Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Ապրիլ 1966)

Ապրիլ 28, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Հանրային
Հետաքրքրութիւն

Հաւաքական կեանքի զարգացման գլխաւոր ազդակներէն է հանրային հետաքրքրութիւնը: Այն ժողովուրդին մէջ, ուր անհատը զուրկ է հանրային հետաքրքրութենէ, ընկերային կեանքը, իր զանազան մարզերուն մէջ, դատապարտուած է լճացման ու ամլացման:

Հանրային հետաքրքրութիւ՛նն է մղիչ ուժը ազգային կեանքի: Առանց այդ հետաքրքրութեան` նաեւ անհատը կը դադրի հանրարժէք գործօն ըլլալէ եւ կը դառնայ ինք իրմով ապրող եւ ինք իր աշխարհին մէջ մեկուսացած… բացակայութիւն մը:

Մեր ես-էն դուրս գալու, մենք-ի փոխակերպուելու միակ ուղին հանրային հետաքրքրութիւնն է, իր հոգեբանական ու գործնական զանազան արտայայտութիւններով:

Հանրային հետաքրքրութեամբ, հետեւաբար, նաեւ հանրային մտահոգութիւններով ու տագնապներով ապրող անհատն է, որ կրնայ դառնալ գերազանօրէն ընկերային էակ` օգտակար ու իմաստալից կեանք մը կերտելու համար, մանաւանդ, անհատապէս:

Հանրային հետաքրքրութենէ զուրկ մարդ որակ չէ, չի կրնար ըլլալ, այլ քանակ է եւ միայն իբրեւ այդպիսիին կրնայ հաշուի առնուիլ:

Որակ է եւ որակ կրնայ դառնալ միայն հանրային լայն հետաքրքրութեամբ տոգորուած մարդը: Որակ կը կազմէ ոչ միայն ինք անձամբ, այլ եւ որակ կու տայ, որակը կը բարձրացնէ ա՛յն հաւաքականութեան, որուն իրաւահաւասար եւ լիարժէք մէկ անդամն է կամ կոչուած է ըլլալու ժամանակի ընթացքին:

Անձնական նեղ կեանք ապրող մարդը անհորիզոն, լաւագոյն պարագային` սահմանափակ հորիզոն ունեցող անհատ մըն է: Կղզիացած ինք իր անմիջական միջավայրին մէջ, տկար մարդ մըն է, անտարակոյս, կամ, յամենայն դէպս, մեծնալու բոլոր հնարաւորութիւններէն կամաւորապէս զրկուած էակ մը:

Զուր չէ ըսուած, որ մեծ ձուկը ծովուն մէջ կ՛ապրի: Հանրային հետաքրքրութենէ զուրկ անհատը, կամայ-ակամայ, ինքզինք կը դատապարտէ լճակի մէջ ապրելու եւ, հետեւաբար, միշտ փոքր մնալու սահմանուած ձկան նսեմ ճակատագրին:

Հանրային հետաքրքրութիւնը բաց ծովու վրայ նաւարկելու կը նմանի քիչ մը: Ոչ միայն հանրօրէն օգտակար ու որակաւոր անհատ մը կը դարձնէ ենթական, այլեւ առիթ կու տայ, որ լիովին արժեցնէ իր ներքին ուժերը, ծաղկեցնէ իր ձիրքերն ու կարողութիւնները եւ, բնականաբար, մեծնալու ու զօրանալու նաեւ անձնապէս:

Անհատական այս բարձրացումին զուգահեռ, հանրային հետաքրքրութեան տէր անձը, որ ամբողջովին մէկ մասնիկը ըլլալու գերազանցօրէն առաջատար գիտակցութեամբ կ՛ապրի ու կը գործէ, էապէս դրական ազդակ մը  կը հանդիսանայ նաեւ իր պատկանած հաւաքականութեան որակաւորման, բարձրացման ու զարգացման գծով:

Հանրային հետաքրքրութեամբ, ուստի նաեւ մեր անհատական պարտականութիւններու գիտակցութեամբ ու գործադրութեամբ ապրելո՛վ է միայն, որ մենք բարոյական իրաւունք ձեռք կը բերենք մեր ձայնը լսելի դարձնելու հանրային կեանքի մէջ, արժեցնելու մեր իրաւունքները հաւաքականութեան նկատմամբ եւ մեր արժանի տեղը գրաւելու մեր պատկանած ընկերութեան մէջ:

Ամէն ինչ փոխադարձ է կեանքի մէջ, նոյնիսկ` բնութեան մէջ: Առանց տալու` կարելի չէ ստանալ երբեք: Մարդկային կամ ազգային ընկերութեան մէջ իրաւունքներ ունի միայն ա՛ն, որ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները:

Ո՛վ որ կը խօսի, պէտք է նաեւ գործէ: Իսկ ո՛վ որ չի հետաքրքրուիր հանրային կեանքով, չի գործեր եւ չի ծառայեր, իրաւունք չունի նաեւ խօսելու, մանաւանդ քննադատելու, առաւե՛լ եւս` չհաւնելու:

Մարդը մարդո՛վ մարդ է: Ազգը` ազգայիններո՛վ: Հանրութիւնը` անհատներո՛վ: Մէկուն յաջողութիւնը միւսին յաջողութիւնն է: Մէկուն դժբախտութիւնն ու ցաւը բոլորին է հաւասարապէս: Մէկուն մեծութիւնը պայմանաւոր է բոլորին հաւաքական ճիգերով:

Կա՛րճ. մէկը բոլորին համար է, բոլորը` մէկուն:

Այս ձեւով է, որ կ՛ապրին ու կը մեծնան ժողովուրդները, ազգերը, պետութիւնները, մարդկային բոլո՛ր հաւաքականութիւնները:

Միայն այս միջոցով է, որ կը մեծնան նաեւ անհատները: Այս եղանակով է, որ կ՛ազգայնանան, կը մարդանան, կը խորանարդուին:

Ահա այս գիտակցութիւնն է, որ պահած է նաեւ մեր «փոքր ածու»-ն, զայն ապրեցուցած ու մեծցուցած է տեւաբար` հակառակ պատմութեան ու ճակատագրի բոլոր դաժան հարուածներուն:

Միշտ յիշենք եւ երբեք չմոռնանք, որ հանրային սուր հետաքրքրութեան ճամբով է միայն, որ շարունակաբար վառ կրնանք պահել մեր ազգային գիտակցութիւնը:

Ազգային խոր գիտակցութեան ճամբով` մեր ցեղային դիմագիծը, հետեւաբար նաեւ` մեր հաւաքական գոյութիւնը:

Հայօրէն կարենալ ապրելու համար պայման է նախ եւ առաջ ապրիլ հայութեամբ:

Ահա՛ ամբողջ խնդիրը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. 3 Բան, Որ Պէտք Է Թափել Ըստ Ֆենկ Շուէյի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?