Ակնարկ
Անաստուած Մը
Վատիկանի Մէջ
Ութ տարի առաջ, 1958-ին, Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար Անտրէ Կրոմիքօ խաղաղութեան կողմնակիցներու իտալական պատուիրակութեան մը առջեւ խօսք առնելով կը յայտարարէր. «Ներկայիս գոյութիւն ունի գետին մը, որուն վրայ շփումներ կրնան հաստատուիլ Խորհրդային Միութեան եւ Վատիկանի միջեւ»:
Այդ գետինը, խորհրդային նախարարին մտքին մէջ խաղաղութեան պահպանումն էր: Գոնէ այդպէս կ՛արտայայտուէր:
Չորեքշաբթի խաղաղութիւնը եղաւ գլխաւոր նիւթը այն խօսակցութեան, որ ունեցաւ Կրոմիքօ պապին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին: Խօսակցութեան միւս նիւթերը պիտի մնան վարչապետարաններու գաղտնի թղթածրարներուն մէջ:
Այս գաղտնապահութիւնը ոչինչով կը պակսեցնէ, սակայն, վատիկանեան ունկնդրութեան կարեւորութիւնը: Ընդհակառա՛կն: Նախ սովորական երեւոյթ մը չէ տեսնել անաստուած մը Վատիկանի մէջ: 1924-էն ի վեր ոչ մէկ խորհրդային արտաքին գործոց նախարար այցելած է Հռոմ: Վերջին անգամ յաւիտենական քաղաքին մէջ գտնուած է Չիչերին, որ սակայն Վատիկանի դրան առջեւէն անցած է` առանց ներս մտնելու:
Ժամանակները փոխուած են Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ասդին, երբ յարաբերութիւնները խզուեցան Վատիկանի եւ խորհրդայնացած Ռուսիոյ միջեւ: Շատ ջուրեր հոսած են Հռոմի եւ Մոսկուայի կամուրջներուն տակէն: Մոռցուած է մանաւանդ Ստալինի հռչակաւոր խօսքը` ուղղուած նախագահ Ռուզվելթի, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ՛աշխատէր շփում մը ստեղծել Մոսկուայի եւ Վատիկանի միջեւ. «Վատիկա՞ն, քանի՞ զօրաբաժին ունի»:
Կրոմիքօ անշուշտ վատիկանեան զօրաբաժինները համրելու չգնաց Հռոմ: Գնաց` չափած ըլլալով այն ուժը, որ Եկեղեցին կը ներկայացնէ ներկայիս, երբ հիւլէական սպառնալիքին ենթակայ մարդկութիւնը կը զգայ բարոյական արժէքներուն զօրութիւնը իր գոյատեւման պայքարին մէջ:
Անցած են յետպատերազմեան տարիները, երբ կրօնը թմրեցուցիչ նկատող Քրեմլինը ահաւոր հալածանքի մը ձեռնարկած էր Եկեղեցիին եւ յատկապէս Հռոմի ազդեցութեան դէմ: Ու հակառակ անոր որ տակաւին կարտինալ Մինցենտի կը շարունակէ ապաստան գտնել Պուտափեշտի ամերիկեան դեսպանատան մէջ, Մոսկուա անբնական կը գտնէ այս երկարատեւ խզումը Վատիկանի հետ:
Դէպի Վատիկան առնուած այս կարեւոր քայլը անկասկած որ մաս կը կազմէ խորհրդային քաղաքականութեան ընդհանուր հոլովոյթին եւ կրնայ խոր անդրադարձներ ունենալ արտաքին աշխարհին հետ Խորհրդային Միութեան ունեցած ընդհանուր յարաբերութիւններուն վրայ:
X
Երիտասարդութիւնը Եւ
Հակաթուրք Պայքարը
Հակաթուրք մեր պայքարին մէջ կարեւոր դեր մը վերապահուած է հայ երիտասարդութեան:
Ամէն տեղ, իրենց յարաբերութիւններով, անոնք շփումի առաջին գիծին վրայ կու գան:
Եւ, իբրեւ այդպիսին, երէցներէն աւելի իրենք է, որ կապեր ունին իրենց հասակակիցներուն հետ, որոնցմէ շատերը այսօր կը գտնուին քառասուն կամ աւելի տարիքի մէջ:
Արդ, այդ յարաբերութիւններն են, որ պէտք է օգտագործեն բացատրելու համար իրենց երբեմնի ընկերներուն եւ մտաւորական շրջանակներուն քաղաքական այն պահանջները, զորս ունինք մենք, եւ որոնց համար հրապարակ իջած ենք ու կը խօսինք Հայ եղեռնի անունով:
Նորերուն, ուրեմն, վերապահուած է քարոզչական կարեւոր դեր մը, պայմանաւ որ տանին այդ աշխատանքը ծրագրուած ձեւով:
Բանաւոր քարոզչութեան զուգահեռ, կրնան կատարել նաեւ գրաւոր քարոզչութիւն, որուն նպատակը պէտք է ըլլայ խօսիլ Հայ եղեռնի ու այն վայրագութեանց մասին, որոնց զոհ տուինք 1915-ին մէկուկէս միլիոն հայեր:
Ամէն պատրաստուած երիտասարդ ինքզինք պիտի նկատէ Հայ դատի քարոզչութեան լծուած կամաւոր զինուոր մը:
Պիտի աշխատի ստեղծել առիթներ` յարգարժան շրջանակներու մէջ խօսելու համար հայութեան պատմութեան, մշակոյթին եւ քաղաքական պահանջներու մասին:
Այս քարոզչութեան համար ոչ ոքէ վկայական չի պահանջուիր:
Անհատական նախաձեռնութիւններէ հրաշքներ ծնած են անցեալին մէջ:
Միայն թէ գործել փափաքողներ պէտք է իրենք իմանան հայութեան պատմութիւնը: Պէտք է ծանօթ ըլլան մեր գրականութեան, յեղափոխական անցեալին, բոլոր կարեւոր դրուագներուն, հայ մշակոյթին:
«Արմենիա»
Հայաստան`
Մե՛ր Հողերի Վրայ
Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմից ՄԱԿ-ին ներկայացուած յուշագրի մասին` թուրք թերթերից «Աքշամ»-ը գրում է.
– Հայերը ուզում են թուրք հողերի վրայ Հայաստան հիմնել: Իսկ Անգարայի քաղաքական շրջանակները յայտարարում են.
– Հայերը ուզում են թրքական եւ ռուսական հողերի վրայ հայկական պետութիւն ստեղծել:
Ո՛չ, պարոնա՛յք, մենք աչք չունենք ո՛չ թրքական հողերի, ո՛չ ռուսական հողերի վրայ եւ ո՛չ էլ որեւէ ուրիշ երկրի հողերի վրայ:
Մենք ուզում ենք Հայաստան հիմնել միայն մե՛ր հողերի վրայ, միայն մեր Հայաստանի մէջ:
Որո՞նք են այդ հողերը, որոնց ուզում ենք տիրանալ: Ահաւասիկ.
1) Հայկական հողերը, Հայաստանը այն երկրամասն է, ուր հայութիւնը ապրել, ստեղծագործել եւ պատմութիւն ու քաղաքակրթութիւն է կերտել երեք հազար տարիներից ի վեր:
2) Հայաստանը այն երկիրն է, որ 1920 օգոստոս 10-ին, Խաղաղութեան վեհաժողովում, Սեւրի դաշնագրով ազատ, անկախ եւ միացեալ պետութիւն հռչակուեց, եւ այդ դաշնագիրը ստորագրեցին մի կողմից` ինքը` Թուրքիան, միւս կողմից` Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը:
3) Հայաստանը այն է, որի տարածանքը հաշուում է 161.750 քառակուսի քիլոմեթր, եւ որի սահմանները ճշդուած են այդ նոյն վեհաժողովում եւ այդ նոյն դաշնագրի միջոցով:
Այդ Հայաստանի քարտէսը հրատարակուած է բազմաթիւ անգամներ եւ այժմ էլ կցուած է ՄԱԿ-ին ներկայացուած յուշագրին:
4) Հայաստանը այն օրինական եւ միջազգայնօրէն ճանաչցուած պետութիւնն է, որ բռնագրաւուեց թուրք-ռուսական միացեալ ուժերի կողմից` 1920 սեպտեմբեր 23-ին:
5) Հայկական հողերը, հայկական պետութիւնը եւ Հայկական հարցը նրանք են, որ 1923 յուլիս 24-ին Լօզանում թուրքերը եւ ռուսերը միասնաբար տապանաքարի տակ առին:
Ահա՛ այդ զոյգ տապանաքարերն ենք ուզում վերացնել:
Ահա՛ այդ հողերի վրայ ենք ուզում Հայաստան ստեղծել: Այդ պետութիւնն ենք ուզում վերականգնել:
«Ալիք»