50 Տարի Առաջ (20 Ապրիլ 1966)
Խմբագրական Բարերար Կը Փնտռուի... Ազգային ու կրթական բազմաթիւ հաստատութիւններ ունինք, որոնք հանրային կարեւոր դերի մը կոչուած են, եւ որոնք սակայն չեն կրնար լիովին արժեւորել իրենց ճիգերն ու հնարաւորութիւնները ա՛յն գլխաւոր, եւ յաճախ` միա՛կ պատճառով, որ նիւթական տագնապի մէջ են: Բարգաւաճ հայութիւն` գրեթէ ամէնուրեք եւ ազգային անբարգաւաճ հաստատութիւններ` աստ եւ անդ: Անբնականոն երեւոյթ մը ահա, որ հիմնովին անյարիր է մեր ազգային արժանապատուութեան: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն ուրեմն հայութեան նիւթական նուաճումները, եթէ ազգապահպանման համար կենսական նշանակութիւն ունեցող կարգ մը հաստատութիւններ, զանազան գաղութներու մէջ, նիւթական անապահով վիճակի մէջ պիտի մնան` գրեթէ ամլութեան դատապարտուելով: Ինչո՞ւ չենք անդրադառնար վերջապէս, որ այն հսկայական հարստութիւնները, որոնք յարաճուն...
Կարդալ ԱւելինDetails
