Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Յուլիս 1966)

Յուլիս 30, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիք

Խորհրդային
Գաղութարարութիւնը

Կասկած չկայ, որ ատենօք արեւմտեան գաղութարար պետութիւնները ահաւոր ձեւով շահագործեր են ասիական եւ ափրիկեան երկիրները: Երբեմն շահագործման կերպերը որոշ երկիրներու մէջ ստացեր են կեղեքումի, հարստահարութեան համեմատութիւն: Սակայն բռնութիւններու այս շարանը հին` 18 եւ 19-րդ դարու պատմութիւն է:

Արեւմուտքի դասական գաղութարարութիւնը իր անդրագոյն նպատակներով, գործելու իր ինքնատիպ սիստեմով եւ հպատակ ժողովուրդներու հետ վարուելու իր կերպերով գրեթէ բիւրեղացած եւ յատկանշական կերպարի վերածուած էր:

Արեւմտեան գաղութները տնտեսապէս կը շահագործուէին եւ կը կառավարուէին գաղութարար պետութեանց կողմէ, բայց անոնց ազգային ինքնութիւնը անվթար կը մնար, ազգային գիտակցութիւնը եւ մշակոյթը կը զարգանային, եւ ժողովուրդները հոգեպէս կը պատրաստուէին անկախութեան:

Ի՞նչ վիճակի մէջ են խորհրդային գաղութները, որոնք հանրապետութիւն կը կոչուին:  Արեւմուտքի մէջ հմուտ հեղինակներ եւ Խորհրդային հարցերու մասնագէտներ կան, որ կը շփոթեն խորհրդային գաղութարարութիւնը արեւմտեանին հետ, նմանութիւնը փոքր եւ մակերեսային է: Օրինակ, կ՛ըսեն, թէ Ազրպէյճանը Խորհրդային Միութեան քարիւղի գաղութն է:

Նախ Ազրպէյճանը կամ Հայաստանի ժողովուրդը Խորհրդային Միութեան, աւելի ուղիղը` ռուսական հանրապետութեան կապակցութեամբ շահագործուող այն բնիկը չէ, որուն հում նիւթին փոխարէն` համապատասխան եւ համարժէք ապրանք կը տրուի:

Արեւմտեան գաղութարար պետութեան եւ բնիկներու միջեւ լոկ տնտեսական փոխյարաբերութիւնը գոյութիւն ունի: Խորհրդային գաղութարարութիւնը համապարփակ եւ հանրապարտադիր սիստեմ մըն է: Խորհրդային գաղութարարութիւնը միայն տնտեսական շահագործում չէ, այլեւ ժողովուրդներու եւ ազգերու տեղափոխութեան սիստեմ մըն է, որուն միակ լծակը տնտեսական շահագործումն է:

Խորհրդային գաղութարարութեան բացայայտ միտումն է իր գաղութները բնակեցնել եւ լեցնել ռուս կամ ռուսացած ուքրանացիներով, պիելոռուսերով, սլաւական ռուսախօս զանազան ազգերով:

Օրինակ, ուզպեքները իրենց երկրին էջ 76 առ հարիւր էին 1926-ին, իսկ հիմա 58 առ հարիւր են: Թիւրքմենները 72 առ հարիւր էին, հիմա 56 առ հարիւր են: Տաճիկները 78 առ հարիւր էին, իսկ հիմա իջեր են 51-ի: Խըրխըզները 67 առ հարիւր էին, իսկ հիմա 40-ի իջեր են: Ղազախները 60 առ հարիւր էին, իսկ հիմա նուազեր են եւ եղեր` 28 առ հարիւր: Այս գաղութներու համեմատութիւնը նուազեր է ոչ միայն սլաւ ազգերու բնակութեան պատճառով, այլեւ բնիկներու այլուր տեղափոխութեան պատճառով: Խորհրդային գաղութարարութեան յատկանիշներէն մէկն ալ այն է, որ ռուս լեզուի ազդեցութիւնն ու գործածութիւնը այնքան տարածուած են, որ բնիկները, մանաւանդ անոնց վերջին երկու սերունդները արաբական տառերը չեն գիտեր, Ղուրանը չեն կրնար կարդալ, իսկ ռուսերէն Ղուրան գոյութիւն չունի:

Եւրոպացի այցելուներու վկայութեամբ, ազգային բարքերն ու սովորութիւններն ալ մոռցուած են, եւ բնիկները դիւրութեամբ կ՛որդեգրեն ռուսական բարքեր, որ գայթակղութիւն կը յարուցէ ալեւոր բնիկներու մէջ: Մէկ կամ երկու սերունդ ետք մեծամասնութիւնը պիտի ձուլուի, որովհետեւ սլաւ ազգերու հետ խառն ամուսնութիւնները բազմացած են:

Այս աղէտէն առ այժմ քիչ վնասուած են հայերն ու վրացիները: Բայց ո՛վ կրնայ եւ ինչո՞վ կարելի է երաշխաւորել, որ ռուսական ձուլումի յորձանքը նոյն թափով պիտի չհեղեղէ նաեւ Հայաստանն ու Վրաստանը քանի մը տասնեակ տարի ետք:

Մենք ազգային Դատ ունինք մասնաւորաբար երկու տարբեր երկիրներու մէջ: Մէկը Խ. Միութիւնն է, միւսը Թուրքիան է: Հողային պահանջներ ունինք թէ՛ մէկուն, թէ՛ միւսին մէջ: Այսպէս, մեր չորս գաւառները կը մնան դեռ բռնագրաւուած, իսկ մենք կը տառապինք հողի սակաւութենէ. մեր հարեւանները այս «տառապանք»-ը չունին:

Սակայն յուսահատ չենք. կը յուսանք եւ կը սպասենք, որ օր մը մեր իրաւունքները պիտի ըմբռնուին ու յարգուին, ինչպէս մենք լաւապէս ըմբռնած ենք եւ լիովին կը կատարենք մեր պարտականութիւնները: Կը գիտակցինք, որ 15 հանրապետութիւններու հզօր միութիւնը խաղաղութիւն բերած է մեր փոքրիկ ու մինուճար հայրենիքին: Խաղաղութիւնը մեծ բան մըն է անշուշտ, բայց ամէն բան չէ: Չհրաժարիլ մեր իրաւունքներէն… իրաւունք մըն է, զոր ոչ ոք կրնայ զլանալ մեզի:

Մենք առհաւօրէն սիրած ու մեծարած ենք միշտ ռուս բարեհոգի ժողովուրդը, նաեւ` ռուս երկիրը, որ իր հաշիւներն ու շահերը ունի եւ ամրօրէն կառչած է անոնց: Բայց անբնական չէ, որ մենք ալ ունենանք մեր հաշիւներն ու շահերը եւ նոյնպէս կառչած մնանք անոնց: Ինչո՞ւ այս «կառչում»-ը ներելի պիտի ըլլայ մէկուն, իսկ ներելի պիտի չըլլայ միւսին:

Թուրքիոյ մէջ մենք աւելի շատ իրաւունքներ ունինք, քան պարտականութիւններ: Մեր իրաւունքներուն մասին խօսող չկայ, բայց շատ կը սիրեն խօսիլ մեր պարտականութեանց մասին: Կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, թէ մենք իրաւունքներ բնաւ չունինք, պարտականութիւններ միայն ունինք:

Անցեալ տարի ՄԱԿ-ի Ընդհ. ժողովը որոշեց վերջ տալ ցեղային խտրութեան եւ պաշտօն յանձնեց քարտուղար Ու Թանի հարցնել անդամ երկիրներուն, թէ ի՛նչ միջոցներ ձեռք առած են ցեղային խտրականութեան դէմ:

Այս հարցումին պատասխանած է, ի միջի այլոց, նաեւ Թուրքիա` 1966 մայիս 4-ին, մասնաւոր տեղեկագրով մը, ուր ըսուած է, թէ թրքական սահմանադրութիւնը կը ջատագովէ «անխտրականութեան սկզբունքը»:

Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ մէջ ցեղային անխտրականութիւնը ապահովուած չէ որեւէ երաշխաւորութեամբ, ո՛չ սահմանադրութեան 12-րդ յօդուածով, ո՛չ ՄԱԿ-ին տրուած տեղեկագրով, ո՛չ ալ թուրքերէն թերթերու եւ պաշտօնական անձերու պաշտօնական կամ անպաշտօն յայտարարութիւններով:

Այսպէս, «անխտրական» սահմանադրութիւնը երբեք արգելք եղած չէ, որ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուին անխտրաբար եւ 6-700 հազար յոյներ` նո՛յնպէս անխտրաբար…

Իսմեթ Ինէօնիւի օրով յղացուած եւ գործադրուած ունեւորութեան տուրքը, 1955 սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերը Պոլսոյ մէջ նոյնպէ՞ս ցեղային անխտրականութեան արդիւնք են կամ պատճառ:

Դեռ տարի մը առաջ Թուրքիոյ նախորդ վարչապետը կը յայտարարէր ի յուշ յոյն եւ հայ վաթանտաշներուն. «Մի՛ մոռնաք սեպտեմբեր 6-7»-ը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աշխարհի Մարզական Ամէնէն Մեծ Տօնը Ռիոյի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?