Որպէսզի Հայ Անմահ Ցեղը Ապրի
Մեծ եղեռնի 50-ամեակի առթիւ շատ յօդուածներ գրուեցան հայ թերթերու մէջ եւ շատ ճառեր խօսուեցան բեմերէն, մեծ մասը` զգացական յօդուածներ ու ճառեր, դժբախտաբար: Փորձեր, համեմատաբար, քիչ եղան քննելու երեւոյթը, թափանցելու անոր էութեան մէջ, վերլուծելու եւ եզրակացութիւններ հանելու: Աւելի քիչ պատմական այդ երեւոյթէն դասեր առնելու ջանք թափուեցաւ:
Որ թուրքի գործածը բարբարոսութիւն էր, «պատմութեան ամենասեւ էջ», ոճրագործութեան ամենավայրենի տեսակը, այդ մենք գիտենք, գիտէ եւ աշխարհ, բայց ահա նոյն այդ թուրքը փառք ու պատիւ ունի աշխարհի մեծերի ապարանքին մէջ, ազատ եւ ժողովրդավար ազգերու կողքին, եւ կը վայելէ նոյնիսկ Ամերիկայի նման ազատ եւ արդարախոհ պետութեան հովանաւորութիւնը: Կը նշանակէ «մարդկութեան խիղճ»-ը այն չէ, ինչ որ մեր պապերն ու մեր հայրերը քարոզած էին մեզի, ինչի որ մենք ալ դեռ կը շարունակենք հաւատալ:
Ա՛յս անկիւնէն ցարդ քիչ դիտուեցաւ Մեծ եղեռնը` որպէս պատմական երեւոյթ:
Որ թուրքը, հաւատարիմ իր ջարդարարի բնազդին, ջանաց օգտագործել համաշխարհային պատերազմի ընծայած պատեհութիւնը ալա թուրքա լուծելու համար Հայկական հարցը, այդ ե՛ւս գիտենք, գիտէ եւ աշխարհը, բայց նորագոյն պատմութիւնը կենդանի փաստերով ցոյց տուաւ, որ թուրքը մինակ չէ, դժբախտաբար, այդ ասպարէզի վրայ. Հիթլերն ալ հետեւեցաւ Թալէաթի օրինակին, Ստալինն ալ հետեւեցաւ Թալէաթի ու Հիթլերի օրինակին: Կը նշանակէ երեւոյթը ունի աւելի խոր, եթէ կ՛ուզէք` տիեզերական պատճառներ, նոյնիսկ ընկերաբանական հիմքեր: Եւ «մարդկութեան խիղճը» ասոր հետ ալ հաշտուեցաւ…
Այս անկիւնէն ալ պէտք է դիտուէր Մեծ եղեռնը:
Դեռ երէկ էր, որ թուրք Ճեմալ փաշայի ձեռքով արաբ հայրենասէրներու կախաղաններ կը շարէր Լիբանանի բարձունքներուն վրայ` խորունկ վիհ բանալով թուրք եւ արաբ ազգերու միջեւ: Կը թուէր, թէ այդ վիհը անանցանելի էր: Բայց «մարդկութեան խիղճը» այս եւս մարսեց: Լուռ են եւ Ճեմալ փաշայի զոհերը իրենց գերեզմաններուն մէջ…
Այո՛, սիրելի՛ բարեկամներ, թեմփորա մութանթուր` ժամանակները կը փոխուին: Է նոս մութամուս, մենք ալ կը փոխուինք, կ՛աւելցնէ լատին իմաստութիւնը:
Կը փոխուինք. պէ՛տք է փոխուինք: Պէտք է որ ոտք ոտքի քայլենք պատմութեան հետ, եթէ կ՛ուզենք ապրիլ եւ բարգաւաճիլ: Բայց… ըսէք, խնդրեմ, ինչո՞ւ մենութեան մէջ, երբ գիշերը անծայր է եւ քունը կը խուսափի աչքերէդ, անծանօթ մէկը կը ճզմէ սիրտդ եւ վիշտով կը լեցնէ հոգիդ: Ու չես կրնար բացատրել աշխարհի վատութիւնը: Չես ուզեր հաշտուիլ «մարդկութեան խիղճ» կոչուած անխղճութեան հետ…
Քաղաքականութի՞ւն` այո՛: Շա՞հ` հասկնալի է: Ապրելու տե՞նչ` անշուշտ: Աշխարհի խաղաղութի՞ւն, ի մարդիկ հաճութի՞ւն` բնական է: Բայց ես ձեզ կը հարցնեմ, ինչպէ՞ս հանդուրժել, երբ երէկուան ոճրագործը այսօր ամենապատուաւոր մարդը կը հռչակուի, երբ ոճիրի զոհերը դեռ գերեզման չգտած` ոճրագործները բարձ ու պատուի կ՛արժանանան «մարդկութեան խղճի» ապարանքներու մէջ…
Մեծ եղեռնը պէտք է դիտել ամէն անկիւնէ, քննել, վերլուծել, ու հասկնալ ժամանակի փոփոխութեան հետ համընթաց: Ա՛յս է կեանքի հրամայականը: Մէկ անկիւն, սակայն, պէտք է մնայ անփոփոխ. կարելի չէ մոռնալ Եղեռնը: Ներելի չէ հաշտուիլ ոճիրին հետ` ո՛վ եւ ըլլայ ոճրագործը, երբ եւ գործուած ըլլայ ոճիրը: Այն ժողովուրդը, որ մոռնալ չի գիտեր, չի կրնար ապրիլ, ճիշդ է: Բայց ճիշդ է եւ այն, որ ամէն բան մոռնալ գիտցող ժողովուրդը նոյնպէս իրաւունք չունի ապրելու: Եւ բաներ կան, որ չեն կրնար, պէտք չէ որ մոռցուին:
«Գերեզմանաքարեր կերտողներ պիտի չըլլանք», կը գրէր ոճիրի զոհերէն տիկին մը «Ասպարէզ»-ի մէջ, Մեծ եղեռնի առթիւ, այլ կենդանի գործով պէտք է պատասխանենք թուրքին:
Այո՛, մարդկութիւնը մոռցած է պատմութեան այդ ամենասեւ էջը, որ ժամանակին ցնցեց ամբողջ աշխարհի խիղճը: Այո՛, ոճրագործներու մեծ մասը մնաց անպատիժ. անոնք այսօր նոյնիսկ ի պատուի են երէկուան պատժել սպառնացողներու աչքին: Այո՛, Եղեռնի զոհերու երկիրը վերածուած է ամայի անապատի եւ անոնց զաւակները աշխարհէ աշխարհ կը թափառին անհայրենիք, ընչազուրկ, անիրաւուած: Բայց ճիշդ է նաեւ, որ ապրիլ 24-ը պէտք է մնայ ուղեցոյց աստղը ազատատենչ հայութեան:
Հայ Մեծ եղեռնէն ծնունդ առաւ ազատ Հայաստանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ազգային անպատում վիշտը ամոքեց ու լուսաւորեց պայծառ ապագայի կենսանորոգ յոյսով: Նոր աշխատանքի, գերագոյն ճիգի, մեծ զոհողութիւններու պէտք կայ, բայց շէնքի հիմը դրուած է, պատուանդանը ամուր է եւ ապագան` խոստմնալից: Ապրիլի զարհուրանքը ապրած, մայիսը տեսած ժողովուրդ մը չի կրնար ընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ, չի կրնար չյուսալ, չհաւատալ ու չգործել:
Ապրիլ 24-ը սուգի օր է, բայց հայութեան համար նաեւ` յոյսի օր: Փորձով գիտենք, որ ապրիլէն յետոյ կու գայ մայիսը, բնութեան պերճափայլ ամիսը, ամիսը հայութեան հրաշալի յարութեան: Ապրիլ եւ մայիս շաղկապուած են հայ ժողովուրդի հոգիներու մէջ, ինչպէս` վիշտն ու ծիծաղը կեանքի մէջ:
Սգանք մեր անհաշիւ նահատակներու յիշատակը, բայց գիտակցինք նոյնպէս, որ անոնց գերեզմաններուն վրայ հաստատուած է նոր Հայաստանի շէնքը: Եւ երբեք չմոռնանք մեր պարտքը անոնց առջեւ` լրացումն է կառուցման այն շէնքի, որի համար զոհուեցան անոնք:
Մեծ եղեռնը տարաւ մեր ժողովուրդի թանկագին մասը, բայց անոնց ժառանգները կ՛ապրին. կենդանի է նաեւ անոնց ձգած աւանդը` իրենց զաւակներուն վերադարձնել հայրենական ժառանգութիւնը, որ կը մնայ բռնագրաւուած յափշտակիչներու ձեռքին: Այդ աւանդը պէտք է լինի մղիչ ուժը ամէնուս համար, մեր ազգային ուղին լուսաւորող փարոս մը, որ եռանդ, հոգեկան կորով ու վճռական կամք պէտք է ներշնչէ մեզի:
Վա՜յ այն ազգին, որ թշնամիի անողոք հարուածներուն տակ կը շշմի ու կը տկարանայ: Վա՜յ այն սերունդին, որ ականջ չի դներ իր հայրերու անդրգերեզմանային ձայնին, կը մոռնայ իր նախնիքներու թողած կտակը, կը մեղկանայ ու կը մոլորի: Վա՜յ անոնց, որ լացի պատէն անդին չեն զգար ազգի սրտի կենսապարգեւ բաբախումները: Անոնք կորած են անյոյս: Քանի՜ քանի ազգեր անհետացած են` ուրանալով իրենց անցեալը, տրորուած բռնաւորներու կրունկներուն տակ, եւ քանի՜ քանի բռնաւորներ խորտակուած են ապրելու վճռակամութիւն ունեցող ժողովուրդներու կամքով:
Հայ ժողովուրդը, իր անպատում մարտիրոսութեան արհաւիրքներու մէջ, երբե՛ք չէ մոռցած անցեալը, երբե՛ք չէ ուրացած ինքզինքը, չէ՛ ընկճուած, չէ՛ կորսնցուցած հաւատը եւ կեանքի հզօր բնազդը: Եւ յարատեւած է ու պիտի ապրի յաւիտեան` իր հզօր կենսունակութեամբ եւ անխորտակելի կամքով: Ապրելու կամք եւ անսասան հաւատ` ահա անոր ուժի գաղտնիքը: Ապրիլեան եղեռնը տեսած եւ կանգուն մնացած ազգ մը երբե՛ք չի կորսուիր:
Ու այսօր ահա, երբ կը սգանք ապրիլեան նահատակները, նոր յոյս մը, նոր լոյս մը հմայած է մեր աչքերը` մեր հայրենի կիսաւարտ շէնքի ամբողջացման յոյսը, որ նոր տենդով համակած է հայոց հոգիները եւ նոր գործի ու զոհողութեան կը մղէ: Այդ մեծ գործին մասնակից են եւ մեր նահատակները: Անոնք, որոնք մեզի հետ չեն մարմնով, բայց միշտ մեզի հետ են հոգիով: Ազգ մը կենսունակ է ոչ միայն ողջերով, այլեւ` մեռելներով: Եւ ապրիլեան մեր նահատակները կ՛ապրին հայ ժողովուրդի հոգիներու մէջ ու կ՛ապրեցնեն հայ ժողովուրդը:
Սգանք մեր մեծ կորուստը, բայց խորհինք ու գործենք մեծ ապագայի համար:
Որպէսզի հայ անմահ ցեղը ապրի:
Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ