Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս

Յուլիս 19, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Քաջալերանքի Արժանի
Ձեռնարկ Մը

Հինգշաբթի գիշեր, լիբանանեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանէն, առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ հերթական յայտագիր, հանդիսականներուն հրամցուեցաւ զուտ հայկական երեկոյ մը, որուն երկար ժամանակէ կը սպասէինք:

Անկախ յայտագրին գեղարուեստական արժէքէն, որ այս պարագային գնահատելի էր, երեւոյթը ինքնին արժանի է առանձին նկատողութեան, տրուած ըլլալով, որ հայերը, որոնք այս երկրին մէջ կը կազմեն պատկերասփիւռի յայտագիրներուն հետեւողներուն 15 առ հարիւրը, ցարդ զրկուած կը մնային հայ արուեստին յատկացուած երեկոներէ:

Մինչեւ հիմա պատկերասփիւռի պատասխանատուները կ՛առարկէին, թէ այս համեմատութիւնը բաւարար չէ. որպէսզի զուտ հայկական յայտագիրներ ներկայացուին: Խոցելի առարկութիւն մը` նկատի ունենալով, որ պատկերասփիւռի յայտագրին մաս կազմող շատ մը նիւթեր այդ համեմատութիւնն իսկ չեն համախմբեր իրենց շուրջ` իբրեւ հանդիսատես: Մինչ հայկական յայտագիր մը, վստահ ենք, կը դիտուի բոլոր պատկերասփիւռի գործիք ունեցող հայերուն եւ… չունեցողներուն կողմէ:

Գալով հինգշաբթիի յայտագրին, որուն կը մասնակցէին հայկական բոլոր հոսաքներուն պատկանող խումբեր եւ անհատ արուեստագէտներ, խանդավառ ենք արդիւնքէն եւ կը սպասենք, որ մեր խանդավառութիւնը համապատասխան չափով արդարանայ հետագայ երեկոյթներու ընթացքին:

Գնահատանքի արժանի է յայտագրին կազմակերպիչը` Պերճ Ֆազլեան, որուն յարատեւ ճիգերուն կը պարտինք այս ձեռնարկին յաջողութիւնը: Կ՛ակնկալենք, որ բոլորն ալ աջակցին իրեն, դիւրացնեն իր գործը, որպէսզի գեղեցիկ սկզբնաւորութենէ մը ետք կէս ճամբան չմնայ: Չմնանք նաեւ մենք: Որովհետեւ այնքան դժուարութիւններով պատկերասփիւռի տնօրէնութենէն ձեռք բերուած այս արտօնութիւնը առաւելագոյն չափով պէտք է գիտնանք արժեցնել` մեր գեղարուեստին հարստութիւնները սեփականութիւնը դարձնելու համար ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին լայն զանգուածներուն, այլ նաեւ` զանոնք ծանօթացնելու միւս համայնքներուն, որոնք, վստահ ենք, հետզհետէ պիտի վարժուին եւ սիրեն հայկական երգն ու պարը:

 

Հայաստան

 Անիի Մատեանը

Հայաստանի կեդրոնական դիւանատան մէջ պահ դրուած է «Անի այցելողներու տպաւորութիւններու մատեանը»:

Երեւանի «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթը հրատարակած է տպաւորութիւններէն մէկ քանին.

– Անի-սանսկրիտ-մայր լեզուէն բխած է եւ կրակ, հուր կը նշանակէ, կրակի դիցուհի, եւ թող ան` պանծալի Անին, ըլլայ անշէջ հուր` հայութեան սրտին մէջ` վառելու եւ բորբոքելու  ազատութեան սէր եւ ըլլայ մեր վերածնութեան Փիւնիկը, թող այրուի, վառուի հայութեան սիրտը, իսկ ինչ որ կ՛այրուի` նաեւ լոյս ունի. հաւատանք, որ լուսաւոր ըլլալու են մեր գալիք օրերը, մեր նոր կեանքը…

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

4 յուլիս 1902

–  Անիի աւերակներու վսեմութիւնը եւ գեղեցկութիւնը զիս չափազանց յափշտակեցին: Թող անոնք ըլլան հայ ազգի հոգիին վսեմութեան եւ գեղեցկութեան լուսադէմ էմպլեման: Անկեղծ սիրելով իմ ազգը` կը կամենամ անոր ընտրել յառաջդիմութեան եւ կուլտուրայի այն ճամբան, որ կը տանի դէպի սէր, եղբայրութիւն եւ ազգաց համերաշխութիւն:

ՄԿՐՏԻԶ ՄԱՐԿԱՐԵԱՆ, ԿԱՐԱ-ՄՈՒՐԶԱ

4 Ապրիլ 191

–  Սէր դէպի ազգութիւնը…

ԱՐՍԷՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆՑ

19 յունիս 1906

 

Նամակ` Նամակ Գրողներուն

«Սովետական արուեստ» ամսագրի թիւ 5-ին մէջ խումբ մը երաժշտական գործիչներ եւ արուեստի քննադատներ բաց նամակով դիմած են Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահութեան` խնդրելով միջոցներ ձեռք առնել«բազմաթիւ մատեաններով մեզ հասած հայկական միջնադարեան խազերը» վերծանելու համար:

Այդ իսկապէս որ արժէքաւոր առաջարկ է «հայ հին երաժշտութեան հսկայական ժառանգութեան» ուսումնասիրութեան համար: Սակայն այդ ինչպէ՞ս եղած է, որ մեր երաժշտական խազերը հասած են անվերծանելիութեան վիճակի: Պատասխանը պարզ է: Դարերու ընթացքին մեր երաժշտական այդ լեզուն չգործածուելով` մոռացութեան մատնուած  է եւ դարձած` անհասկնալի ու անվերծանելի եւ այժմ երաժշտական այդ լեզուն վերակենդանացնելու համար կը գտնեն, թէ` «խնդրին մեծ նպաստ կրնայ բերել ձմեռնաքունը, որուն օգութեամբ մեր օրերուն յարութիւն կ՛առնեն նոյնիսկ մեռած լեզուները»:

Բաց նամակը ստորագրող թանկագին բարեկամներ, ես ամբողջ սրտով կ՛ողջունեմ եւ կը միանամ ձեր առաջարկին: Եւ սակայն այդ առիթով լրացում մը ունիմ. եկէք` այժմէն նպաստենք նաեւ մեր հայոց լեզուի պահպանման` երաժշտութեան մէջ:

Ինչո՞ւ մեր օփերայի մէջ գործածութեան մէջ չէ հայոց լեզուն: Ինչո՞ւ մեր օփերայի երգիչները հայերէն չեն երգեր «Քարմեն»-ը «Ռիկոլեթթօ»-ն, «Եւկինի Օնեկին»-ը «Ֆաուսթ»-ը եւ բազմաթիւ ոչ հայկական օփերաները:

Ինչո՞ւ մեր համերգային սրահներուն մէջ եւրոպական երգահաններու ռոմանսներն ու երգերը հայ երգիչները չեն երգեր հայերէն:

Մենք շատ բան սորված ենք ռուս մեծ ժողովուրդէն եւ դեռ շատ եւ շատ բաներու մէջ պէտք է հետեւինք անոր օրինակին: Եկէք` օփերաները թարգմանելու եւ մայրենի լեզուով երգելու գործին մէջ նոյնպէս անոր նման ըլլանք: Չէ՞ որ բոլոր եւրոպական օփերաները մեծ Թատրոնի մէջ կ՛երգեն ռուսերէն: Չէ որ եւրոպական բոլոր ռոմանսներն ու երգերը նոյնպէս կ՛երգեն ռուսերէն, այսինքն` մայրենի լեզուով:

Ինչո՞ւ մենք ալ ուրիշ ժողովուրդներու նման չթարգմանենք եւրոպական օփերաները հայերէն: Ինչո՞ւ մոռացութեան տանք մեր հայոց լեզուն: Չէ՞ որ այդպէս է սկսած դարեր առաջ մեր երաժշտական խազերու մոռացումը եւ հասած` անվերծանելիութեան:

Եկէք` այժմէն պահպանենք մեր լեզուն բոլոր բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ` երաժշտութեան մէջ, որպէսզի դարեր ետք հարկ չըլլայ ձմեռնաքունին դիմելու:

ԳԵՂԱՄ ՍԱՐԵԱՆ

«Գրական թերթ»

 

Ընկերային Գործոց Նախարար
Զօր. Ժեմիլ Լահուտ Այնճար Այցելեց

Կիրակի, 17 յուլիս կ. ե. ժամը 3:30-ին, ընկերային գործոց նախարար զօր. Ժեմիլ Լահուտ եւ իր կինը Այնճար այցելեցին,` ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Մ. Տէր Գալուստեանի եւ իր կնոջ, յարգելի հիւրը եկեղեցիի մուտքին դիմաւորուեցաւ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի (շրջապատուած` վարդապետ եւ քահանայ հայրերով) եւ Այնճարի պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ` արժանանալով ժողովրդային ընդունելութեան:

Զօր. Լահուտ յաջորդաբար այցելեց Այնճարի նորակերտ եկեղեցին եւ ազգ. «Յառաջ» քոլեճը, աւելի քան երկու ժամուան սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցաւ իր հիւրընկալներուն եւ պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ` ջերմ հետաքրքրութիւն ցոյց տալով հայաքաղաքի զանազան կարիքներուն մասին:

Պատշաճ հիւրասիրութենէ մը ետք, յարգելի հիւրը մեկնեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին` խորապէս տպաւորելով ներկաները:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Դրօշը Անարգելու Մեղադրանքով Աշխարհին Վրայ 300 Հոգիի Դէմ Հետաքննութիւն Կը Կատարուի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In