Հայ Կեանք
Ազրպէյճանի Մէջ Լոյս Կը Տեսնեն Հայերէն Ինը Թերթեր
Ազրպէյճանի մէջ լոյս կը տեսնեն հայերէն ինը թերթեր, «Կոմունիստ»` հանրապետական օրաթերթը, «Սովետական Ղարաբաղ»` մարզային օրաթերթը, «Բարեկամութիւն»` Ղարաբաղի մարզի Մարտակերտի շրջանին մէջ, «Աշխատանք»` Ղարաբաղի մարզի Մարտունի շրջանին մէջ, «Լենինեան ուղիով»` Խանլարի շրջանին մէջ, «Շամխոր»` Շամխորի շրջանին մէջ, «Դաշքեսան»` Դաշքեսանի շրջանին մէջ եւ «Նոր ուղի»` Շահումեանի շրջանին մէջ:
Վրաստանի Մէջ Լոյս Կը Տեսնեն Հայերէն Երեք Թերթեր
Վրաստանի մէջ լոյս կը տեսնեն հայերէն երեք թերթեր: Թիֆլիսի մէջ «Սովետական Վրաստան» հանրապետական թերթը: Ախալքալաքի մէջ «Փարոս» շրջանային թերթը եւ Պոկտանովկայի մէջ «Արշալոյս» շրջանային թերթը:
Թիֆլիսի մէջ լոյս կը տեսնէ նաեւ «Ծիթելի դրօշա» («Կարմիր դրօշ») թերթը, որուն մէկ էջը կը տպագրուի հայերէն:
Հայ Նոր Ակադեմիկոսներ
ՍՍՀՄ Գիտութիւններու ակադեմիայի Ընդհանուր ժողովը ընտրած է 46 նոր ակադեմիկոս եւ 78 թղթակից անդամ:
Այդ բարձր կոչման արժանացողներու թիւին մէջ կան 4 հայ դէմքեր: Անոնցմէ մէկը` Տիգրան Խաչատուրով, ակադեմիկոս ընտրուած է տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն:
Թղթակից անդամ ընտրուած են Նիկոլայ Ենիկոլոպեան` ընդհանուր եւ արհեստագիտական քիմիայի բաժանմունքի գիծով, Ռ. Համբարձումեան` անօրկանական նիւթերու ֆիզիքա-քիմիայի եւ արհեստագիտային բաժանմունքի գիծով եւ Արմէն Թախտաջեան` ընդհանուր կենսաբանութեան բաժանմունքէն:
Լեռնային Ղարաբաղ
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կան քառասունէ աւելի հիւանդանոց եւ 118 բուժտեղամաս: Ունի 205 բժիշկ եւ 1211 միջին բուժաշխատող:
Ղարաբաղը երկարակեցութեամբ առաջին տեղը կը գրաւէ աշխարհի մէջ: Ղարաբաղցիի կեանքի միջին տեւողութիւնը կը կազմէ 74 տարի:
Այս տարի Լեռնային Ղարաբաղի հայկական 50 միջնակարգ դպրոցներէն շրջանաւարտ ելան 3 հազար երկսեռ ուսանող:
Աբխազիոյ Մէջ
Աբխազիոյ Կուլրիփշի շրջանի Շահումեանովկա գիւղին մէջ շահագործման յանձնուած է հայկական միջնակարգ դպրոցի նորակառոյց շէնքը:
Երգչուհի Արեւ Բաղդասարեան Վրաստանի Մէջ
Վերջերս վրացական ՍՍՀ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Պոկտանովկայի շրջաններուն մէջ համերգներով հանդէս եկած է Հայ ֆիլհարմոնիայի մենակատար, ժողովրդական արուեստագիտուհի Արեւ Բաղդասարեան:
Մեսխեթ-Ջավախեթի շրջանին մէջ քսան օր հիւրընկալուելէ ետք հայ արուեստագիտուհին մեկնած է Աբխազիոյ հայաբնակ վայրերը:
Մեր Պատմական Յուշարձանները
Աղուդիի Մահարձանը
Սիսեանի շրջանի Աղուդի գիւղին մօտ կը բարձրանայ հոյակապ մահարձան մը, որ կառուցուած է 6-րդ դարու վերջերուն կամ 7-րդ դարու սկիզբներուն:
Իշխանանիստ գիւղ եղած է Աղուդին: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ պարսիկներու մարզպանը իր մօտ կը կանչէ Սիւնեաց երեք իշխանները` նպատակ ունենալով ձերբակալել զանոնք: Սակայն հայ իշխանները կը նախազգան մարզպանին մտադրութիւնը եւ կը մերժեն:
Մարզպանը մեծաթիւ զօրքով կը հասնի Աղուդի: Հայերը կը յաղթեն, բայց կռուի ընթացքին զոհ կ՛երթան երեք հայ իշխանները:
Աղուդցիները կը կառուցեն գեղեցիկ դամբարանատուն մը, ուր կ՛ամփոփուին հայրենասէր իշխաններուն աճիւնները: Սակայն անոնց փառքը յաւերժացնելու համար գետնափոր դամբարանատունը ճոքր կ՛երեւի աղուդցիներու աչքին:
Հողը կրնայ ծածկել դամբարանատունը, կը մտածեն անոնք, իսկ հայրենի երկրի համար զոհուածներու յիշատակը պէտք է հասցնել սերունդներուն:
Եւ դամբարանատան վրայ կը կառուցուի երկյարկ, աշտարակաձեւ մահարձան մը: Երկրորդ յարկի երեք գեղեցիկ կամարները կը խորհրդանշէին այն, որ դամբարանատան մէջ թաղուած է երեք մարդ:
Հետագային մահարձանի երկրորդ յարկի կամարները փուլ կու գան, եւ կը մնան միայն կողասիւները: Բայց այդ վիճակին մէջ ալ Աղուդիի մահարձանը սքանչելի է: Ան հին հայկական ճարտարապետութեան բարձրարժէք կոթողներէն է:
Սիւնեաց հայրենասէր իշխաններուն անունները չեն գրուած կոթողին վրայ: Ճիշդ է, անցորդը այսօր կրնայ մահարձանին վրայ կարդալ քանի մը տողեր` շրջակայքի մէջ կատարուած շինարարութեան մասին: Սակայն այդ տողերը քանդակուած են հետագային եւ նշանաւոր դամբարանատան հետ առնչութիւն չունին:
«Հայրենիքի Ձայն»