Հայ Կեանք
ՀՅԴ 75-Ամեակի Տօնակատարութիւնը
Նիւ Պրիթընի Մէջ
Նիւ Պրիթընի մէջ տպաւորիչ հանդիսութեամբ տօնակատարուած է ՀՅԴ 75-ամեակը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 48-ամեակը:
Նախագահած է Տաթեւ քահանայ: Ատենապետած է Տիգրան Սարգիսեան:
Գործադրուած է օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Բանախօսած է Մինաս Թէօլէօլեան, որ հիմնական գիծերու մէջ ներկայացուցած է Դաշնակցութեան 75 տարիներու իրագործումները եւ ներկայի ու ապագայի առաքելութիւնը:
«Կոմիտաս» Երգչախումբին
Համերգը
Պոսթընի «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ռուբէն Գրիգորեանի եւ իր զաւկին` Լեւիկ Գրիգորեանի, տուած է իր 11-րդ տարեկան համերգը:
Խմբերգուած հայկական ժողովրդական եւ դասական դժուարին կտորները, հոգեկան վայելքի ու խանդավառութեան բացառիկ պահեր ընծայած են ունկնդիր հասարակութեան:
Անի Կասերի
Նուագահանդէսները
Ֆրանսական մշակութային միութեան հրաւէրով, Անգարայի մէջ, պոլսահայ դաշնակահարուհի Անի Կասեր տուած է դաշնակի երկու նուագահանդէս:
Երիտասարդ հայուհիին ձեռք բերած նուաճումները մեծապէս գնահատուած են երաժշտական քննադատներու եւ արուեստասէր հասարակութեան կողմէ:
Անի Կասեր արժանացած է խանդավառ ծափահարութիւններու:
Գարակէօզեան Սանուց Միութեան
17-րդ Տարեդարձը
Գարակէօզեան սանուց միութիւնը իր 17-րդ տարեդարձը տօնած է անդամներու, համակիրներու եւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Բացման խօսքը ըրած է Մարտիրոս Թորան: Խօսք առած են Կարպիս Ե. Մուրատեան եւ Գեղամ Ճան: Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աթենակորաս Պատրիարք
Տեսակցութեան Հրաւիրած Է
Ճարտարապետ Պետրոս Զոպեանը
Յունաց Տիեզերական պատրիարք Աթենակորաս Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նորակերտ եկեղեցւոյ ճարտարապետ Պետրոս Զոպեանը հրաւիրած է Ֆեների յունաց պատրիարքարանը` հետը տեսակցութիւն մը ունենալու համար:
Պատրիարքը, որ ներկայ եղած էր եկեղեցւոյ բացման հանդէսին, հիացումով դիտած է Զոպեանի ճարտարապետութեամբ եւ հայկական ոճով կառուցուած հոյակապ եկեղեցին եւ յայտնած` իր անվերապահ գնահատանքը:
Շնորհք պատրիարք եւս օրհնութեան կոնդակ մը շնորհած է ճարտարապետ Պետրոս Զոպեանին:
Պէյօղլուի Աղքատախնամին
Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը
«Հիլթըն»-ի ընդարձակ ու շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Պէյօղլուի աղքատախնամին աւանդական ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:
Իբրեւ դարաւոր մարմին ու բարերար կազմակերպութիւն, Պէյօղլուի աղքատախնամը միշտ վայելած է ժողովրդային լայն զանգուածներուն գուրգուրանքը:
Իրենց մասնակցութիւնը բերած են երեք նուագախումբեր, որոնց կարգին` «Արամեան սանուց»-ի նուագախումբը, որ հայերէն պարանուագներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծած է: Եղած են նաեւ հաճելի անակնկալներ: Պարանցիկը տեւած է մինչեւ առաւօտեան ժամերը:
Վալանթին Մազլումի Աշակերտներուն
Դաշնակի Նուագահանդէսը
Պոլսոյ մէջ երաժշտասէր հոծ հասարակութիւն մը ներկայ գտնուած է արժէքաւոր ուսուցչուհի Վալանթին Մազլումի աշակերտուհիներու նուագահանդէսին:
Աշակերտուհիները գնահատելի զգայնութեամբ, գրեթէ անթերի նուագած են իրենց վստահուած կտորները:
Նուագահանդէսի աւարտին Վալանթին Մազլում բեմ հրաւիրուած է եւ արժանացած` երկարատեւ ծափահարութիւններու: