Խմբագրական
Քաղաքական Աքթը
Մեր այսօրուան թիւով կը հրատարակենք ամբողջական պատճէնը այն յուշագրին, զոր Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, մարտ 17-ին հանգամանօրէն յանձնեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան Քաղաքական գրասենեակի պետին, հայ ժողովուրդին անունով եւ Հայ դատին արդար լուծում մը գտնելու ակնկալութեամբ:
Վերջին տասնամեակներու մեր տարեգրութեանց մէջ, միջազգային կազմակերպութեան մը խողովակով, առաջին անգամ է, որ քաղաքական աքթ մը կը գործուի հայութեան անունով:
Փաստական այս արարքը ինքնին կարեւոր նշանակութիւն ունի. կարեւոր` ա՛յն իմաստով, որ Հայ դատը իրողապէս մուտք գործեց ՄԱԿ-ի կենդանի թղթածրարներուն մէջ, ուր իր օրինական ներկայութիւնը կը պահէ առկախ եւ լուծելի հարցերու շարքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան առած այս քայլը, անկախաբար փաստական իր կարեւորութենէն, քաղաքական առանձին նշանակութիւն ունի: Եւ ամէնէն աւելի հո՛ս պէտք է փնտռել անոր արժէքն ու իմաստը:
Արդարեւ, միջազգային պաշտօնական մարմին մը պաշտօնական ձեւակերպութիւններով ընդունեց հայկական մարմին մը, ստացաւ Հայ դատին վերաբերեալ քաղաքական վաւերաթուղթ մը, եւ ի լուր աշխարհի պաշտօնական յայտարարութիւն եղաւ այդ մասին ՄԱԿ-ի մէջ` միջազգային տեղեկատու գործակալութեանց միջոցով:
Այնուհետեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը Հայ դատին վերաբերեալ նոյն յուշագիրը յանձնեց այն պետութիւններուն, որոնք միջազգային դաշնագիրներով պաշտօնական պատասխանատուութիւններ ու յանձնառութիւններ ստանձնած են հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը այս առթիւ անգամ մը եւս կը յիշեցնէ յիշեալ մեծ պետութեանց` Մ. Նահանգներ, Խ. Միութիւն, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Հնդկաստան, Թուրքիա, որ Հայ դատին լուծման պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ գլխաւորաբար իրենց ուսերուն:
Ապա կոչ կ՛ընէ, որ տէր կենան իրենց պատասխանատուութեան ու պաշտօնական յանձնառութեանց` արդար ու տրամաբանական լուծում մը գտնելով հայկական հարցին, Սեւրի դաշնագրի հիման վրայ:
Տարակոյս չկայ, որ Հայ դատի լուծման մէջ` շատ բան կախում ունի արտաքին աշխարհէն, միջազգային քաղաքական կեանքի զարգացումներէն, դէպքերու եւ երեւոյթներու բնաշրջումէն:
Շատ բան կախում ունի անշուշտ Հայ դատին նկատմամբ առանձնապէս յիշեալ մեծ պետութեանց բռնած եւ բռնելիք դիրքէն, միաժամանակ նաեւ փոքր, բայց մասնաւորաբար նորանկախ երկիրներու բարոյական ու քաղաքական աջակցութենէն` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ:
Յամենայն դէպս մենք լիայոյս ենք, որ մեծ պետութիւնները, անոնց կողքին նաեւ աւելի բախտաւոր փոքր եւ նորանկախ ազգերը, որոնց ուսերուն կը ծանրանայ արդի աշխարհին մէջ արդարագոյն կարգերու հաստատման խիստ ծանր պատասխանատուութիւնը, փոխադարձ հասկացողութեամբ, փոխադարձ զիջումներով ու հաւաքական ջանքերով տէր պիտի կանգնին Հայ դատին եւ միասնաբար պիտի սատարեն միացեալ եւ անկախ Հայաստանի ստեղծման` իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան եւ ընդհանրապէս խաղաղ գոյակցութեան մեծ դատի յաղթանակին նպաստող կարեւոր ազդակներէն մէկը:
Իբրեւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական կիրարկման եւ վերջնական յաղթանակի իրագործման հիմնական միջոցներէն մէկը, իբրեւ Ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն եւ առ յաւէտ դատապարտելու պաշտօնական ու անբեկանելի դատավճիռ:
Ի հարկէ, պատրանքներ չունինք: Կը գիտակցինք, որ դեռ սկիզբն է երկանց, որ` Հայ դատը տակաւին երկար ու դժուարին ճամբայ ունի կտրելիք:
Այսուհանդերձ, երեւոյթը երեւոյթ ըլլալէ, չի դադրիր եւ գործուած քաղաքական արարքը ոչինչ կը կորսնցնէ իր արժէքէն ու կարեւորութենէն:
Անհրաժեշտ էր, ուղիղ ու օրինաւոր ճանապարհով, լաւ մեկնում մը ունենալ, Հայ դատին հետապնդումը դնել իր բնական ու գործնական հունին մէջ եւ ընթանալ աստիճանաբար, քայլ առ քայլ եւ հանգրուան առ հանգրուան:
Մնացեալը մեծաւ մասամբ կախում ունի նաեւ մեզմէ՛, կախում ունի հայ ժողովուրդէն, մեր լայնածաւալ ու ծրագրեալ պայքարէն` ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ: Կախում ունի մեր արթնութենէն, քաղաքական ու գործնական հեռատեսութենէն, յամառ ու հետեւողական աշխատանքէն, այլ մանաւանդ` հաւաքական ու ներդաշնակ մեր ճիգերէն եւ բոլորանուէր զոհաբերութենէն:
Հայ դատը ամէն բան է, ամէն բանէ վե՛ր է մեզի համար: Մեր գոյութեան հի՛մն է եւ փրկութեան միակ տապանը: Բոլոր պայմաններուն մէջ կենաց եւ մահու նշանակութիւն ունի բովանդակ հայութեան ներկային եւ, առաւե՛լ եւս, ապագային համար:
Ահա՛ այն նուիրական նպատակը, որուն պիտի ուղղուին մեր բոլոր ճիգերը` առանց հատուածական ու դաւանական խտրութեան, ամէ՛ն տեղ եւ ամէն պարագայի մէջ:
Ահա՛ այն լուսաւոր Իտէալը, որ պիտի առաջնորդէ մեր բոլորին քայլերը, անվարան հաւատքով եւ գերագոյն զոհաբերութեանց յօժարամտութեամբ:
Հաւաքե՛նք մեր ներքին ուժերը, համախմբուի՛նք Հայ դատին շուրջ եւ առաջ ընթանանք ուս ուսի եւ սիրտ սրտի` ամբողջական Հայաստանի սրբազան տեսիլը մեր հոգիներուն մէջ, իբրեւ անխորտակելի զրահ եւ իբրեւ ներշնչման աղբիւր:
Միշտ պատրա՛ստ ըլլանք դիմագրաւելու գալիքը` արժանաւորութեամբ, պատասխանատուութեան խոր զգացումով, հայ՛կաբար: