Արտագաղթերու Փոխարէն
Հիմա, երբ փաստ է այլեւս, թէ որոշ թիւով ֆրանսահայեր եւ կարգ մըն ալ լիբանանահայեր հեռացած են Հայաստանէն, կը մնայ ներգաղթելու տրամադիր նորերով լեցնել անոնց տեղը:
Հաղորդուած լուրերու համաձայն, վերջին երեք տարուան ընթացքին հազիւ ութ հազարի մօտ ազգայիններ ներգաղթած են հայրենիք:
Կը նշանակէ` ոչ իսկ երեք հազար հոգի տարեկան:
Պարզապէս ողբերգական է ասիկա:
Մէկ միլիոնը անցնող սփիւռքահայութիւնը տարեկան կ՛ունենայ ոչ պակաս քան հարիւր հազար նոր ծնունդներ: Աճող այս թիւին դիմաց, հինգ հազար հայերու ներգաղթը արգահատելի է, իսկ երբ իշխանութեան կողմէ տրուած լուրեր կը հաստատեն, որ երեք տարուան մէջ ոչ իսկ տասը հազար ներգաղթողներու համար տուներ շինուած են, պատկերը կը դառնայ ողբերգական:
Քարով հարուստ հայրենիքը, եթէ նիւթապէս ի վիճակի չէ աւելի մեծ քանակութեամբ բնակարաններ շինելու, պէտք է փնտռէ արտաքին օժանդակութիւն:
Եթէ ատենին զանազան հայրենակցական միութեանց նիւթական օգնութեամբ կարելի եղաւ ամբողջ թաղամասեր կառուցել եւ կոչել զանոնք նախաձեռնողներու ծննդավայրերուն անունով, պատճառ մը չկայ, որ չփորձուի նոյնը այսօր ալ, այս անգամ դիմելով հարուստներու կամ զանազան կազմակերպութեանց, որոնք սիրով պիտի ուզէին ուժ տալ հայրենադարձի համազգային բաղձանքին:
Ներգաղթողներու տասնէն մէկը հազիւ արտագաղթի մասին կը մտածէ: Ինչ որ կը մնայ մայր երկրին մէջ, ա՛յն է հայրենիքի համար իրական հարստութիւն եւ օգուտ:
Ճարտարարուեստականացուած հայրենիքը տակաւ հանգիտութիւններ կ՛ունենայ Պելճիքայի հետ, որ ունի շուրջ իննուկէս միլիոն բնակիչ եւ 30.507 քառ. մեթր տարածութիւն, այսինքն` արդի Հայաստանէն շատ քիչ մեծ:
Երեւան պէտք է փնտռէ միջոցներ` փրկելու համար սփիւռքը, եթէ կ՛ուզէ ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս դառնալ աւելի զօրաւոր:
Պարոյր Սեւակ Կը Ճշդէ
Սայաթ Նովայի
Ծննդեան Թուականը
«Անլռելի զանգակատունը» պոէմայի հեղինակ, տաղանդաւո բանաստեղծ, հայ գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող եւ միջնադարու հայկական բանաստեղծութեան մասնագէտ Պարոյր Սեւակ իր «Ե՞րբ ծնած է Սայաթ Նովա» ուսումնասիրութեան մէջ կը ճշդէ, որ աշուղ Սայաթ Նովա ծնած է 1722-ին:
Ցարդ գոյութիւն ունեցող բոլոր ենթադրութիւնները կը յիշատակէին 1712, 1713 եւ 1717 թուականները:
Իր տեսակէտը փաստելու համար Պարոյր Սեւակ կը մէջբերէ կարգ մը վկայութիւններ:
Օրինակ, ոտանաւորի մը մէջ Սայաթ Նովա կը նշէ, որ 19 տարեկանին գացած է Հնդկաստան եւ հոն սկսած է գրել: ԺԸ. դարու հայ պատմաբան Խաչատուր Ջուղայեցիի մէկ աշխատութեան վրայ հիմնուելով Պարոյր Սեւակ կը ճշդէ, որ Սայաթ Նովա պարսիկ կառավարիչ Նատիր Շահի բանակին հետ Հնդկաստան գացած է 1741-ին: Եւ հոն 1742-ին դրած է իր առաջին ոտանաւորը:
Իսկ Սայաթ Նովայի նշանաւոր «Դաւթար»-ին մէջ, ազրպէյճաներէն գրուած ոտանաւորի մը ծածկագիրը կարդալով, կարելի եղած է հաստատել, թէ Սայաթ Նովան 33 տարեկան էր 1755-ին:
ԺԸ. դարու պատմական աղբիւրներուն վրայ հիմնուելով` Պարոյր Սեւակ ուրիշ փաստեր ալ կը բերէ իր եզրակացութեան ճշդութեան մասին եւ կը յայտնէ, որ մեծ աշուղ Սայաթ Նովան ծնած է 1722-ին:
