Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրքը»
1966 – Ժգ. Տարի
Հրապարակի վրայ է եւ արդէն ընթերցասէր հասարակութեան սեփականութիւնը դարձած է խմբագիր-մտաւորական Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը», 1966, ԺԳ. տարի:
Նախորդներուն պէս, պատկառելի այս հատորը եւս, իր այլազան արժէքաւոր ու ճոխ բովանդակութեամբ մեծ հաճոյքով կարդացուող ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մըն է:
Ճաշակաւոր դասաւորումով մը Կարօ Գէորգեան 640 էջնոց այս գեղատիպ հատորը բաժնած է 2 մասերու:
Ընդհանուր գիծերու մէջ`
Ա. մաս.- «Մենք եւ մեր ընթերցողը» ենթախորագրին տակ, գրութիւններ ու հատուածներ մէջբերուած են 1965-ի «Ամէնուն տարեգիրքը»-ի մասին, ընթերցողներու, գրողներու եւ թերթերու կարծիքներէն ու գնահատութիւններէն:
Բ. մաս.- «Գրական աշխարհ»: Ներկայացուած են արձակ էջեր եւ բանաստեղծութիւններ Հայաստանի եւ արտասահմանի գրողներէն, ինչպէս նաեւ` անտիպ կամ մոռցուած էջեր:
Գ. մաս.- «Նշխարներ»: Ներկայացուած են անտիպ նամակներ մեծանուն դէմքերէ, կենսագրական նօթեր, ճշդումներ եւ այլն:
Դ. մաս.- «Հայ կեանքը երէկ եւ այսօր»: Նուիրուած է Աւետիս Ահարոնեանի եւ Մելիք Թանգեան սրբազանի ծննդեան հարիւրամեակներուն: Ներկայացուած են նաեւ հայ եւ օտար այլ դէմքերպ ու երեւոյթներ:
Ե. մաս.- «Արուեստի աշխարհ» Ներկայացուած են հայ եւ օտար արուեստագէտներու մասին շահեկան տեղեկութիւններ:
Զ. մաս.- «Հայաստան»: Ներկայացուած են Մեծ եղեռնի յիսնամեակը Հայաստանի մէջ եւ ժողովրդային ցոյցերը, ինչպէս նաեւ` այն նուաճումներն ու վերելքը, որ կատարած է հայրենի ժողովուրդը:
Է. մաս.- «Մեր գաղութները»: Ներկայացուած է Աւստրիոյ հայ գաղութը իր մօտաւոր անցեալով եւ ներկայով:
Ը. մաս.- «Սարէն-ձորէն»: Ներկայացուած են տնտեսական, քաղաքական, գիտական, լեզուական եւ այլ հետաքրքրական նիւթեր:
Թ. մաս.- «Երգիծանք – ծիծաղ»: Ներկայացուած են երգիծաբան Լեռ Կամսարի զուարթ էջերը եւ օտար երգիծաբաններէ գրութիւններ, ինչպէս նաեւ` ժամանցի յատուկ ինքնատիպ միտքեր ու սրամտութիւններ:
Ժ. մաս.- «Անցքերը անցեալ տարեշրջանին»: Ներկայացուած են 1965 մարտ 1-էն մինչեւ 20 յունուար 1966 տեղի ունեցած միջազգային քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` Մեծ եղեռնի յիսնամեակը գաղութէ գաղութ եւ հայ կեանքի, առաւելաբար լիբանանահայ գաղութի հետ կապուած այլ անցքեր:
ԺԱ. մաս.- «Մահագրութիւն»: Ներկայացուած են 1965-ին մահացած հայ եւ օտար մեծանուն դէմքերու ու ծանօթ ազգայիններու համառօտ կենսագրութիւնները:
ԺԲ. մաս.- «Այլեւայլք»: Ներկայացուած են եկեղեցական- ազգային տօները, խմբագրութեան ստացած գիրքերն ու թերթերը, նուիրատուութիւններ եւ յայտարարութիւններ:
Ու այս բոլորը, արժէքաւոր ձեռագիրներու նմուշներով, հեղինակներու ձեռագիր ստորագրութիւններով, հին ու նոր եւ հետաքրքրական նկարներու ճոխ պատկերազարդումով, ամբողջական ընթերցումի հաճելի գիրք մը դարձուծած են 1966-ի «Ամէնուն տարեգիրքը», ոեւէ ընթերցողի բաւարարութիւն տուող գիրք մը, ինչ նորութիւններու ու ճաշակի տէր ալ ըլլայ ան:
Արդարեւ, հայ մշակոյթի սպասարկու Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը»-ները, առանց կրկնութիւններու, մնայուն արժէքով եւ յաճախ կարդացուելիք, միշտ այժմէական, շահեկան ու հետաքրքրական նորութիւններով նիւթեր կը բովանդակեն:
Կարօ Գէորգեան ինչպէս միշտ, նախորդ տարեգիրքերը գերազանցելու մտահոգութեամբ, աւելի կատարեալին ու լաւագոյնին ձգտումով, յաճախ աննպաստ պայմաններու մէջ, բայց սիրով ու նուիրուածութեամբ, գաղութէ գաղութ շրջելով, պրպտումներ կատարելով, հին ձեռագիրներ վերծանելով, թանկագին նշխարներ փնտռելով, ձեռագիրներ լուսանկարելով յաջողած է սպառիչ աշխատանքով կատարել անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները:
Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը»-ները իրենց տեղեկատու բնոյթով մնայուն յիշատակարաններ են հայ կեանքի, հարազատ պատկերը` անոր բոլոր ուշագրաւ երեւոյթներուն, հայրենիքի ու սփիւռքի հայ իրականութեան անցեալի ու ներկայի իմացական, հոգեկան ու ազգային արժէքներով առլցուն:
Մեծարժէք գործ է «Ամէնուն տարեգիրքը» իր լրիւ շարքով, մանաւանդ` ապագայ պատմաբանին համար, որոնց մէջ ան պիտի գտնէ գաղութահայ իրականութեան դիմագիծը իր ամբողջական երեսներով: Առանց տարեգիրքերու` դժուար պիտի ըլլար հաղորդակից ըլլալ հայ կեանքին:
Ամէն գնահատանքի արժանի, խստապահանջ եւ ճաշակի տէր Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը»-ները, իրենց խնամքով ու բծախնդիր դասաւորումի հոգածութեամբ, նկարներու ընտրութեամբ եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ իբրեւ արուեստի ներկայացում եւ գեղարուեստական հրատարակութիւն, առաւել` իրենց ճոխ, այլազան ու արժէքաւոր բովանդակութեամբ, դարձած են մտաւորականին, գրականութեան եւ գեղարուեստի այլազան ճիւղերով զբաղողին եւ ընթերցասէր հասարակութեան անհրաժեշտ պահանջը: Անոնց լայն սպառումը լաւագոյն վկայութիւնն է այդ պահանջին:
ՀՐԱԶԴԱՆ