Խմբագրական
Խռովայոյզ Թուրքիան
Վերստին ծայր տուած է ներկուսակցական ծայրայեղ պայքարը Թուրքիոյ մէջ: Խորհրդարանը խառնարանի վերածուած է, ուր երեսփոխանները անլուր լուտանքներ կը թափեն իրարու հասցէին, եւ զանազան հարցերու շուրջ վիճաբանութիւնները յաճախ կռիւով կը վերջանան երեսփոխաններուն միջեւ:
Փաստօրէն Թուրքիա երեք հիմնական տագնապներէ կը տառապի.
Ա.- Քաղաքական,
Բ.- Տնտեսական,
Գ.- Ընկերային:
Քաղաքական ճակատի վրայ Թուրքիա կը փորձէ յարմարիլ միջազգային քաղաքական կեանքի բնաշրջումին եւ քայլ պահել Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութեանց զարգացման հետ:
Առանձնապէս Հալք կուսակցութիւնը (ընդդիմադիր), Իսմեթ Ինէօնիւի գլխաւորութեամբ, հետամուտ է թեթեւցնելու Արեւմուտքի տիրական ազդեցութիւնը Թուրքիոյ մէջ, մասնաւորաբար` արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ եւ աւելի ուրոյն ուղեգիծի մը հետեւիլ, թօթափելով մանաւանդ ամերիկեան թեւարկութիւնն ու քաղաքական ազդեցութիւնը:
Կը փորձէ լուծել նաեւ ընկերային տագնապը` գլխաւորաբար հողային բարեկարգութեան միջոցով, իսկ երկրի ճարտարարուեստականացման մարզին մէջ` պետական հակակշիռը զօրացնելու ու ծաւալելու գծով:
«Ատալեթ» կուսակցութիւնը, որ, իբրեւ Դեմոկրատ կուսակցութեան ժառանգորդ, իշխանութիւնը ձեռք առաւ` խորհրդարանական վերջին ընտրութեանց մէջ ջախջախիչ յաղթանակ մը ապահովելով, ամէն մարզի մէջ կ՛ընդդիմանայ Հալքի եւ աւելի արեւմտասէր, չըսելու համար գլխաւորաբար ամերիկասէր քաղաքականութիւն մը կը վարէ:
«Ատալեթ» կը կռթնի գլխաւորաբար երկրի գիւղացիական զանգուածներուն, աւատապետներուն եւ յետադիմական տարրերուն: Հողային բարեկարգութիւնը հիմնական դարման չի նկատեր երկրի ընկերային ու տնտեսական տագնապին համար, ուժ կու տայ երկրի ճարտարարուեստականացման, օտար դրամագլուխի շահարկման եւ համեմատաբար ազատ ձեռնարկութեան եւ տնտեսական աւելի ազատական դրութեան կիրարկման:
Երկրին մէջ լայն համեմատութիւններով կը զարգանայ նաեւ ձախակողմեան շարժում մը` ընկերվարութեան պիտակին տակ, բայց փաստօրէն ենթակայ` աւելի խորհրդային համայնավարութեան ազդեցութեան:
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ մայիս 27-ի շարժումը ձախողեցաւ հիմնովին: Բանակը չյաջողեցաւ իր հիմնական առաջադրութեանց մէջ եւ աստիճանաբար իր ազդեցութիւնը կը կորսնցնէ երկրի քաղաքական ղեկավարութեան վրայ:
Միւս կողմէ, երկիրը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը մխրճուի տնտեսական իր քրոնիկ տագնապին մէջ: Արտաքին պարտքերը յարաճուն թափով կ՛աւելնան, կը բարդուին: Եւ հակառակ տնտեսական արտաքին առատաձեռն օժանդակութեանց, յատկապէս` Մ. Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Խ. Միութեան բացած լայն վարկերուն, զգալի որեւէ յառաջդիմութիւն տեղի չ՛ունենար:
Տասնեակ հազարաւոր գիւղեր միջնադարեան պայմաններու եւ խաւարի մէջ կ՛ապրին: Ժողովուրդը, իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, թշուառութեան մէջ կը տուայտի, իսկ կուսակցութիւնները զբաղած են աւելի իրարու միս ուտելով, քան` երկրի տնտեսական ու ընկերային վերականգնումի գործով:
Վերջին քառասուն տարիներուն շօշափելի ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Համատարած թշուառութիւն եւ տգիտութիւն կը տիրեն մասնաւորաբար արեւելեան նահանգներուն մէջ, ուր բնակչութիւնը աստիճանաբար կը նօսրանայ, եւ ամայութիւն է գրեթէ ամէնուրեք:
Քաղաքական կուսակցութիւնները ատելավառ պայքարի մէջ են ոչ միայն իրարու դէմ, այլեւ` իրենք իրենց մէջ: Ներքին ծանրակշիռ տագնապի շրջան մը կը բոլորէ մասնաւորաբար Հալք կուսակցութիւնը:
Ժողովուրդ եւ ղեկավարութիւն, ըստ երեւոյթին, իրարու լեզու չեն խօսիր: Բանակը եւս խռոված եւ մէկ կողմ քաշուած է, թէեւ ուշի ուշով կը հետեւի քաղաքական կուսակցութեանց գործունէութեան ու դաւալից պայքարներուն` իշխանութեան տիրանալու նպատակով:
Բովանդակ երկիրը, ինչպէս կը տեսնէք, մատնուած է բազմակողմանի տագնապի մը, որուն դարմանը ոչ միայն չի գտնուիր տասնամեակներէ ի վեր, այլեւ, ընդհակառակն, հետզհետէ աւելի կը խորանայ ու կը բարդանայ:
Եւրոպայի «հիւանդ մարդը» դարձած` այժմ եղած է աշխարհի հիւանդ երկիրը: Եւ յայտնապէս` անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող երկիրը:
