50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1966)
Հայաստանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Երուսաղէմի Մէջ Շաբաթ, 11 յունիս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ակումբը, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, տօնակատարուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 48-րդ տարեդարձը: Տօնակատարութիւնը մասնաւոր փայլ կը ստանար ներկայութեամբը Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի, Հայրիկ արք. Ասլանեանի (լուսարարապետ Ս. Աթոռոյ), հայ կաթողիկէ պատր. փոխանորդ Յովհ. ծ. վրդ. Կամսարականի եւ Ս. Յակոբայ միաբանութեան անդամներու: Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր հայրենակարօտ ազգակիցներով: Հանդէսը բացուեցաւ արքայական քայլերգով: Բացման խօսքը ըրաւ Գ. Սեւան եւ շեշտեց, թէ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի հերոսամարտերով ոչ միայն անկախ հայրենիք ունեցանք, այլեւ հայը փաստեց, թէ իր բազուկին ուժով կրնայ տիրանալ անկախութեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը. ՀՄԸՄ-ի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ, Հ. Գալայճեանի եւ դաշնակի...
Կարդալ ԱւելինDetails
