Խմբագրական
Շինարար Ոգիով
Ծանօթ իրողութիւն է, որ հայ մարդուն մէջ զօրաւոր է քննադատութեան ոգին: Ճշմարտութիւն է նոյնպէս, որ քննադատութիւնը առաջատար ազդակ մըն է հանրային կեանքի մէջ ընդհանրապէս:
Սակայն քննադատութիւնը պէտք է տեղի ունենայ` շինարար ոգիով, դրական մտահոգութիւններէ մեկնելով եւ մտաւորական ամբողջական պարկեշտութեամբ:
Այլապէս քննադատութիւնը, առաւե՛լ եւս` քննադատը, կը դադրի դրական ազդակ մը ըլլալէ եւ կը դառնայ հիւանդագին երեւոյթ:
Քննադատութեան նպատակը ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումն է միշտ: Թերիներն ու թերացումները, սխալներն ու թիւրիմացութիւնները սրբագրելու կը միտի: Մթնոլորտի պայծառացման կը ձգտի եւ հանրային շահը ունի իբրեւ առանցք ու զսպանակ:
Սրբագրե՛լ, արդարեւ, եւ ո՛չ թէ` քանդել: Դարմանե՛լ եւ ո՛չ թէ` խարանել միայն: Ճշմարիտ քննադատութիւնը կառուցողական է յամենայնի՛, կ՛անսայ միայն բանականութեան ձայնին եւ կ՛առաջնորդուի մարդկային խղճի լոյսերով:
Արդարութեան եւ ճշմարտութեան անխառն ու ազնուական կիրքը պիտի կազմէ տիրական այն ուժը, որ թեւ պիտի տայ քննադատական ոգիին:
Այս յատկանիշներով օժտուած քննադատութիւնն է միայն, որ կրնայ մթնոլորտ ստեղծել եւ ձեւաւորել ու զարգացնել հանրային խղճմտանքը, ուստի նաեւ` հանրային կարծիքը:
Չափէն աւելի պատասխանատու գործ է քննադատութիւնը: Հանրային պատասխանատուութիւն եւ մտաւորական անխառն պարկեշտութիւն կը պահանջէ: Կը պահանջէ մանաւանդ ողջմտութիւն, լրջութիւն եւ լայն պատրաստութիւն:
Ճշմարիտ քննադատը նկարագրի, սկզբունքի եւ իտէալի տէր մարդն է ամէնէն առաջ եւ անպայմա՛ն: Ապա իր նիւթին եւ անոր յարակից հարցերուն լայնօրէն ծանօթ, նոյնիսկ հմո՛ւտ մարդն է: Հաւատաւոր եւ հաւասարակշիռ մարդ մըն է զգացականօրէն, իմացապէս:
Բարոյապէս ամուր է, անկողմնակալ եւ բարեխիղճ անկասկած: Ապա նաեւ ապրում ու ոգի ունի: Ունի մասնաւորաբար իր ըսածին ու ըրածին պայծառ գիտակցութիւնն ու խորազգած ճանաչողութիւնը:
Աննկարագիր, անսկզբունք, անիտէալ եւ անբարեխիղճ մարդուն քննադատութիւնը, նուազագոյն պարագային, չարախօսութիւն, բամբասա՛նք միայն կրնայ ըլլալ:
Ճշմարիտ քննադատը ա՛յն մարդն է նմանապէս, որ ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի քննադատաբար կրնայ վերաբերիլ ի՛ր անձին ու գործին հանդէպ: Անսահման լայնամտութիւն ու հանդուրժողութեան ոգի ցուցաբերելու բարոյական արիութիւնը ունի դիմացիններուն հանդէպ: Խոր յարգանք ու անխառն սէր կը սնուցանէ մարդո՛ւն եւ մարդկային մեծ ու փոքր բոլոր արժէքներուն եւ արժանիքներուն հանդէպ հաւասարապէս:
Առանց ամուր նկարագրի, պարկեշտութեան ու անշահախնդրութեան, առանց առարկայական ու անկողմնակալ ոգիի` քննադատութիւնը ոչ միայն բարիք չէ, այլեւ, ընդհակառակն, չարիք է եւ միայն քայքայիչ, կործանարար հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Ահա թէ ինչո՛ւ քննադատել, ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի, կը նշանակէ յաղթահարել մեր եսը: Կը նշանակէ անանձնանալ, փարատել մեր ենթակայական ախտաժէտ տրամադրութիւնները, պայծառանալ օրուան լոյսին պէս եւ ցրուել մարդոց հոգիներուն ու մտքերուն մէջ թանձրացող խաւարը` հանրային կեանքի, մտաւորական աշխարհի բոլոր դէպքերուն, դէմքերուն, երեւոյթներուն ու իրադարձութեանց շուրջ:
Ահա թէ ինչու քննադատել, բառին լաւագոյն առումով, կը նշանակէ առաջնորդել: Իսկ առաջնորդել` կը նշանակէ մեծնալ եւ մե՛ծ մնալ միշտ: Վե՛ր մնալ մանաւանդ մարդկային փոքրութիւններէն ու փոքրոգութիւններէն: Մարդանա՛լ եւ մարդակերտե՛լ:
Չինական հին ու իմաստուն առածը կ՛ըսէ` «Խաւարը անիծելու փոխարէն` լաւ է ճրագ մը վառել»:
Ճրագ մը վառել. ահա՛ քննադատութեան եւ քննադատին միա՛կ կոչումը, առաջին ու վերջին նպատակը:
Ի՜նչ վսեմական առաքելութիւն, արդարեւ: