Խմբագրական
Անաւարտ Երազին
Ի Խնդիր
Զգալի աշխուժացում մը կայ մեր պատանեկան միութեանց շարքերուն մէջ: Այս աշխուժացումը կ՛արտայայտուի, ընթացիկ գործունէութեանց կողքին, նաեւ հրապարակային ձեռնարկներով:
Կիրակի օր պիտի տօնակատարեն, օրինակ, հայկական ազատամարտի աննման մարտիկներէն եւ հերոսներէն` սքանչելի Բաբգէն Սիւնիի մահուան 70-ամեակը:
Յեղափոխական նուիրեալ ու գաղափարապաշտ գործիչ մը, որ իր ծաղիկ կեանքը զոհաբերեց հայ ժողովուրդի դարաւոր երազի իրականացման ճամբուն վրայ եւ Հայաստանի ազատագրութեան ի խնդիր իր հերոսական մահով ինկաւ 26 օգոստոս 1896-ին, Օսմանեան դրամատան գրաւման օրը:
Ձեռնարկ մը, որուն նախաձեռնութիւնն ու գործադրութիւնը կը պարտինք գլխաւորաբար անոր, եւ որ գլուխ հանուեցաւ իր եւ իր գաղափարակիցներուն յեղափոխական ձեռներէցութեան, նուիրումին ու խիզախումին շնորհիւ:
Ձեռնարկ մը, որ խոր ցնցում պիտի պատճառէր Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ, պիտի խռովէր միջազգային քաղաքական շրջանակները եւ բովանդակ քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրէր հայ ժողովուրդի ողբերգութեան եւ Հայ դատին վրայ:
Ձեռնարկ մը տակաւին, որ խորապէս պիտի ցնցէր հայ հոգիները, տեսակ մը հոգեշարժ պիտի ստեղծէր Հայաստանի եւ արտահայաստանի մէկ ծայրէն միւսը` նոր թափ, նոր կորով եւ նոր ոգի ներշնչելով Հայ ազատագրական շարժման:
Այս ձեւով, հայ յեղափոխութիւնը կը մտնէր գործնական փուլի մը մէջ: «Երկաթէ շերեփ»-ի խրիմեանական պատգամը գործի կը վերածուէր «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» նշանաբանին տակ:
Հայ ժողովուրդը, յանձինս Բաբգէն Սիւնիներու եւ անոր գաղափարակից կորիւններուն, իր ամէնէն ընտիր զաւակները կը զոհաբերէր իր կեանքին, պատիւին ու ինչքին պաշտպանութեան եւ իր հայրենիքին ազատութեան ի խնդիր:
Շարժումը, որուն ոգին ու առաջնորդող աստղը պիտի դառնային Բաբգէն Սիւնիները, իրենց կեանքով ու թափած արեամբ, իրենց յեղափոխական մաքրագործող ու վերանորոգիչ շունչով, արագօրէն պիտի վարակէր բոլոր հայ հոգիները, ոտքի պիտի հանէր հայը, անոր բարոյական կորով ու արիութիւն պիտի ներշնչէր մեր ազգային ազատագրական պայքարի լայն ճանապարհին վրայ, զայն հերոսական նորանոր խոյանքներու եւ անպատմելի սխրագործութեան մղելով:
Այդ շարժումին առաջապահը հայ երիտասարդութիւնն է: Հայ երիտասարդութի՛ւնն էր, որ կը նետուէր կենաց եւ մահու անհաւասար պայքարին մէջ, կը նետուէր դաժան պայքարի ասպարէզ` իր ժողովուրդի եղերական ճակատագիրը սրբագրելու եւ վերակերտելու վսեմ առաքելութեամբ:
Կը ստեղծուէր ու կը ձեւաւորուէր գերազանցօրէն մարտունակ հայութիւնը: Հայութի՛ւն մը, որ կը գիտակցէր իր ներքին ուժերուն, իր մարդկային, ազգային ու քաղաքական իրաւունքներուն: Կը վերակերտէր իր ցեղային վաղեմի պայծառ դիմագիծը, կ՛ազգայնանար, կը վերահայանար եւ կը վերադառնար իր ազգային իսկութեան, խորհուրդի՛ն:
Ահա թէ ինչու Բաբգէն Սիւնիները կը շարունակեն ներշնչել ու ոգեւորել մեր մատաղ սերունդները: Ահա թէ ինչու անմահ է անոնց յիշատակը: Ահա թէ ինչու անմեռ է անոնց նուիրական ուխտը:
Հաւատարիմ այդ ուխտին, դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը սնանի ու կը դաստիարակուի Հայ Յեղափոխութեան վսեմ աւանդութիւններով, հայրենական արժէքներու կենսանորոգ հեղումներով եւ Հայաստանի ազատագրութեան եւ միացեալ ու անկախ Հայաստանի անմեռ Իտէալով:
Հաւատարիմ Հայ յեղափոխութեան արիւնոտ, այլ փառապանծ դրօշին, հայ երիտասարդութիւնը, միեւնո՛յն հաւատքով, միեւնոյն աւիւնով եւ միեւնոյն անձնուրացութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը, մինչեւ որ Բաբգէն Սիւնիներու անաւարտ երազը հասնի իր լրումին:
Մինչեւ որ հայ յեղափոխական սերունդներու ծով արեամբ ոռոգուած Հայաստանը ամբողջականօրէն հայանայ եւ դառնայ հայ ժողովուրդի կեանքին, մեծութեան ու յաւերժութեան բնօրրանը:
Մինչ այդ` Բաբգէն Սիւնիները պիտի ապրին ու շարունակեն պայքարիլ մեր շարքերուն մէջ, պիտի շարունակեն թեւ ու թռիչք տալ մեր մատաղ սերունդներուն եւ պիտի շարունակեն Հայոց Այրուձին վարել դէպի հայոց աշխարհի հեռաւոր հորիզոնները:
Դէպի կեանք տոհմային, դէպի գաղափարական պայքար յարատեւ եւ դէպի յաղթանակ անվարան: