Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 1, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս Տարուան Տարօրինակ Ամառը Սաստիկ Տաք Եւ Տեղատարափ Անձրեւ

Այս տարուան ամառը շատ տարօրինակ է ամբողջ աշխարհին վրայ: Միջերկրականը կ՛այրի տաքէն, եւ հիւսիսային Եւրոպան աննախընթաց անձրեւներու եւ փոթորիկներու ականատես կ՛ըլլայ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ տօթը հարիւրաւոր զոհեր խլած է: Նոյն տօթը կը տիրէ նաեւ Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ:

Հակառակ օդի փոփոխութիւնները նախատեսելու կատարելագործուած միջոցներուն, ուրիշ առիթով երբեք օդերեւութաբանները բնութեան այս տեսակ քմայքներուն առջեւ չէին գտնուած:

Տոքթ. Գ. Պիլլինկս սարսափելի տաքը հանրային առողջութեան համար կը նկատէ ահաւոր պատուհաս մը, եւ կը շեշտէ, որ հոն, ուր չափազանց տաք կ՛ընէ, աւելի մեծ թիւով մահեր կ՛արձանագրուին:

Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ այս տարի ժողովուրդը տաքէն կը տառապի: Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ օդը այնքան մառախլապատ է, եւ մթնոլորտը այնքան տաք, որ շատեր չեն կրնար շնչել:

Սէնթ Լուիզի մէջ առնուազն հարիւր հոգի մեռած է, իսկ Շիքակոյի արիւնալի դէպքերուն պատճառը կը նկատուի սաստիկ տաքը: Ամերիկեան սպասարկութիւնները կ՛ենթադրեն, թէ մահերու թիւը այս ամսուան ընթացքին շատ աւելի պիտի ըլլայ:

Ամերիկացի բժիշկներ կ՛ըսեն, թէ տաքէն յառաջ եկող մեծագոյն վտանգը, համաճարակ հիւանդութիւններն են: Այս պատճառով ալ անհրաժեշտ է բացառիկ միջոցներու ձեռնարկել: Անոնք, որոնք 65 տարեկանը անցած են, պէտք է հետեւին բժիշկներու խորհուրդին: Մանաւանդ անոնք, որոնք սրտի հիւանդութիւններէ կը տառապին:

Չափազանց տաքը ջղային կեդրոնական դրութիւնը կը գրգռէ, եւ մասնաւորաբար անհանգստացուցիչ կը դառնայ ջղային մարդոց համար: Շատ կը տառապին նաեւ պզտիկները, մանաւանդ անոնք, որոնք կանխահաս ծնունդ են:

Ծայրայեղ տաքին մասին տոքթ. Նորման յայտարարած է, թէ «սաստիկ տաքը տարիքոտներուն մօտ արեան շրջանառութեան եւ շնչառական դրութեան տկարացում յառաջ կը բերէ: Որպէսզի մարմինը կարենայ լաւ շնչել, սիրտը պէտք է աւելի շատ արիւն ուղարկէ դէպի մորթը:

«Աւելի ընդհանրացնելով, սաստիկ տաքը սրտին աշխատութիւնը կը դժուարացնէ եւ շնչառութիւնը աւելի խորունկ կը դարձնէ, մարդ կը կարծէ, թէ ծանրութիւն մը կայ թոքերուն վրայ»:

Հաստատուած է նաեւ, թէ սաստիկ տաքը մարմնին մէջ գտնուող քիմիական նիւթերու փոփոխութեան ընթացքը կը փութացնէ եւ աղերու կորուստով մանաւանդ մարմնին քիմիական բաղադրութիւնը կը վատթարացնէ:

Այս բոլորին հետեւանքը կ՛ըլլայ այն տկարացումը, որ կը զգացուի անդամներու ծանրացումով եւ աշխատանքէ խուսափելու տրամադրութեամբ:

Սրտի տկարութենէ տառապող մարդոց համար ծայրայեղ տաքը տագնապ (քրիզ) կը պատճառէ:

Տոքթ. Էնտիլման կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ գոց վայրերու մէջ աշխատելու վարժուած մարդիկ պէտք է խուսափին արեւուն տակ պտտելէ, որովհետեւ, այս անմիջական փոփոխութիւնը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ:

Թարգմ. Ն. Ա.

 

1000 Հոգի Փոխադրող Օդանաւեր Պիտի Պատրաստուին

Գերարձագանգային Առաջին Մարդատար Օդանաւը Գործածութեան Պիտի Դրուի 1970-Ին

Մեծ յեղաշրջում մը տեղի կ՛ունենայ օդանաւերու շինութեան յատուկ գործատուններուն մէջ, ուր մասնագէտներ, գիտնականներ եւ փորձագէտներ շինութեան յատակագիծերը կը պատրաստեն հսկայական օդանաւերու, որոնք պիտի զարմացնեն մարդկութիւնը:

Երեքէն հինգ տարիներու ընթացքին գոյութիւն պիտի ունենան 500-1000 հոգի փոխադրող օդանաւեր, որոնք պիտի սուրան ժամական 1800 մղոն արագութեամբ, այսինքն, այսօրուան օդանաւերէն երեք անգամ աւելի արագ:

«Օդանաւաշինութեան» մէջ տեղի ունեցող այս յեղաշրջումը որոշ հարցեր կը ստեղծէ: Ի՞նչ պէտք է ըլլան այս «Մամութ» օդանաւերը: Աւելի ապահով եւ աւելի հանգստաւէ՞տ պիտի ըլլան, պիտի նուազի՞ն երթեւեկութեան ծախսերը:

Փորձագէտները հետեւեալ տեսակէտը կը պաշտպանեն:

Հետզհետէ աւելի շատ մարդիկ կ՛ուզեն օդանաւով ճամբորդել: Այս պահանջին գոհացում տալու համար անհրաժեշտ է, որ մեր տրամադրութեան տակ ունենանք աւելի մեծ թիւով եւ ներկայիս գոյութիւն ունեցողներէն շատ աւելի մեծ օդանաւեր:

1950-էն ասդին, օդային ճամբով ճամբորդողներուն թիւը եօթնապատիկ աւելցած է: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին այդ թիւը կրկնապատկուի: Հետեւաբար նոր օդանաւեր պէտք է շինուին:

Օդային երթեւեկութեան ընկերութիւնները շարունակ նոր ապսպրանքներ կու տան պահանջը դիմագրաւելու համար: Գործատունները անդադար կ՛աշխատին, սակայն չեն կրնար գոհացում տալ բոլոր ապսպրանքներուն:

Ամերիկայի մէջ օդանաւ շինող երեք մեծ ձեռնարկութիւններ կան` «Պոյինկ», «Տակլաս» եւ «Լոքհիտ», որոնք հսկայական օդանաւեր կը շինեն վաղուան երթեւեկութեան համար:

«Պոյինկ»-ի ներկայացուցիչը յայտարարած է, թէ ընկերութիւնը նոր տեսակի օդանաւ մը պիտի շինէ «Պոյինկ 747», որ պիտի կրնայ 490 յաճախորդ փոխադրել եւ գործածութեան պիտի դրուի 1969-ին: Այս օդանաւը պիտի ունենայ պերճաշուք նստարաններ, որոնք մահճակալի վերածուելու կարելիութիւնը պիտի ունենան:

«Տակլաս» ընկերութիւնը կը շինէ 550 աթոռով հոյակապ օդանաւ մը, որ պիտի սուրայ ժամական 600 մղոն արագութեամբ: Իսկ «Լոքհիտ» ընկերութիւնը կը շինէ աւելի մեծ, 750-900 տեղնոց օդանաւ մը:

Ամերիկեան կառավարութիւնը այս տարի պիտի որոշէ, թէ օդանաւ շինող ո՞ր ընկերութիւնը պիտի պատրաստէ գերարձագանգային առաջին մարդատար օդանաւը:

Մօտաւորապէս 30 միլիոն տոլար ծախս կը նախատեսուի այս օդանաւին շինութեան համար, որ գործածութեան պիտի դրուի 1970-ին: Այս գումարին 75 առ հարիւրը պիտի տրամադրէ ամերիկեան կառավարութիւնը:

Փորձագէտներն ու մասնագէտները կը շարունակեն իրենց աշխատանքները շինելու համար աւելի կատարելագործուած օդանաւեր, որոնք պիտի ունենան գերարձագանգային արագութիւն:

Գերարձագանգային օդանաւը Փարիզ-Նիւ Եորք միջոցը պիտի կատարէ հինգ ժամէն, Նիւ Եորք – Թոքիօ միջոցը` վեցուկէս ժամէն, Հնդկաստան-Նիւ Եորք միջոցը` չորսուկէս ժամէն եւ Փարիզ-Թեհրան միջոցը չորսուկէս ժամէն:

1985-ին պիտի կարենանք 317 միլիոն ճամբորդներ փոխադրել, կ՛ըսեն ամերիկեան օդանաւային երթեւեկութեան ընկերութիւններու ներկայացուցիչները:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?