը մեզի ընծայեց մեր բոլոր վէրքերը սրբելու կարելիութիւնները, նոր կեանքի մը ստեղծագործութիւններով բերելու համար մեր բաժինը օրհնեալ Լիբանանի ծաղկումին եւ բարգաւաճումին:

Սիրելի՛ զաւակունք Հայ ժողովուրդի,

Մեր հայրերը իրենց տուրքը տուին հայ անմահութեան` արեա՛ն ճամբով, նահատակութեա՛ն գինով: Մենք պէտք է մեր տուրքը տանք կեանքի՛ եւ ստեղծագործութեա՛ն ճամբով: Մահուան մութը իջաւ մեր հայրերու աչքերուն մէջ: Բայց կեանքի յոյսը մնաց անմար Լուսաւորիչի կանթեղին պէս:

Կեանքի յոյսին ծնունդն ենք մենք. հաւատքի՛ զաւակներ: Մեր պարտքն է յոյսն ու հաւատքը գործի՛ վերածել: Վերածնութեան տեսիլքը պէտք է փայլի՛ մեր աչքերուն մէջ: Յաղթանակի կամքը պէտք է պի՛րկ մնայ մեր հոգիներուն մէջ: Յուշարձան-կոթողը, իբրեւ երկնաձիգ արձան Պիքֆայայի բարձունքին վրայ, հսկայական իր կառոյցով եւ պրոնզէ ամրութեամբ, միշտ պիտի արծարծ պահէ վերածնութեան եւ յաղթանակի տեսիլքը մեր հոգիներուն մէջ:

Ամէն հայ մարդ թող իրմէ բան մը դնէ անոր մէջ, Աւետարանի օրինակով լումայ մը, որ ըլլայ «գոյիւ չափ զկեանս իւր»: Թող տայ իր սրտին չափովը: Թող բերէ իր նիւթական մասնակցութիւնը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ: Ո՛չ ոք ինքն իրեն թող ներէ անմասն մնալ մեր մահէն ետք մեր յարութեան երգը շքեղօրէն երգող «Յիսնամեակի յուշարձան»-էն:

ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

24 ապրիլ 1966
Անթիլիաս-Լիբանան

Ծանօթ.- Յուշարձանը պիտի ունենայ 10 մեթր բարձրութիւն: Գործ` արուեստագէտ-արձանագործ Զաւէն Խտըշեանի:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով` Յունահայութիւնըվերանորոգեց Պահանջատիրական Պայքարը Շարունակելու Իր Վճռականութիւնը Բողոքի Բազմամարդ Ցոյցեր` Աթէնքի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?