50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1966)

Խմբագրական Դրական Երեւոյթներ Սփիւռքահայ կեանքը, անցնող քառասնամեայ ճիգերու իր գումարով, արդէն կազմակերպուած իրականութիւն մըն է, նուաճում մը` ազգային եւ հասարակական բազմերես իրագործումներով: Իւրաքանչիւր գաղութ ինքն իր մէջ առանձին, իր պայմաններուն թոյլատրելի սահմանումովն իսկ լծուած է աշխատանքի` գլխաւոր նպատակ ունենալով ազգային դիմագիծին եւ նկարագիրին անաղարտ պահպանումը: Այսօր առաւել եւս կ՛արժեւորուին այս նուաճումները, երբ անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին մեր ազգային գիտակցութեան մէջ աստիճանաբար սկսած է արմատանալ այն տեսակէտը, թէ էականը աշխատանքն է յանուն ընդհանուր նպատակի մը, յանուն ընդհանուր ձգտումի մը, այն է` իրագործել այս ժողովուրդին արդար պահանջները, ստեղծել ամբողջական հայուն մտատիպարը եւ ոչ թէ հատուածամոլ պայքարներն ու վէճերը, որոնց անիմաստ եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1966)

Ակնարկ Ոճիրի Արտօնագիր Ամառ եղանակին լիբանանեան թերթերը կը լեցուին ճամբու մահացու արկածներու նկարագրականներով: Լիբանանեան բոլոր ճամբաները կը վերածուին մահուան ճամբաներու` կամօքն արտօնեալ ոճրագործներու, որոնք սահմռկեցուցիչ անպատասխանատուութեամբ մը մահ կը սփռեն ամէն կողմ: Ճիշդ է, որ ճամբու արկածներ կը պատահին բոլոր երկիրներուն մէջ, մանաւանդ հոն, ուր ինքնաշարժներու երթեւեկը շատ խիտ է: Օրինակ` Միացեալ Նահանգներ, ուր յատկապէս շաբաթավերջին հարիւրաւորներ զոհ կ՛երթան արագութիւն կոչուող գինովութեան: Բայց նկատի ունենալով համեմատութիւնները` բնակչութեան թիւին եւ ինքնաշարժներու համրանքին, Լիբանան կը գրաւէ առաջին տեղերէն մէկը` ճամբու արկածներուն տուած իր արեան տուրքով: Պատճառները բազմաթիւ են: Բայց գլխաւորը շարժավարներու անկարգապահութիւնն է, ճամբու օրէնքներուն հանդէպ բացարձակ արհամարհանքը, որ Լիբանանի պէս երկրի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1966)

Արմենիա Նախանձախնդրութիւն Լաւագոյնին եւ կատարեալին նախանձախնդրութիւնը գովելի առաքինութիւն մըն է: Ընկերային կեանքի մէջ խոտելի շատ մը թերիներ սրբագրելու համար իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ դրուած անգիր պարտականութիւններ կան: Հասարակաց բարօրութեան հետ կապուած ամէն հարցի մասին ընկերութեան անդամներու նախանձախնդրութիւնը պայման է: Առանց այդ նախանձախնդրութեան` կը խանգարուի ընկերութեան բնականոն կեանքը: Լաւագոյնին ձգտումն է, որ կը մղէ քաղաքակիրթ երկիրներու գիտակից քաղաքացիները` հետաքրքրուելու իրենց հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերով եւ մատնանշելու թերիներ, որոնք կրնան վնասակար դառնալ: Այդ նպատակով մամուլին մէջ կան որոշ սիւնակներ, ուր կ՛երեւին ընթերցողներու քննադատութիւններն ու սրտցաւ թելադրութիւնները: Ատկէ կ՛օգտուի հանրային կարծիքը: Կ՛օգտուին նաեւ պետական շրջանակներ, որոնց ուղղուած են թելադրութիւնները: Որդեգրուած այս գովելի դրութիւնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1966)

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 37-րդ Շրջանային Ժողովը Յուլիս 30-ին բացուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Շրջանային ժողովը, Փարիզի մէջ: Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, մարմիններու ներկայացուցիչները, շրջաններու պատգամաւորները եւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալ ընկերները քննած են անցեալ տարեշրջանի գործունէութիւնը: Ապա մշակած` աշխատանքի ուղեգիծ, յառաջիկային համար: Շրջանային ժողովը մասնաւորապէս գոհունակութեամբ արձանագրած է շարքերու ստուարացումը երիտասարդ տարրերով: Արդարեւ, այս տարի եւս երիտասարդներ, թիւով 25, մուտք գործած են ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:   Հայաստան Կահոյքի Արտադրութիւնը Պիտի Կրկնապատկուի Հայաստանի փայտամշակութեան արդիւնաբերութիւնը երկու անգամ աւելի կահոյք պիտի արտադրէ 1970-ին: Կահոյքի նոր ձեռնարկութիւններ պիտի սկսին գործել Երեւանի, Կիրովականի, Լենինականի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձուի արտասահմանէն պահանջուող առարկաներու, ինչպէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1966)

Տիգրան Պետրոսեան Լոս Անճելըսի Մրցաշարքին Մէջ Յուլիս 17-ին սկսաւ Լոս Անճելըսի «Փիաթիկորսքի» մրցաշարքը: Փիաթիկորսքի` ամերիկացի յայտնի թաւջութակահարը, եղած է նաեւ ճատրակի սիրահար մը: Ան կը կազմակերպէր մրցաշարքեր, որոնց անձամբ իր մասնակցութիւնը կը բերէր: Իր մահէն ետք տիկին Փիաթիկորսքի շարունակեց ամուսնոյն աշխատանքը: Ան կազմակերպեց, ի միջի այլոց, Ֆիշեր - Ռիշեւսքի մրցումը եւ Լոս Անճելըսի առաջին մրցաշարքը (1963)` տրամադրելով 10 հազար տոլարի պարգեւներ: Այդ մրցաշարքը եղաւ տարուան մեծագոյնը, ուր կը մրցէին ութ մեծ վարպետներ` երթ ու դարձի դրութեամբ: Մրցաշարքը վերջ գտաւ աշխարհի ախոյեան Պետրոսեանի եւ ռուս մեծ վարպետ Քերեսի յաղթանակով: Այս մրցաշարքին Պետրոսեան ստացաւ 3000 տոլարի պարգեւ մը: Լոս Անճելըսի այս տարուան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1966)

Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրքը» 1966 - Ժգ. Տարի Հրապարակի վրայ է եւ արդէն ընթերցասէր հասարակութեան սեփականութիւնը դարձած է խմբագիր-մտաւորական Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը», 1966, ԺԳ. տարի: Նախորդներուն պէս, պատկառելի այս հատորը եւս, իր այլազան արժէքաւոր ու ճոխ բովանդակութեամբ մեծ հաճոյքով կարդացուող ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մըն է: Ճաշակաւոր դասաւորումով մը Կարօ Գէորգեան 640 էջնոց այս գեղատիպ հատորը բաժնած է 2 մասերու: Ընդհանուր գիծերու մէջ` Ա. մաս.- «Մենք եւ մեր ընթերցողը» ենթախորագրին տակ, գրութիւններ ու հատուածներ մէջբերուած են 1965-ի «Ամէնուն տարեգիրքը»-ի մասին, ընթերցողներու, գրողներու եւ թերթերու կարծիքներէն ու գնահատութիւններէն: Բ. մաս.- «Գրական աշխարհ»: Ներկայացուած են արձակ էջեր եւ բանաստեղծութիւններ Հայաստանի եւ արտասահմանի գրողներէն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1966)

Այս Տարուան Տարօրինակ Ամառը Սաստիկ Տաք Եւ Տեղատարափ Անձրեւ Այս տարուան ամառը շատ տարօրինակ է ամբողջ աշխարհին վրայ: Միջերկրականը կ՛այրի տաքէն, եւ հիւսիսային Եւրոպան աննախընթաց անձրեւներու եւ փոթորիկներու ականատես կ՛ըլլայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ տօթը հարիւրաւոր զոհեր խլած է: Նոյն տօթը կը տիրէ նաեւ Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Հակառակ օդի փոփոխութիւնները նախատեսելու կատարելագործուած միջոցներուն, ուրիշ առիթով երբեք օդերեւութաբանները բնութեան այս տեսակ քմայքներուն առջեւ չէին գտնուած: Տոքթ. Գ. Պիլլինկս սարսափելի տաքը հանրային առողջութեան համար կը նկատէ ահաւոր պատուհաս մը, եւ կը շեշտէ, որ հոն, ուր չափազանց տաք կ՛ընէ, աւելի մեծ թիւով մահեր կ՛արձանագրուին: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ այս տարի ժողովուրդը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Յուլիս 1966)

Հայրենիք Խորհրդային Գաղութարարութիւնը Կասկած չկայ, որ ատենօք արեւմտեան գաղութարար պետութիւնները ահաւոր ձեւով շահագործեր են ասիական եւ ափրիկեան երկիրները: Երբեմն շահագործման կերպերը որոշ երկիրներու մէջ ստացեր են կեղեքումի, հարստահարութեան համեմատութիւն: Սակայն բռնութիւններու այս շարանը հին` 18 եւ 19-րդ դարու պատմութիւն է: Արեւմուտքի դասական գաղութարարութիւնը իր անդրագոյն նպատակներով, գործելու իր ինքնատիպ սիստեմով եւ հպատակ ժողովուրդներու հետ վարուելու իր կերպերով գրեթէ բիւրեղացած եւ յատկանշական կերպարի վերածուած էր: Արեւմտեան գաղութները տնտեսապէս կը շահագործուէին եւ կը կառավարուէին գաղութարար պետութեանց կողմէ, բայց անոնց ազգային ինքնութիւնը անվթար կը մնար, ազգային գիտակցութիւնը եւ մշակոյթը կը զարգանային, եւ ժողովուրդները հոգեպէս կը պատրաստուէին անկախութեան: Ի՞նչ վիճակի մէջ են խորհրդային գաղութները,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Յուլիս 1966)

Խմբագրական Խռովայոյզ Թուրքիան Վերստին ծայր տուած է ներկուսակցական ծայրայեղ պայքարը Թուրքիոյ մէջ: Խորհրդարանը խառնարանի վերածուած է, ուր երեսփոխանները անլուր լուտանքներ կը թափեն իրարու հասցէին, եւ զանազան հարցերու շուրջ վիճաբանութիւնները յաճախ կռիւով կը վերջանան երեսփոխաններուն միջեւ: Փաստօրէն Թուրքիա երեք հիմնական տագնապներէ կը տառապի. Ա.- Քաղաքական, Բ.- Տնտեսական, Գ.- Ընկերային: Քաղաքական ճակատի վրայ Թուրքիա կը փորձէ յարմարիլ միջազգային քաղաքական կեանքի բնաշրջումին եւ քայլ պահել Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութեանց զարգացման հետ: Առանձնապէս Հալք կուսակցութիւնը (ընդդիմադիր), Իսմեթ Ինէօնիւի  գլխաւորութեամբ, հետամուտ է թեթեւցնելու Արեւմուտքի տիրական ազդեցութիւնը Թուրքիոյ մէջ, մասնաւորաբար` արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ եւ աւելի ուրոյն ուղեգիծի մը հետեւիլ, թօթափելով մանաւանդ ամերիկեան թեւարկութիւնն ու քաղաքական ազդեցութիւնը: Կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1966)

Ներքին Կեանք Թրիփոլիի Մէջ Ձերբակալուած Արաբ Ազգայնականները Ազատ Արձակուեցան Թրիփոլիի դատական իշխանութիւնները երէկ կէսօրէ ետք ազատ արձակեցին Արաբ ազգայնականներու շարժման անդամները, որոնք քանի մը օր առաջ ձերբակալուած էին հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ, արգիլուած կուսակցութեան մը ի նպաստ գործած ըլլալով: Ութ ձերբակալեալներուն փաստաբանները հարցաքննիչ դատաւորին ներկայացուցած էին ազատ արձակման խնդրագիրներ, որոնք ընդունուեցան: Իր կարգին, հիւսիսային Լիբանանի ընդհանուր դատախազը Վճռաբեկ ատեանի դատախազութենէն պահանջեց հարցը փոխանցել զինուորական ատեան, որ այս պարագային աւելի իրաւասու է: Այս ուղղութեամբ յուշագիր մը տրուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան: Եթէ այս նախարարութեան պատասխանատուները նպաստաւոր կարծիք յայտնեն, Թրիփոլիի ձերբակալութեանց հարցը իսկոյն պիտի յանձնուի զինուորական դատարան: Երէկ առտու, Ապտալլա Եաֆի եւ Փիեր Ժեմայէլ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1966)

Հեթանոս Հայերու Չաստուածները Հեթանոս հայ ժողովուրդը նախաքրիստոնէական շրջանին կը պաշտէր չաստուածները: Չաստուածներու հայկական պանթէոնին մէջ կը գտնուէին եօթը սրբարաններ: Իւրաքանչիւր սրբարան նուիրուած էր չաստուածի մը: Պաշտամունքի առարկայ էին նաեւ պանթէոնին մաս չկազմող ժողովրդային այլ չաստուածներ, որոնցմէ Վահագն չաստուած, շնորհիւ իր ունեցած ժողովրդականութեան, ստացած էր ազգային դիմագիծ: ԱՐԱՄԱԶԴ.- Հայկական պանթէոնին գերագոյն չաստուածը Արամազդ` տիեզերքի ճարտարապետն էր, ամէն ինչի սկզբնաւորութիւնը եւ երկինքի ու երկրի արարիչը: Ամուրի էր, բայց կը նկատուէր բոլոր չաստուածներուն հայրը, մասնաւորաբար` Միհրի, Անահիտի ու Նանէի, զորս ծնած էր առանց դիցուհիի մը համագործակցութեան: Մեծ էր, խելացի ու քաջ եւ խաղաղասէր: Բարութիւնն ու առատաձեռնութիւնը իր ամէնէն մեծ յատկանիշներն էին: Երկրի արգասաբերութեան,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1966)

Մարզական Փինկ Փոնկ Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանական մրցումները վերջացան ՀՄԸՄ-ի մանչերու եւ աղջիկներու խումբերուն գեղեցիկ յաղթանակներով: Մանչերու խումբը հռչակուեցաւ Պէյրութի ախոյեան` պարտութեան մատնելով Պէյրութի բոլոր ակումբները: ՀՄԸՄ-ի խումբը կազմուած էր Վահագն Յովհաննէսեանէ, Շահէ Թիւթիւնճեանէ եւ Ժորժ Պաֆիթէ, որոնք գրեթէ իրենց բոլոր մրցումները յաղթանակով վերջացուցին: Վերոնշեալ եռեակէն բացակայողին տեղը կը գրաւէր Սեպուհ Գարաքելեան, որ հակառակ իր փոքր տարիքին` յաջողեցաւ լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք բերել: Աղջկանց խումբը շահեցաւ Լիբանանի ախոյեանի տիտղոսը` շնորհիւ Նազիկ Յովհաննէսեան-Նատերի, որ տարիներ շարունակ հանդիսացած էր Լիբանանի անպարտելի ախոյեանուհին: Նազիկ անցեալ տարի մեկնեցաւ Ափրիկէ: Վերադարձին անմիջապէս վերագրաւեց իր տեղը խումբին մէջ եւ ՀՄԸՄ-ին ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: Նազիկի կողքին երկու նոր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1966)

Հայ Կեանք  Ազրպէյճանի Մէջ Լոյս Կը Տեսնեն Հայերէն Ինը Թերթեր Ազրպէյճանի մէջ լոյս կը տեսնեն հայերէն ինը թերթեր, «Կոմունիստ»` հանրապետական օրաթերթը, «Սովետական Ղարաբաղ»` մարզային օրաթերթը, «Բարեկամութիւն»` Ղարաբաղի մարզի Մարտակերտի շրջանին մէջ, «Աշխատանք»` Ղարաբաղի մարզի Մարտունի շրջանին մէջ, «Լենինեան ուղիով»` Խանլարի շրջանին մէջ, «Շամխոր»` Շամխորի շրջանին մէջ, «Դաշքեսան»` Դաշքեսանի շրջանին մէջ եւ «Նոր ուղի»` Շահումեանի շրջանին մէջ: Վրաստանի Մէջ Լոյս Կը Տեսնեն Հայերէն Երեք Թերթեր Վրաստանի մէջ լոյս կը տեսնեն հայերէն երեք թերթեր: Թիֆլիսի մէջ «Սովետական Վրաստան» հանրապետական թերթը: Ախալքալաքի մէջ «Փարոս» շրջանային թերթը եւ Պոկտանովկայի մէջ «Արշալոյս» շրջանային թերթը: Թիֆլիսի մէջ լոյս կը տեսնէ նաեւ «Ծիթելի դրօշա» («Կարմիր դրօշ») թերթը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1966)

Արտագաղթերու Փոխարէն Հիմա, երբ փաստ է այլեւս, թէ որոշ թիւով ֆրանսահայեր եւ կարգ մըն ալ լիբանանահայեր հեռացած են Հայաստանէն, կը մնայ ներգաղթելու տրամադիր նորերով լեցնել անոնց տեղը: Հաղորդուած լուրերու համաձայն, վերջին երեք տարուան ընթացքին հազիւ ութ հազարի մօտ ազգայիններ ներգաղթած են հայրենիք: Կը նշանակէ` ոչ իսկ երեք հազար հոգի տարեկան: Պարզապէս ողբերգական է ասիկա: Մէկ միլիոնը անցնող սփիւռքահայութիւնը տարեկան կ՛ունենայ ոչ պակաս քան հարիւր հազար նոր ծնունդներ: Աճող այս թիւին դիմաց, հինգ հազար հայերու ներգաղթը արգահատելի է, իսկ երբ իշխանութեան կողմէ տրուած լուրեր կը հաստատեն, որ երեք տարուան մէջ ոչ իսկ տասը հազար ներգաղթողներու համար տուներ շինուած են, պատկերը կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1966)

Մեր Տարօրինակ Աշխարհը Քսաներորդ դարը չնաշխարհիկ գիւտերու, քաղաքակրթական բարգաւաճումի եւ յայտնագործութիւններու դարաշրջան մըն է: Մարդկային յառաջադէմ եւ ստեղծագործ միտքը բնութեան անհաս եւ թաքուն գաղտնիքները հետզհետէ կը կորզէ, կ՛իւրացնէ եւ կ՛օգտագործէ: Տիեզերական անջրպետը սկսեր է մերկանալ իր թաքուն խորհուրդներէն եւ անձնատուր է եղեր մարդու քմայքներուն: Ֆիզիքական այն չնչին գոյակը, որ տիեզերքի վիթխարի ու անհուն զանգուածին մէջ մարդ կը կոչուի, հասեր է այնպիսի իրագործումներու, որ տեւական հոգեզմայլանքով կը պարուրէ մեր էութիւնը: Սակայն քսաներորդ դարու Բ. քառորդին ծնած սերունդը շփոթի եւ խռովքի ենթարկուեր է: Նոր սերունդը հարց կու տայ անդադար.- Ի՞նչ օգուտ մարդկութեան այսքան գիւտերէն, քաղաքակրթական յառաջխաղացքէն, երբ փոխանակ մարդ անհատի երջանկութեան ծառայելու`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1966)

Նոր Ոսկեդար - Գրել ժողովուրդին համար, գրել մարդկութեան համար: Այսպէս կը պատգամէ տակաւին հայ լեզուն, որ անբաժանելի լիութիւն մըն է, բայց հաւատարմօրէն կ՛ենթարկուի կեանքի եւ ժամանակի յեղաշրջումներուն: Իր ազգագրական եւ գեղագիտական արժէքէն զատ մեր բարբառը հարուստ է նիւթերն ու գաղափարները մարմնաւորելու անսպառ ընդունակութեամբ մը, որ զայն անմիջապէս կը տանի բարձրագոյն եւ ստեղծագործ լեզուներու համաստեղութեան: Զայն կը կարդանք եւ մեր մտքին մէջ կը վերածնի ոչ միայն անանուն էակի մը, այլեւ ամբողջ հաւաքականութեան մը մտածումներուն համադրութիւնը, որ խտացած կամ բազմապատկուած է ամէն մէկ բառի, մրմունջի մէջ: Կը խորհինք ուրիշներու խոհերով, անոնց մռայլ կամ երջանիկ պահերով, կը ցցուինք անոնց հակամարտ համոզումներուն դէմ, բայց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս

Ակնարկ Քաջալերանքի Արժանի Ձեռնարկ Մը Հինգշաբթի գիշեր, լիբանանեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանէն, առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ հերթական յայտագիր, հանդիսականներուն հրամցուեցաւ զուտ հայկական երեկոյ մը, որուն երկար ժամանակէ կը սպասէինք: Անկախ յայտագրին գեղարուեստական արժէքէն, որ այս պարագային գնահատելի էր, երեւոյթը ինքնին արժանի է առանձին նկատողութեան, տրուած ըլլալով, որ հայերը, որոնք այս երկրին մէջ կը կազմեն պատկերասփիւռի յայտագիրներուն հետեւողներուն 15 առ հարիւրը, ցարդ զրկուած կը մնային հայ արուեստին յատկացուած երեկոներէ: Մինչեւ հիմա պատկերասփիւռի պատասխանատուները կ՛առարկէին, թէ այս համեմատութիւնը բաւարար չէ. որպէսզի զուտ հայկական յայտագիրներ ներկայացուին: Խոցելի առարկութիւն մը` նկատի ունենալով, որ պատկերասփիւռի յայտագրին մաս կազմող շատ մը նիւթեր այդ համեմատութիւնն իսկ չեն համախմբեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1966)

Հայ Կեանք Փարիզի Հայ մշակութային տան մէջ Համազգայինը կազմակերպած է ընդունելութիւն մը` ի պատիւ մեծանուն վիրաբուժապետ տոքթ. Հ. Քեքլիկեանի (Շիքակոյէն) եւ բարերար Արշակ Տիգրանեանի (Լոս Անճելըսէն): Հիւրերը ներկայացուցած է Շաւարշ Նարդունի: Տոքթ. Քեքլիկեան լուսապատկերներով ցուցադրելէ ետք մատներու վրայ կատարած իր գործողութիւնները, խօսած է հայ գրականութեան մասին: Խօսք առած են նաեւ Արշակ Տիգրանեան եւ նկարիչներ` Զ. Մութաֆեան եւ Ժ. Փալամուտեան: -  Խորէն Ա. կաթողիկոս գնահատելով Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեանի բարւոք ծառայութիւնները` յատուկ կոնդակով շնորհած է լանջախաչ կրելու իրաւունք: Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին սրբատառ կոնդակի ընթերցումը եւ լանջախաչի տուչութիւնը կատարած է յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1966)

Մեր Մամուլը «Հայրենիք».  ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանդէպ Խ. Հայաստանի Կ՛ուզենք, որ մէկ բան պարզ ու յստակ ըլլայ բոլորիս: Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը, եթէ ներկայ պայմաններուն մէջ մինչեւ անգամ բաղկացած ըլլայ թունդ եւ ջերմեռանդ հայրենասէր հայերէ, նմանապէս եթէ Հայաստանի համայնավար Կենտկոմը համատեղ կազմուած ըլլայ ազգատենչ տարրերէ, նորէն բնաւ պատրանք չսնուցանենք, որ առանձին կամ միասին, ինքնագլուխ կրնան հայանպաստ ձեռնարկներ կատարել: Օրինակ, ոչ միայն Հայ դատի հետապնդման ամենադոյզն նպաստ բերել չեն կրնար, այլեւ չեն կրնար իրենց ուզածը ընել Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ: Չեն կրնար, որովհետեւ իրաւասութիւն չեն ստացած Մոսկուայէն` ինքնակամ նախաձեռնութիւններ ստանձնելու: Հետեւաբար Խ. Հայաստանի իրադարձութիւններուն ուղղակի պատասխանատուն անոնք չեն: Մոսկուան է տէրն ու տնօրէնը Խ....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1966)

Հալէպահայ Կեանք  Ամավերջի Հանդէսներ Ուսումնական տարեվերջի առիթով հալէպահայ բոլոր վարժարանները ունեցան իրենց ամավերջի հանդէսը, որոնք բոլորն ալ յաջողութեամբ պսակուեցան, եւ որոնց ներկայ եղաւ, միշտ ալ, խուռն բազմութիւն մը: Առաջնորդ Ղեւոնդ սրբազան նախագահեց «Հայկազեան», «Զաւարեան», «Կիւլպէնկեան», «Վարդանեան», «Մեսորպեան», «Գերմանիկեան» եւ «Կիլիկեան» վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն, վկայականներ բաշխեց եւ փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդէսները: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզիչ Մեսրոպ վարդապետ առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով նախագահեց «Սահակեան» վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի, «Զաւարեան»-ի մանկապարտէզի եւ «Ուսումնասիրաց»-ի ամավերջի հանդէսներուն եւ կատարեց վկայականներու բաշխում: «Քարեն Եփփէ» Ճեմարան «Քարեն Եփփէ» ազգային ճեմարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 յուլիսին, Ճեմարանի շրջափակին մէջ, ծնողներու եւ հրաւիրեալներու` 2000...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 47 of 69 1 46 47 48 69

Արխիւներ