Խմբագրական
Ազգային Նախանձախնդրութեամբ
(Կանաչ Կիրակիի Հանգանակութեան Առիթով)
Համայնական գործերը հաւաքական զոհաբերութեամբ կը յանձանձուին: Որքա՛ն նախանձախնդիր ըլլանք մեր ազգային պարտականութեանց կատարման մէջ, ա՜յնքան աւելի արագօրէն եւ աւելի լայնօրէն կը բարգաւաճին մեր ազգային հաստատութիւնները:
Կենսական նշանակութիւն ունի մեզի համար առանձնապէս կրթական գործը: Եթէ ձախողինք այս մարզին մէջ, ձախողութիւնը անխուսափելի է ամէն մարզի մէջ:
Ապահովել եւ ամուր հիմերու վրայ դնել մատաղ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը, այսինքն` հայ վարժարանը, կը նշանակէ ապահովել ազգապահպանման յաջողութիւնը, ազգին ապագան:
Այդ ապագան ապահովելու համար մենք միայն մէկ ապաւէն ունինք` հայ ժողովուրդը, հաւաքական զոհաբերութեան, ազգային նախանձախնդրութեան ոգին:
Ահա թէ ինչո՛ւ Ազգային իշխանութիւնները, տարին անգամ մը կը դիմեն մեզի եւ կոչ կ՛ընեն, որ հաւաքաբար կատարենք մեր նուիրական պարտականութիւնը նոր սերունդին հանդէպ:
Նկատի առնելով գործին բացառիկ կարեւորութիւնը` ի՛նչ ալ տանք, ինչ զոհաբերութիւն ալ որ ընենք, դարձեալ քիչ է: Որովհետեւ առանց հայ վարժարանին` անըմբռնելի պիտի ըլլայ հայութեան գոյութիւնը: Առանց հայ վարժարանի գոյութեան ու բարգաւաճումին` մենք կը փոշիանանք իբրեւ ազգ:
Ահա այս գիտակցութեամբ պիտի դիմաւորենք Ազգային իշխանութեանց հանգանակիչ յանձնախումբերը, այս գիտակցութեամբ պիտի մօտենանք հայ կրթական գործին ընդհանրապէս եւ մեր առաւելագոյնը պիտի զոհաբերենք, որպէսզի ապրին ու բարգաւաճին մեր կրթական օճախները, հայ ոգիի եւ հայեցի դաստիարակութեան այս անփոխարինելի մարտկոցները:
Իրականութեան մէջ մեր ազգային արժանապատուութեան եւ ազգային նախանձախնդրութեան ոգիին անյարիր է այն իրողութիւնը, որ լիբանանահայութեան պէս շէն ու բարգաւաճ գաղութի մը մէջ բազմաթիւ հայ վարժարաններ կան դեռ, որոնք նիւթապէս անապահով վիճակ ունին տարիներէ ի վեր:
Ուրեմն մեր նշանաբանը պիտի ըլլայ` ամէն գնով վե՛րջ տալ հայ վարժարաններու նիւթական տագնապին:
Աւելի՛ն. ամէն զոհողութիւն ստանձնել հայ կրթական գործը նիւթական նախանձելի մակարդակի հասցնելու եւ ըստ ամենայնի բարգաւաճում ընծայելու համար:
Հայ վարժարանը բազմապիսի կարիքներ ունի այսօր` մանկավարժական արդի բոլոր պահանջները գոհացնելու եւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան գործը առաւելագոյնս արդիւնաւորելու համար:
Թոյլ տալ, որ հայ վարժարանը, օտար վարժարաններու հետ իր բնական մրցակցութեան մէջ, ետ մնայ ու պարտուի, կը նշանակէ` գիտակցաբար ձախողութեան մատնել հայեցի դաստիարակութեան, հետեւաբար նաեւ ազգապահպանման սրբազան գործը եւ վտանգել մեր հաւաքական գոյութիւնը:
Կանաչ կիրակիի հանգանակութիւնը առիթ մըն է, որպէսզի ցոյց տանք մեր ազգային նախանձախնդրութիւնը եւ մեր հաւաքական զոհաբերութեամբ չափով մը թեթեւցնենք մեր կրթական մարմիններուն ու մշակներուն նուիրական բեռը: Ազգի՛ն բեռը:
Միշտ ի մտի ունենանք, որ հայ վարժարանին պարզած պատկերը, նիւթական ու բարոյական իմաստով, հայ ազգային կեանքին, անհատական ու հաւաքական չափանիշով, հարազատ ցոլացումն է:
Հայ վարժարանո՛վ է, որ պիտի ճշդուի մեր տեսակարար կշիռը իբրեւ ազգ եւ համայնք: Հայ վարժարա՛նն է, վերջին հաշուով, մեր հաւաքական որակական արժէքին աստիճանաչափը:
Հայ կրթարանն է այն «կշռաքարը», որով պիտի դատեն մեզ օտարները եւ որով պիտի ներկայանանք մեր պատմութեան դատաստանին:
Հայ վարժարանին մէ՛ջ պէտք է որոնել մեր հայեցիութեան դրոշմը` բառին ամենալայն իմաստով: Հո՛ն, հայ ոգիի այս ամրակուռ միջնաբերդին մէջ է, որ կրնայ հայօրէն ու հպարտօրէն ծածանիլ հայ ազգային դրօշը:
Գիտնանք մի՛շտ բարձր բռնել այդ դրօշը` իբրեւ հայութեան յաւերժութեան լուսաճաճանչ խորհրդանիշ:
