«Ռոստոմ» Կոմիտէի
Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը
Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մայիս, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, պանդոկ «Օմար Խայեամ»-ի շքեղ սրահին մէջ:
Ներկայ եղան ՀՅԴ Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ հոծ թիւով ընկերներ ու համակիրներ:
Կոմիտէի ներկայացուցիչ Միհրան Քիւրտօղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, թէ ճաշկերոյթ-պարահանդէսին կազմակերպումը կը նպատակադրէր նախ մէկտեղել կոմիտէի ընկեր ու համակիր երկսեռ շրջանակը ու միասին հաճելի ժամանց մը անցընել, ապա ապահովել նիւթական հասոյթ մը` իրագործելու համար ակումբի ծրագրուած բարեզարդումը:
Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Ուրֆալեան խօսք առնելով` ի միջի այլոց ըսաւ. «Հրուանդանի կուսակցական շղթայի մէկ փոքր օղակն է «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը, որ միշտ եղած է գործունեայ եւ դարձած` մեր ամենաջերմ գուրգուրանքին առարկան»:
Օրուան անակնկալը եղաւ, գնահատելի կարգադրութեամբ մը, ռուս հռչակաւոր ջութակահար Միշէլ Պորիչենքոյի ներկայութիւնը, որուն նուագած հայկական եղանակները ջերմօրէն ծափահարուեցան ներկաներուն կողմէ:
Այնուհետեւ, «Լոս Ամորես» նուագախումբի աշխուժ եղանակներով, պարանցիկը, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը երեք:
Եղեռնի 50-Ամեակի Կեդր. Յանձնախումբէն
Հրապարակային Հաշուետուութիւն
Եւ Շնորհակալութեան
Խօսք Ամերիկահայ Ժողովուրդին
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
1965-ի լրումին իսկ, մեր ցանկութիւնն էր, ու նաե՛ւ բարոյական պարտաւորութիւնը, հրապարակային հաշուետուութիւնը կատարել Եղեռնի 50-ամեակի ոգեկոչական տարուան առիթով իրագործուած նիւթական թէ հանրային մեր գործունէութեան, սակայն հաշուեփակի եւ հաշուական ընդհանուր կարգադրութեանց հետ կապ ունեցող հասկնալի կարգ մը ձեւակերպութիւններ այսօր միայն կու տան մեզի հնարաւորութիւնը ներկայանալու ձեզի.
Ձեր անվերապահ աջակցութեան, հաւաքականօրէն ցոյց տուած գիտակցութեան, նուիրումին եւ զոհաբերութեանց շնորհիւ` կեդր. յանձնախումբս, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի բոլոր շրջաններուն մէջ պարտականութեան կոչուած տեղական բոլոր յանձնախումբերը կարելի առաւելագոյն յաջողութեամբ կատարեցին իրենց պարտականութիւնը` հանդէպ մեր յաւէտ պաշտելի նահատակներուն, անոնց նահատակութեան գաղափարէն անբաժան հայ քաղաքական Դատին:
Անցեալ տարի ամէնուրեք ցոյց տրուած աշխուժ գործունէութիւնը եւ քարոզչական թէ քաղաքական գործունէութիւնը կեդր. յանձնախումբի ու անոր գործակից կազմակերպութիւններու` եկան հաստատելու, թէ իրաւունք ունէինք մեր ակնկալութեանց եւ հաւատքին մէջ: Արդարեւ, 1965-ի ամբողջ տեւողութեան, ինչպէս նաեւ 1966-ի առաջին երեք ամիսներուն գործի վերածուած ծրագիրներն ու ճիգերը պատիւ կը բերեն մեր ժողովուրդին:
Մեր մամուլը օրը օրին ջանաց հաղորդ պահել հանրութիւնը` Եղեռնի 50-ամեակի Կեդր. ու Տեղական յանձնախումբերու գործունէութեան: Ճիշդ է, որ հնարաւորութիւն չունեցանք եւ չէինք կրնար ունենալ ամէն մանրամասնութիւն պարզելու մեր հրատարակութեանց մէջ: Ճիշդ է նաեւ ա՛յն, որ մեր թղթածրարներուն մէջ ու մեր սեղանին վրայ յամառ հետեւողականութեան կարօտող բազմաթիւ ծրագիրներ ու աշխատանքներ կան տակաւին, եւ 1965-ին հետ չեն վերջացած մեր պարտականութիւնները: Ընդգծած ենք ամէն առիթով, որ 1965-ը հանգրուան մըն էր եւ ո՛չ` վերջակէտ մը: Եւ եթէ անցեալ տարուան ընթացքին մեր գործունէութիւնը` ունեցաւ առաւելապէս ազգային-ոգեկոչական, քարոզչական-յարաբերական բնոյթ, 1966-ին ու գալոց տարիներուն պիտի ունենայ յատկապէս քաղաքական իմաստ ու տարողութիւն:
Ասպարէզ իջած են արդէն Թուրքիոյ կողմէ տիրապետուած հայապատկան հողերու ազատագրումին եւ առհասարակ Հայ դատի իրագործումին լծուած Հ. Հ. պատուիրակութիւնը եւ քաղաքական առաքելութեամբ գործող կազմակերպութիւններ: Մեր ձայնը, մեր ճիգերը, մեր նոր փորձերն ու նոր գործունէութիւնը անոնց հետ են, անոնց կողքին, անոնց բոլոր աշխատանքներուն զուգահեռ: Ո՛չ մենք կասում պէտք է ճանչնանք, ո՛չ ալ մեր ժողովուրդը: Եթէ հարկ է, որ կազմակերպութիւններ եւ հայ ժողովուրդը նորանոր զոհաբերութիւններու յանձնառու ըլլան` սկսուած գործը շարունակելու համար նոյն թափով, ապա ուրեմն նոյնքան ու աւելի անհրաժեշտ է, որ ամէն հայ յանձնառութիւնը ստանձնէ իր նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւնը շարունակելու:
Կ՛ապրինք դարու մը եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր նիւթական ուժը հիմնական ազդակ է յաջողութեան: Յատկապէս ամերիկահայութիւնը գիտէ, թէ ի՜նչ գումարներու, ի՛նչ միջոցներու, քարոզչական ի՛նչ լայն ցանցի եւ նիւթական յատկացում պահանջող ի՛նչ յարաբերութեանց կը կարօտի Հայ դատի հետապնդումը: Պիտի գիտնանք, թէ քաղաքական ամէնէն ուժեղ կազմակերպութիւններն անգամ կրնան մատնուիլ անյաղթահարելի դժուարութեանց, երբ նիւթական ու գործնական միջոցները չունին լսելի դարձնելու համազգային արդարագոյն իրաւունքներն իսկ:
Մինչեւ 15 ապրիլ 1966 փակած ըլլալով մեր բոլոր հաշիւները` ստորեւ կը ներկայացնենք մեր մուտքերուն եւ ելքերուն ընդհանուր պատկերը:
Մուտքեր
1.- Հրապարակային թիւ 1-39 ցանկերով անունները եւ գումարները յայտարարուած ազգայիններէ, միութիւններէ, հաստատութիւններէ` 89.871.21 տոլար:
2.- Նախ քան հանգանակային մեր կոչը, անհատաբար նուիրուած գումարներէ` 105.00 տոլար:
3.- Եղեռնի 50-ամեակի յիշատակադրոշմներու առիթով եղած նուիրատուութիւններէ, թիւ 1-18 ցանկերով յայտարարուած` 973.00 տոլար:
Ընդհանուր մուտք` 90.949.21 տոլար:
Ելքեր
1.- Եղեռնի 50-ամեակին առիթով պատրաստուած անգլերէն 4 եւ հայերէն 1 գրքոյկներ, տպուած ու ցրուած.
Ցեղասպանութեան ներկայացման յատուկ շարժանկարային ժապաւէններ, ձայներիզներ, 4 տեսակ.
Եղեռնի 50-ամեակի յիշատակադրոշմներ.
Եղեռնի 50-ամեակին յատուկ նշանակներ, քարոզչական թռուցիկներ, պատկերազարդ պրակներ` համագումար 23.830.56 տոլար:
2.- Գործիչներու, ատենախօսներու, հրաւիրեալ օտար բանախօսներու յատուկ ճամբորդական ծախսեր, պանդոկային վճարումներ` 4.970.58 տոլար:
3.- Որոշ տեւողութեամբ յարաբերական աշխատանք կատարող անձերու յատուկ վճարումներ թարգմանական աշխատանքներ` 4.375.00 տոլար:
4.- Յատկացում Ժաք Տը Մորկանի անգլերէնով «Հայոց պատմութեան» Բ. տպագրութեան համար` 3.900.00 տոլար:
5.- Տպագիր հասցէագրում քաղաքական դէմքերու ուղղեալ պահարաններու, պաշտօնական հաստատութեանց, համալսարաններու, օտար շրջանակներու եւ բազմահազար անձնաւորութեանց ղրկուած տպագիր նամակներ եւ պահարաններ, գրենական պիտոյք, նամակաթուղթեր` 2.383.77 տոլար:
6.- Փոստ, առաքումներ` 2.010.78 տոլար:
7.- Հեռաձայն, հեռագիրներ` 254.48 տոլար:
8.- Փըթի քեշ` 529.08 տոլար:
9.- Ապահով գանձելիներ` 5.204.31 տոլար:
Ծախսերու համագումար` 49.372.38 տոլար:
Սնտուկ` 41.576.83 տոլար:
Գումար` 90.949.21 տոլար:
Ինչ գումար որ մնաց սնտուկի մէջ, պիտի յատկացուի Եղեռնի 50-ամեակի ոգեկոչական, քարոզչական, Հայ դատի հետ ուղղակի աղերս ունեցող աշխատանքներու եւ հրատարակութեանց:
Շնորհակալական խօսք ունինք բոլոր անոնց, որ նիւթապէս, բարոյապէս կամ գործակցական ճամբով զօրավիգ կանգնեցան մեզի, թեւ ու թափ տուին մեր աշխատանքներուն ու կարելի դարձուցին մեզի համար` իրագործումը մեր բոլոր հիմնական նպատակներուն:
ԵՂԵՌՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԻ
ԿԵԴՐ. ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Պոսթըն, 30 ապրիլի 1966