Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1966)

Մայիս 12, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ժողովուրդի Հարազատ Զաւակը

(Վրթանէս Փափազեանի Ծննդեան
100-Ամեակին Առիթով)

Պատկերացուցէք պահ մը 1890-ական թուականներու հայ կեանքը: Այդ կեանքին առանցքը կազմող Արեւմտեան Հայաստանը: Թրքական արիւնոտ բռնապետութիւնը: Հայ գիւղացիութեան եղերական ճակատագիրը: Յեղափոխական տարերային խմորումները: Հայ ժողովուրդի մահու եւ կենաց գօտեմարտը իր դարաւոր ոսոխին դէմ:

Երկունքի մէջ է հայ կեանքը: Վերահաս փոթորիկներու, անհաւասար մաքառումներու, յոյսի ու յուսախաբութեան, արիւնոտ նախճիրներու եւ ազատութեան մօտալուտ արշալոյսներու հեռանկարները հզօր ալիքներու ուժգնութեամբ կը մրրկահարեն հայ հոգիները, կը ցնցեն մեր գոյութեան հիմքերը: Անակնկալներով յղի է ապագան, եւ մութ ու լոյս ստուերները կը շարժին հայ կեանքի հորիզոնին վրայ:

Տագնապահար մտաւորականութիւն մը, խրտնած մրրկահաւերու պատկերով, կուրծք կու տայ հայ կեանքը խռովող փոթորիկներուն եւ գերագոյն ճիգերով կը ջանայ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել հայ կեանքի հողմածին նաւը:

Ահա այն մթնոլորտը, մօտաւոր պատկերացումով, որ ապրեցաւ, պայքարեցաւ եւ ստեղծագործեց Վրթանէս Փափազեան եւ անկրկնելի սերունդը հայ յեղափոխական մտաւորականութեան:

Վրթանէս Փափազեան, իբրեւ սրբազան միջինը հայ մտաւորական ընտրանիին, կրթական մշակ է նախ, որ կը շրջի գիւղէ գիւղ ու գաւառէ գաւառ` լուսաւորելու համար հայ ժողովրդական զանգուածները, ստեղծելու համար հոգեպէս, իմացապէս վերանորոգ, բարձրորակ հայութիւնը եւ վերակերտելու համար հայ ժողովուրդի եղերական ճակատագիրը հայոց փառապանծ պատմութեան արժանի փառքով:

Յեղափոխական գործիչ է յետոյ, որ նոր աշխարհի նոր գաղափարներով ու ոգիով կը փորձէ վերակազմակերպել հայ կեանքը, փոխակերպել հայ մարդը` վերստեղծելու համար կենսունակ, այլ մանաւանդ մարտունակ հայութիւնը, որ գիտակցութիւնը ունենայ իր ներքին ուժերուն եւ խիզախութիւնը` վերակերտելու իր ազգային ճակատագիրը` սեփական հայրենիքի եւ սեփական պետութեան, այլ մանաւանդ արդար կարգերու վսեմական տեսիլներով:

Հայ գրագէտն է ապա, որ իր հոգեմտաւոր բոլոր ուժերը, բովանդա՛կ տաղանդը ի սպաս կը դնէ նոր աշխարհի նո՛ր հայութեան եւ յարուցեալ Հայաստանի սրբազան Երազին: Որ կ՛ոգեշնչէ, հոգեպէս ու իմացապէս կը սպառազինէ ժողովրդական լայն զանգուածները` զայն վերադարձնելու համար իր ցեղային ակունքներուն եւ շարժման մէջ դնելու համար դէպի ապագայի լուսաւոր հորիզոնները:

Ահա՛ թէ ինչու ան` Վրթանէս Փափազեան բնական շարունակողն ու ստեղծագործաբար զարգացնողը եղաւ Մեծ Րաֆֆիի աւանդութիւններուն, ոգեկան ու գաղափարական ընդհանուր ձգտումներուն:

Իր գրականութիւնը  ձգտումնաւոր գրականութիւն մըն է: Հարազատ ցոլացումը իր ժողովուրդի ապրումներուն, իղձերուն, եղերական կեանքին ու ճակատագրին: Պարզ` իր ոճով, ինչպէս հայ գիւղացիի տոհմիկ կենցաղը, պայծառ` իր գաղափարական աշխարհով, ինչպէս խոնարհ խաւերու պարզունակ հոգին: Առոյգ ու կենսունակ, ինչպէս աշխատաւոր հայ ժողովուրդը` իր բարի, շինարար ու յաւերժօրէն լաւատես ոգիով:

Անոր հերոսները, գրեթէ բոլորը անխտիր, ազատութեան երազը ունին իրենց հոգիին մէջ: Ազատութեան ձգտումն է անոնց թեւ ու թռիչք տուող կենարար ուժը: Եւ ազատութեան ի խնդիր պայքարը առանցքը կը կազմէ անոնց կեանքին, կ՛իմաստաւորէ ու կը լուսաւորէ անոնց գոյութիւնը:

Բարիին, գեղեցիկին, վսեմին, այլ մանաւանդ ազատութեան ազնուական կիրքն է, որ կը լեցնէ անոնց կեանքը, հոգին, մղում ու թափ կու տայ անոնց պայքարին: Ազնուական այդ կիրքն է, որ հաղորդական ու վարակիչ կը դարձնէ հեղինակին շունչը եւ զայն հարազատ կ՛ընծայէ մեր ներաշխարհին:

Էականը այս ձգտումն է ահա, այրուելով լոյս տալու հրայրքը, անձնուրացութեան այս խիզախ ոգին, որ տարօրէն գեղեցիկ ու հայադրոշմ կ՛ընծայէ անոր գրականութիւնը` իբրեւ իր ժամանակի տրամադրութեանց ու ապրումներուն հարազատ արտայայտութիւնը:

Ազնուական այս կիրքը, նորահրաշ այս ոգին իբրեւ մթնոլորտ եւ ձգտում, կը լեցնէ Վրթանէս Փափազեանի գրեթէ բոլոր պատմուածքները, հեքիաթները, այլաբանական պատումները, վէպերը, թատրերգութիւնները:

Եւ, իբրեւ այդպիսին, անոնք ամէնէն յատկանշական ու արժէքաւոր նուաճումները կը կազմեն հայ յեղափոխական գեղարուեստական գրականութեան, ուրոյն ու մնայուն տեղ մը ապահովելով հեղինակին` հայոց գրականութեան փարթամ այգիին մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մայրերուն Նուիրուած Գեղեցիկ Արձաններ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?